Մխիթարեան միաբանութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնած վկաներու հսկումի շաբթուան, ներկայացնելով Արցախի եւ արցախցիներու իրավիճակը

22 Նոյեմբերին իր աւարտին կը հասնէր «կարմիր շաբաթ»ը՝ նուիրուած աշխարհիս հալածուած քրիստոնեաներուն, որուն ընթացքին տեղի ունեցան աղօթական հսկումներ, ցուցահանդէսներ եւ կարմիրով լուսաւորուեցան կառոյցներ, որոնցմէ նշենք Փարիզի Notre Dame Աստուածամօր Տաճարը, Լուրտի ուխտատեղին, Սպանիոյ մէջ Sagrada Familia «Սուրբ Ընտանիք» տաճարը: «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը աշխարհով մէկ հազարաւոր քրիստոնեաներ համախմբեց, զանոնք աղօթքի հրաւիրելով, իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներու փրկութեան ի խնդիր:

Այս տարուան «կարմիր շաբաթ»ը տասնհինգերորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ 17-22 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեամբ Աժաքսիո, Ռէն, Վերսայ եւ Փարիզ քաղաքներուն մէջ:

Այս վկայութեան եւ աղօթքի երեկոներուն, որոնք նուիրուած էին իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած նահատակներուն, հազարաւոր մարդիկ մոմավառութեամբ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մարտիրոսներուն եւ աղօթեցին հալածուած քրիստոնեաներուն համար:

Այս տարուան մասնակից վկաները կը ներկայացնէին Փաքիստանը, Պուրքինա Ֆազօն եւ Հայաստանը. Հայաստանը յատկապէս Արցախի աղէտն ու արցախահայութեան տառապանքը ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան:

Հայր Համազասպ իր վկայութեան մէջ ներկայացուց Արցախի առնչուող անցեալ չորս տարիներուն պատահած աղէտալի դէպքերը: Ան օրինակներով նկարագրեց պատահարները. 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին սկսած քառասունչորսօրեայ պատերազմն ու անոր հետեւանքները, 2022-ի Դեկտեմբերէն իննամսեայ շրջափակումը, որուն իբր հետեւանք՝ Արցախի ժողովուրդը տաժանագին կեանք ապրեցաւ, ապրուստի անհրաժեշտ պայմաններու, վառելանիւթի, սնունդի եւ բժշկական ու առողջապահական հիմնական միջոցներու չգոյութեան պատճառով: Հուսկ 2023-ի Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի յարձակումն ու ռմբակոծումը ամէն կողմ, եւ ժողովուրդի խուճապի մատնուիլն ու ամբողջական հայաթափումը քանի մը օրուան ընթացքին, բնորոշելով պատահածը որպէս «ցեղային զտում»: Ան ներկայացուց նաեւ արցախահայ գաղթականներու կեանքը Հայաստանի մէջ: Սակայն շեշտեց, որ ներկայիս ամբողջ Հայաստանը եւ յատկապէս Սիւնիքը վտանգուած է, քանի որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ զայն եւս կցել իր տարածքին, որպէս արեւմտեան Ատրպէյճան, ու ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի իրականացնէ Թուրքիոյ երազած փանթուրքական ծրագիրը: Հայաստանի սահմանները անապահով կը մնան եւ խաղաղութեան ու արդար լուծումներու նշոյլներ չեն նշմարուիր:

Արցախի մէջ տեղի կ՚ունենայ ներկայիս մշակութային ցեղասպանութիւն, ազերիները կործանեցին ու կը շարունակեն քանդել հնադարեան եկեղեցիներ, կ՚ոչնչացնեն խաչքարեր, կը պղծեն գերեզմաններ. մեր ամբողջ Արցախի սրբազան ու մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է:

Այսօր հայերս բացի աղօթքէն, կարիքը ունինք զօրակցութեան, որպէսզի կարենանք խաղաղ ապրիլ, մեր երկիրը ապահով մնայ, մեր արդար իրաւունքներուն տիրանանք, յատկապէս արցախահայութիւնը կարենայ իր հազարամեայ հայրենաւանդ հողերուն վրայ ապրիլ ու գոյատեւել:

Ան համայն հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրասնային, ֆրանսացիներուն եւ մասնաւորապէս «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան, որոնք զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերեցին Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կը շարունակեն այդ մարդասիրական մեծ գործը, ինչպէս նաեւ հրաւիրելով մեզ այս հսկումի ու աղօթքի երեկոներուն, առիթ ընծայեցին, որպէսզի արեւմուտքը եւ յատկապէս ֆրանսացի ժողովուրդը մօտէն տեղեկանայ եւ իրազեկ դառնայ Արցախի կորուստին եւ արցախահայութեան ապրած ողբերգութեան:

Տարբեր լրատուամիջոցներ, հեռուստաընկերութիւններ եւ ռատիոկայաններ անդրադարձան այս հսկումի երեկոներուն, հարցազրոյց ունեցան նշուած երկիրներու վկաներուն հետ ու բարձրաձայնեցին աշխարհով մէկ իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներու տառապալի կեանքին մասին:

Comments are closed.