«Հայ Դատի աշխատանքները անդուլ կերպով պիտի շարունակենք, որպէսզի Արցախի հարցը մշտական քննարկումի առարկայ ըլլայ Գանատայի քաղաքական բեմին վրայ». Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի հետ

Հ.- Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք անցնող տարուան ընթացքին մեր գաղութի կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը:
Խ.Տ.- 2023-ին ընդհանրապէս գաղութը եւ մեր կազմակերպութիւնները որոշ լճացած վիճակի մէջ էին. Արցախի պատերազմին հետեւանքները եւ թագաժահրի ազդեցութիւնը մեծապէս զգալի էին: Մեր նպատակն էր այս անցնող տարուան ընթացքին վերաշխուժացնել մեր աշխատանքները, թէ՛ կուսակցական մեր կառոյցներու պարագային, թէ՛ Հայ Դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ համայն գաղութի ուղեկից միութիւններուն, եկեղեցիներուն, մեր կեդրոններուն, երիտասարդականի եւ պատանեկանի գործունէութեանց պարագային: Հետեւաբար աշխատանք տարինք, որ այդ սառած վիճակէն դուրս գանք, վերաշխուժանանք, եւ մեր կառոյցները կենսաւորենք: Կրնամ ըսել, որ այդ աշխատանքին արդիւնքը քաղեցինք անցնող տարուան ընթացքին, սակայն մեզի համար բաւարար չէ, մենք տակաւին յաւելեալ աշխատանք տանելու կարիքը ունինք, որպէսզի առաւել եւս վերակենդանանայ մեր գաղութը իր բոլոր հիմնարկներով:

Հ.- 2023 թուականի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան։ Այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ իրագործած է դեսպանատունը։
Խ.Տ.- Նախ ըսեմ, որ դեսպանատան բացումը ինքնին մեծ իրագործում մըն էր. մենք կը դիտարկենք զայն որպէս նոր քայլ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին մէջ: Մեր գործակցութիւնը այս պարագային բացումէն ետք եղած է գանատական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը առաջնահերթ ըլլան իրենց սեղաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ Արցախի մեր ժողովուրդին իրաւունքները, հողային պահանջքներն ու վերադարձի իրաւունքը:

Բացումէն ետք հինգ տարբեր առիթներով մենք հանդիպումներ ունեցած ենք Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպան Անտրու Թըրնըրի հետ: Անկախ անկէ մենք քաղաքական տարբեր դէմքերու հետ եւս հանդիպումներ ունեցած ենք, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հարցերով: Յատուկ աշխատանք տարած ենք Գանատայի պետութեան մօտ, որ իր 2024-ի տարեկան մարդասիրական նպաստը Հայաստանի մէջ հիմնականօրէն տրամադրուի Սիւնիքի մարզի մեր հայրենակիցներուն, նկատի ունենալով այդ շրջանին դէմ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւնները:

Կ’ուզեմ շեշտել, որ նման աշխատանքներ անդուլ են, յարատեւութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար, որպէսզի Գանատան մնայուն կերպով աջակից ըլլայ Հայաստանի՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, ինչպէս նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: Դեսպանատան բացումը, ինչպէս ըսի, մեծ իրագործում էր եւ տարիներու վրայ երկարող հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ անով, պէտք է շարունակենք մեր համագործակցութիւնը, բոլոր ոլորտներէն ներս:

Հ.- ՀՅԴ Գանատայի կառոյցն ու կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններն ու միութիւնները արցախահայութեան աջակցութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ մշակեցին անցնող տարուան ընթացքին։
Խ.Տ.- Այս տարուան սկիզբը ՀՕՄ-ի միջոցաւ մեր ուղեկից միութիւնները մղեցինք, որ միասնաբար դրամահաւաք կազմակերպեն, անմիջական օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախի մեր ժողովուրդին, հոգալով անոնց կենսական պէտքերը, որովհետեւ երկար շրջափակումէ, պատերազմէ եւ բռնագաղթի ենթարկուելէ ետք, մօտ 120 հազար արցախցի Հայաստանի մէջ որոշ չափով ձգուած էին իրենց ճակատագրին: Մենք շուտով գործի լծուեցանք, որ մեր ժողովուրդը անտէր չմնայ, եւ կարենանք գէթ իրենց հիմնական պէտքերը հոգալ:

ՀՕՄ-ի միջոցաւ անշուշտ եւ յարակից մեր միութիւններուն մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Գանատայի տարածքին մեր կոմիտէութիւններուն եւ կազմերուն աջակցութեամբ, յաջողեցանք 500 հազարէն աւելի գումար հանգանակել եւ ուղարկել, որով ապահովուեցաւ ուտսետեղէն, դեղորայք եւ բնակարան տեղահանուած մեր ժողովուրդին:

Ասոր կողքին Հայ Դատի աշխատանքներուն ծիրէն ներս մենք շարունակեցինք մեր աշխտանքը, որ քաղաքական ոլորտէն ներս տեւական քննարկումի առարկայ դառնայ Արցախի հարցը, ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան իրագործած ցեղասպանական արարքները: Կարելի է ըսել, որ Հայ Դատի այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը իր դրական արդիւնքը տուաւ, որովհետեւ Գանատայի կառավարութիւնը այն սակաւաթիւ կառավարութիւններէն է, որ տակաւին կը խօսի Արցախի ինքնորոշման եւ ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին մասին: Այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի յարատեւ արծարծումով հարցը իր արդար ու վերջնական լուծումին հասնի:

Հ.- ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական շարքերը ի՞նչ ծրագիրներ իրագործեցին 2024 թուականին։
Խ.Տ.- Սկսինք երիտասարդականով. շատ կարեւոր դեր կը խաղայ երիտասարդութիւնը գաղութի վերաշխուժացման առնչութեամբ, հետեւաբար ես կոչ կ’ուղղեմ ընդհանուր առմամբ մեր երիտասարդութեան, որ մաս կազմեն մեր միութիւններուն, մեր կազմակերպութիւններուն, մեր կառոյցներուն՝ կուսակցական, մարզական, սկաուտական, եկեղեցական, մարդասիրական եւ մշակութային՝ ըստ իրենց նախասիրութիւններուն: Ես կը հասկնամ, որ այսօրուան կեանքի հեւքը կը սպառէ մեր երիտասարդներուն առօրեան՝ աշխատանքի եւ ուսումի բերումով, բայց ես կոչ կ’ուղղեմ իրենց, որ յաւելեալ ճիգ թափեն եւ ժամանակ տրամադրեն իրենց գաղութին ծառայութեան, երիտասարդական մեր կազմակերպութիւններուն, մեր յարակից միութիւններուն՝ ՀՄԸՄ-ին, ՀՕՄ-ին եւ Համազգայինին, որովհետեւ մեր կառոյցները կարիքը ունին, իրենց ներուժին, իրենց նորարարական գաղափարներուն եւ իրենց տեսակէտներուն: Մենք ալ մեր կարգին իրենց տեղ պէտք է տանք ու քաջալերենք զիրենք:

Ըսեմ, որ մեր երիտասարդականը իր եռանդուն աշխատանքը շարունակեց այս տարի եւս: Քանի մը օրինակ յիշելու համար ըսեմ, որ մեր երիտասարդականը ամէն տարի ամրան Լոռիի մարզին մէջ կը կազմակերպէ Վանաձորի ճամբարը տեղացի պատանիներուն համար: Թագաժահրէն ետք ստիպուած էինք դադրեցնել, սակայն անցնող ամրան վերսկսաւ այս նախաձեռնութիւնը, եւ շուրջ 200 պատանի երկու շաբթուան ընթացքին, մեր երիտասարդականի վարիչներուն կազմակերպութեամբ, ստացան ազգային դաստիարակութիւն: Այս նախաձեռնութիւնը ԳԵՄ-ի մեր անդամներուն համար կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ իսկական կապ կը ստեղծէ մեր երիտասարդներուն եւ մեր հայրենիքին միջեւ, նաեւ Վանաձորի եւ շրջակայքի պատանիներուն համար օգտաշատ է, որովհետեւ իրենց առօրեայէն դուրս բերելով զիրենք, ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանալու առիթ կ’ընծայէ: Այս ճամբարը կրկին հերթականօրէն տարեկան դրութեամբ պիտի շարունակուի:

Երկրորդ օրինակ մը տալու համար յիշեմ Ապրիլ 24-ի քայլարշաւն ու ցոյցը թրքական դեսպանատան դիմաց, որ կը կազմակերպուի ԳԵՄ-ին կողմէ: Քայլարշաւի լոզունգներու պաստառներն ու ձեռնարկի յայտագիրը լաւապէս կազմակերպուած էր՝ իրենց պահանջատիրական խօսքերով եւ հայրենասիրական երգերով:

Գալով Պատանեկան միութեան եւ Ընդհանուր Վարիչ մարմինին (ԸՎՄ), անոնք եւս բեղուն գործունէութիւն ծաւալեցին այս տարի: Տեղի ունեցաւ վարիչներու վերաորակաւորման սեմինար, որուն ընթացքին կրցանք մեր պատանիներուն յատուկ դաստիարակութիւն տալ՝ ղեկավար ըլլալու մօտեցումներն ու անհրաժեշտ գիտելիքները փոխանցելով իրենց: Նման միջոցառումներ նպատակաուղղուած դաստիարակչական ծրագիր կ’իրականացնեն ԸՎՄ-ի կազմակերպութեամբ: Պատանեկանի Համագանատական տարեկան սեմինարին եւս 150-էն աւելի մասնակիցներ կային Գանատայի ամբողջ տարածքէն, որուն ընթացքին դարձեալ մեր պատանիները Հայ Դատի վերաբերեալ եւ մեր պատմութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ ունեցան:

Այս տարի մեր շրջանը հիւրընկալեց Տարածաշրջանային Պատանեկան Առաջին Խորհրդաժողովը. պատանիներ Գանատայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներէն եւ Աւստրալիայէն մասնակցեցան սոյն խորհրդաժողովին, որուն ամբողջական կազմակերպութիւնը ստանձնած էր Գանատայի ԸՎՄ-ը: Այս մէկը աննախընթաց էր մեր շրջանին համար, նաեւ ցուցանիշ է մեր Պատանեկան կառյոցի առոյգութեան եւ աշխուժութեան:
Ուսանողականին վերաբերեալ անոնք յաջորդ տարեշրջանին համար վերսկսած են իրենց ծրագրային աշխատանքները, որպէսզի յառաջիկային համալսարանական ոլորտներէն ներս մեր ձայնն ու մեր քարոզչութիւնը լսելի դարձնեն:

Հ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ պատնէշի վրայ է եւ իր յանձնառութեան հաւատարիմ յառաջ կը տանի իր առաքելութիւնը։ Ինչպիսի՞ տարի մը բոլորեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Խ.Տ.- Բաւական զբաղ եւ ծանրակշիռ տարի մըն էր Հայ Դատի յանձնախումբին համար. աշխատանքները հիմնականօրէն տարբեր ոլորտներ կը պարփակէին՝ Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ծաւալում, որպէսզի Գանատան յանձնառու ըլլայ առաւելագոյնս օժանդակելու Հայաստանի: Կրնամ ըսել, որ որոշ չափով յաջողեցանք՝ Գանատայի կառավարութեան նիւթական օժանդակութիւնը ապահովելով:

Ներգաղութային գործունէութեան առումով Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի մէջ ժողովրդահաւաքներ կազմակերպեց, Մարտ ամսուան ընթացքին, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ, որոնց ընթացքին մեր գործավարը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները: Նշեալ հաւաքներուն մեր ժողովուրդը առիթ ունեցաւ նաեւ բաժնելու իր մտահոգութիւնները եւ տեսակէտներ փոխանցելու: Այսպիսով մենք կը փորձենք Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները ներկայացնել մեր գաղութին, որպէսզի իրազեկ ըլլան եւ քաջալերեն ու աջակցին մեր գործունէութեան:

Արցախի հարցով յանձնախումբը գանատական բոլոր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ կ’ունենայ, որպէսզի քաղաքական ոլորտէն ներս միշտ առկայ ըլլայ Արցախի մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն վերատիրանալու հարցը եւ հողային պահանջքները:
Մենք յաջողեցանք նաեւ մամլոյ ասուլիս կազմակերպել, երբ Ատրպէյճան հիւրընկալեց COP-29 միջոցառումը: Հայ Դատի մեր գործավարը հրապարակաւ եւ մամլոյ ասուլիսով իրազեկ դարձուց Գանատայի հանրային կարծիքը, թէ կառավարութիւն մը, որ ցեղասպանութիւն կ’իրագործէ եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներ կ’ընէ, ինչպէ՞ս կրնայ հիւրընկալել նման միջոցառում մը: Մամլոյ արձագանգը բաւական գոհացուցիչ էր այս առնչութեամբ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ կը շարունակուին մեր աշխատանքները, որպէսզի ինչ որ առ այսօր իրագործած ենք Գանատայի մէջ կարենանք ամրապնդել եւ մոռացութեան չտալ մեր պահանջատիրութիւնը թուրք իշխանութիւններէն: Մենք ոչ միայն ցեղասպանութեան ընդունումը կը պահանջենք, այլ մեզի համար կարեւոր է նաեւ հատուցումը: Դժբախտաբար Հայաստանի ներկայ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան պատճառաւ այս աշխատանքը թէպէտ աւելի դժուար է, բայց շատ աւելի կարեւոր է, որ Սփիւռքի մէջ մենք այդ ձայնը բարձրացնենք եւ մնանք պահանջատէր:

Այս ծիրէն ներս Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկները իրականացուցինք եւ առաջին անգամ ըլլալով Մայիս 1-ին կազմակերպեցինք քաղաքական հաւաք, որուն 70-էն աւելի քաղաքական դէմքեր եւ դեսպաններ ներկայ գտնուեցան Օթթաուայի Խորհրդարանին մէջ: Գանատայի բոլոր կուսակցութիւններէն եւ օտար երկիրներու դեսպաններ ներկայ էին, ուր մենք դարձեալ մեր պատգամը փոխանցեցինք եւ մեր հողային պահանջքները շեշտելով հարցը կրկին անգամ արծարծեցինք:

Այս ծիրէն ներս Հայ Դատի աշխատանքները անդուլ կերպով պիտի շարունակենք եւ առիթը ստեղծենք, որ մեր համայն գաղութը մասնակից ըլլայ մեր աշխատանքներուն:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.