ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԶՈՅԳԸ. Տօն Թարգմանչաց

Տօն Թարգմանչաց Վարդապետաց։

Ազգային Եկեղեցական Տօն։

Տօնը հայ մտքի ու մշակոյթի։

Ազգ ու եկեղեցի դարերէ ի վեր կը նշեն տօնը անզուգական զոյգին ընդմէջէն այն վարդապետներուն, որոնք թարգմանաբար փոխանցեցին ու բացատրեցին Աստուածային խօսքի իմաստութիւնն ու ճշմարտութիւնը։

Անզուգական Զոյգը՝ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Հայրապետ, Թարգմանչաց բանակը ղեկավարեցին ու մերժեցին երկրաւոր փառքի մեծութիւնը՝ հեռացնելու խաւարը եւ ճանչնալու Աստուածային իմաստութիւնն ու խրատը։

Անզուգական Զոյգի մտահոգութիւնն էր հոգեւորապէս ու մշակութային նկարագրով անկախանալ, ուրիշներէ տարբերիլ ինքնութեան պահպանմամբ։

Անզուգական Զոյգը եւ իրենց աշակերտները մեր կեանքը զարդարեցին կենդանի գիրերով՝ Աստուածային ճշմարտութիւնը թարգմանաբար հայացնելով։

Կենդանի գիրերը թուղթի վրայ չգրուեցան միայն, այլ դարձան բանակ անյաղթելի, գաղափարի, հաւատքի ու ապրումի վերածուեցան մեր կեանքին մէջ։

Անզուգական Զոյգին եւ անոնց թարմանչաց աշակերտներուն կողմէ՝ Հայոց գիրերը դարձան 36 զինուորներով անյաղթելի բանակ, մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը վտանգող երեւելի եւ աներեւոյթ գոյութենական սպառնալիքներուն դէմ պատնէշ կանգնելու։

Մէկ խօսքով Ե. Դարը ոսկեայ տառերով արձանագրուեցաւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ հայ ազգը պայծառակերպուած ոչ միայն ստեղծեց իր ինքնուրոյն գիրերը, այլեւ ինքզինք յաւերժացուց։

Այսօր թարգմանիչ վարդապետները ո՞ւր են մեր կեանքին մէջ։ Զգո՞յշ ենք համաշխարհայնացման վտանգաւոր ալիքներու հոսանքներէն, որոնք միայն կրնան մեզ հեռացնել մայրենիէն, հարազատէն եւ ազգայինէն։

Եկէ՛ք պահենք թարգմանչաց ոգին եւ դառնանք դպիրները «Անեղին Բանին», Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութեան։

Ահա անչափելի ու անկշռելի արժէքը ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԶՈՅԳԻՆ եւ Թարմանչաց Վարդապետներուն։

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Comments are closed.