Նիւ Եորքի Մէջ Կայացաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը
Շաբաթ, հոկտեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Թերաս ան տը փարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան մեծարանքի 18-րդ հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավարը Վեհ Պզտիկեանն էր: Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը` երգչուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեկնաբանելով` կատարեց մեծարանքի հանդիսութեան բացումը:
Ապա Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ կը ներկայացնէր Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց սեղանները:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արա Չալեան արտասանեց իր խօսքը: «Քիչ առաջ ձեռքի հեռաձայնիս ընծայած դիւրութիւնները օգտագործելով` ստուգեցի մեր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջերմաստիճանը… 43 ֆեհրընհայթ (6 սելսիուըս) է: Կարծեմ կը հասկնաք, թէ ո՛ւր է միտքս: Առանձին չեմ: Բոլորս ալ հոն ենք: Մեր Արցախն է, ամէն գնով դարձեալ անոր տիրանալը եւ մեր քաջարի արցախահայութեան իր երկիրը վերադառնալը մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ Չալեան: Ան ներկայացուց Հայ դատի գործունէութիւնը` շեշտելով, որ անիկա հետեւողական աշխատանք է, որուն իբրեւ արդիւնք` կարելի է իրականացնել մեկնակէտ եւ նպատակ:
Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող ներկայացուցիչ Կրէյս Մենկը (դեմոկրատական, Նիւ Եորք), որ խստօրէն քննադատեց Պաքուի քաղաքականութիւնը:
Ապա խօսք առին նաեւ Նիւ Եորքի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթել Նասրի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գանձապահ Սթիւ Մեսրոպեան, որոնք շեշտեցին, որ բեղուն եղաւ անցեալ տարեշրջանը: «Մեր դէմ ցցուած անելները եւ դժուարութիւնները յաղթահարեցինք: Նախագահ Ճօ Պայտըն պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ Ազրպէյճանի` Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտումին համար», ըսաւ Նասրի, իսկ Սթիւ Մեսրոպեան շեշտեց, որ հայանպաստ զանազան բանաձեւերու յաջողութեամբ, Հայ դատը պիտի շարունակէ գործել յաւելեալ կորովով: «Հայ դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ վարժողական յատուկ ծրագիրներու կը հետեւի եւ, ըստ այնմ, ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը գործէ:
Ապա Մեսրոպեան ներկայացուց օրուան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանակիր Անդրանիկ Պուտագեանը, որուն մօտէն ծանօթացած է տարեկան նաւապտոյտները կազմակերպելու ընթացքին:
«Շատ բան կը պարտիմ իմ ծնողքիս եւ ընտանիքիս: Անոնք ամէն գնով ուզեցին հայրենի դաստիարակութեամբ թրծել, եւ ահաւասիկ այսօր հպարտ եմ, որ կը ճանչցուիմ գաղութին մէջ` իբրեւ օրինակելի հայորդի», ըսաւ Պուտագեան:
Գաղութին մէջ կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ նաեւ երիտասարդ Թոնի Վարդանեանը, զոր ներկայացուց Շիքակոյի Հայ դատի յանձնախումբի գործօն անդամ Մարալ Աբրահամեանը: Վարդանեան նշեց, որ աննկուն պայքարելով` կարելի է սուրբ նպատակին հասնիլ: Ան նաեւ նշեց, որ դասեր պէտք է քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն:
Օրուան վերջին պարգեւատրուողը յետմահու տոքթ. Արա Գաբրիէլեանն էր, ներկայութեամբ իր կողակիցին` Արեւիկին եւ զաւակին` Արմէնին:
Հանդիսավար Վեհ Պզտիկեան յատուկ մանրամասնութիւններով նկարագրեց լուսահոգի տոքթ. Արան, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլալուն, բացառիկ ճշգրտութեամբ կը տիրապետէր հայերէնին:
Արմէն Գաբրիէլեան իր հօր մասին խօսելով` յայտնեց, թէ որքա՛ն տպաւորութիւն ձգած է Արային կատարած հետեւողական աշխատանքը գաղութի զանազան բնագաւառներուն (ազգային, քաղաքական եւ մշակութային) մէջ: «Հպարտ եմ, որ այսպիսի հայր մը ունեցած եմ, որ հիմա վերէն կը հետեւի եւ իր կարգին հպարտ կը զգայ», ըսաւ Գաբրիէլեան:
Օրուան փակման եւ վերջին խօսքը արտասանեց Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեանը, որ ամփոփելով օրուան հանդիսութիւնը` յայտնեց, թէ մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ձեւով սուրբ գործը շարունակել: Ապա ան շեշտեց, որ միշտ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ գործի լծել: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ պէտք է հետեւիլ Գարեգին Նժդեհի օրինակին եւ երբեք պէտք չէ վհատիլ: «Ահաւոր դժուար եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրինք, բայց միասնաբար կարելի է յաղթահարել եւ յաղթել»:
Նախքան յայտագիրին անցնիլը` կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Նաեւ, կազմակերպուած աճուրդին շնորհիւ, գոյացաւ կոկիկ գումար մը:
Comments are closed.