ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ԱՅՐԻԻՆ ՄԷԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ
Վահէ Հապեշեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ կը գրէ, որ 2005-ին Այնթապի մէջ Մուրաթ անունով գործաւոր մը հին տան մը փայտէ մէկ բաժինէն հին բացիկ մը գտած է։
Բացիկին առջեւի կողմը սեւ երկար հագուստ հագած, աջ ձեռքին ատրճանակ մը եւ ձախ ձեռքին հրացան մը կրող կնկայ մը լուսանկարն է։ Անոր կուրծքին խաչկապ կապուած, ինչպէս նաեւ մէջքին կապուած փամփշտակալներ կան։ Փամփուշտներուն եւ կաշիներու մէջ հազիւ նշմարելի է անոր ձախ կուրծքին վրան գտնուող լանջասեղ մը կամ մետալ մը։
Բացիկին վարի ձախ կողմը անգլերէնով «Մ.Հ.Հալլաճեան» ստորագրութիւնը տպուած է, իսկ աջ կողմը տեղանուն մը՝ «Այնթապ Փոքր Ասիա»։ Բացիկին ետեւը Մուրաթին անծանօթ եղող լեզուով ձեռագիր գրութիւն մը կայ, միայն թուականի մը՝ 1910 մէկ մասը անոր հասկնալի է։
Մուրաթ հին տուներու վերանորոգմամբ զբաղած իր շրջանին Այնթապի Քայաճիք շրջանին մէջ գտնուող հին տան մը փայտէ բաժինները նորորգած ատեն գտած է բացիկը։ Հետագային Այնթապ այցելող հայեր թարգմանած են բացիկին վրայ գրուած գրութիւնը.«Հանգուցեալ հերոս Գէորգ Չաւուշի տիկին այրի Հեղինէ։ Մեր յիշատակի նուէրը աստ(՞), տիար Յովհաննէս եւ տիկին Փիրանեան, 21 յուլիս 1910 ՀՅԴ, Այնթապ»։
Լուսանկարը գրգռած է Մուրաթի հետաքրքրութիւնը եւ ան որոշած է Այնթապի պատմութիւնը հետազօտել։ Ան սորված է հայերէն եւ ներկայիս կ՚աշխատի Ա.Կեսարի, 1945-ին Պոսթոնի «Հայրենիք»-ի տպարանէն լոյս տեսած «Այնթապի գոյամարտը» գիրքին թրքերէն թարգմանութեան վրայ։ Հապեշեան կը նշէ, որ Մուրաթ այժմ իր անունը Մուրատ կը գրէ։