«Հորիզոն»ը որպէս հայ մամուլ սովորական թերթ չէ, կշռադատուած խօսք կ’արտասանէ որպէս պաշտօնաթերթ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

– Գանատայի մեր համայնքներուն եւ մեր միութիւններուն, բոլորին պատմական արխիւը՝ «Հորիզոն»ն է. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի աշխատակազմը 45-ամեակին առթիւ, բարձր գնահատելով անոր ծաւալուն գործունէութիւնն ու մեծ դերակատարութիւնը:

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի «Հորիզոն»ի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան պատգամին տեսանիւթը

«Ինծի համար այսօր մեծ ուրախութիւն է, ներկայ ըլլալ 45-րդ տարեդարձին թերթի մը, որ կը կոչուի «Հորիզոն», եւ որ իր ետին, իր կողքին ու իր շուրջ մեծ բանակ ունի թղթակիցներու, գրողներու, աշխատողներու՝ Գանատայի մէջ, հայրենիքի եւ այլուր» ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց. «Մամուլը մեծ դերակատարութիւն ունի մեր հաւաքական, ընկերային, ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Իսկ հայ մամուլը՝ առաւել եւս, ոչ միայն մեծ դերակատարութիւն, այլեւ մանաւանդ մեծ պարտաւորութիւն ունի»:

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով այսօրուան լրատուամիջոցներուն վաւերականութեան ըսաւ. «Այսօր ամէն մարդ կրնայ դիմատետրի կամ ընկերային ցանցերու վրայ լրագրող ըլլալ եւ տեղեկութիւններ փոխանցել, բայց այդ տեղեկութիւնը ստուգուա՞ծ է, պատասխանատո՞ւ տեղեկութիւն է… հետեւաբար այս պարագային հայ մամուլը, եւ մանաւանդ «Հորիզոն»ը 45 տարիներու ընթացքին մնացած է իր բարձրութեան վրայ, այսինքն գաղափարակիր մամուլ է գաղափարախօս մամուլ, ըսելիք ունի, բարձախօս է մեր իղձերուն, մեր երազներուն, մեր իրադարձութիւններուն, ձեռքբերումներուն, յաջողութիւններուն, երբեմն նոյնիսկ մտահոգութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն»:

Ան յայտնեց նաեւ, թէ «Հորիզոն»ը որպէս հայ մամուլ «Սովորական թերթ չէ, սովորական խօսք չէ, որ կը փոխանցէ, այլ պատասխանատու, ստուգուած հաղորդագրութիւն կը կատարէ, կշռադատուած խօսք կ’արտասանէ եւ իր ըսածին պատասխանատու է, որովհետեւ յատկապէս որպէս պաշտօնաթերթ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին, իր խօսքը կշռադատուած պէտք է ըլլայ, այս մէկը պարտաւորիչ է, եւ այդ պատճառով է, որ «Հորիզոն»ը 45 տարի շարունակ եղած է բարձրախօսը մեր ըսելիքներուն եւ մեր ոսկի կամուրջը հորիզոնէ հորիզոն»:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ «Հորիզոն»ի հիմնադրութենէն ի վեր Գանատայի գաղութին արխիւագրութիւնը կատարելուն, ըսաւ. «Մեր գաղութներուն, մեր համայնքներուն եւ մեր միութիւններուն, բոլորին արխիւը «Հորիզոն»ն է, հոն կը գտնենք ճիշդն ու ճշմարտութիւնը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւնը: Մէկ խօսքով «Հորիզոն»ը որպէս հայ մամուլ եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ եղած է շրջուն դպրոց, տունէ տուն, սեղանէ սեղան, հայ դատի եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման պաշտպան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբող. այսօր թերթին հետ մեր տուները կը հասնին մեր կրօնական յաւելուածը՝ «Լուսաւորիչ»ը, որուն նպատակը ոչ միայն հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութիւն փոխանցել է, այլ այդ բոլորէն վեր ու անոնցմէ անդին՝ նաեւ սերունդներ պատրաստել, որոնք յանուն մեր հայրենիքի անկախութեան եւ յանուն Արցախի ազատագրման պայքարի գաղափարախօսութեամբ սնուին»:

Ան իր ելոյթը եզրափակեց ըսելով. «Մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ մեր 45-ամեայ այս օրգանին, որովհետեւ այն մեր հայելին է, մեր ոգին փոխանցող բարձրախօսն է, հետեւաբար պիտի գուրգուրանք ու զօրաւիգ կանգնինք անոր, այն յոյսով որ վաղը «Հորիզոն»ը շուտով պիտի յայտարարէ՝ վերդարաձ արցախցիներուն դէպի Արցախ: Այս է մեր ուղին ու այս է մեր առաքելութիւնը»:

 

Comments are closed.