«Մեր փափաքն է, որ Օթթաուայի ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ միաւորը համալրուի սկաուտական շարքերով եւ մասնաճիւղի վերածուի». Հարցազրոյց ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեանի հետ
Անցնող շաբաթավերջին Օթթաուայի մէջ հիմնարկէքը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Օթթաուայի միաւորին, որով ՀՄԸՄ-ի Գանատայի կառոյցի 6 մասնաճիւղերն ու 1 միաւորը համալրուեցան նոր միաւորով մը, յետագային գաղութի մեր ժողովուրդին ջանքերով՝ մասնաճիւղի վերածուելու ակնկալութեամբ: Այս առթիւ եւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանի իրագործած ծրագիրներուն մասին «Հորիզոն» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեանի հետ, զոր կը հրապարակենք ստորեւ.
Հ.- Ի՞նչ է ՀՄԸՄ-ի հիմնական առաքելութիւնը աշխարհի տարածքին ընդհանուր առմամբ, Գանատայի տարածքին մասնաւորաբար:
Մ.Ք.- ՀՄԸՄ-ի նպատակը հիմնադրութենէն մինչեւ օրս միշտ նոյնը եղած է՝ հայ երիտասարդները համախմբել եւ փոխանցել իրենց մարմնական եւ բարոյական դաստիարակութիւն, որպէսզի այս երիտասարդները ըլլան նախ տիպար հայեր, ապա տիպար քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ՝ Սփիւռքի թէ Հայաստանի: ՀՄԸՄ-ը ունի իր մարզական եւ սկաուտական խումբերն ու փողերախումբը, որոնց միջոցաւ կը փորձենք ներկայ եւ ապագայ սերունդները հայ իրականութեան մէջ պահել եւ քաջալերել, որ չայլասերին: Մեր հաւաքավայրերը ակումբներն ու մեր մարզադաշտերն են:
Սկաուտականը ունի իր դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը, որոնք կ’իրականանան մեր անդամներուն ներդրումով կամ հիւր դասախօսներու միջոցաւ, եւ որով կ’ունենանք վկայեալ կարգեր, ասոր հետ զուգահեռ կը փոխանցուի իրենց հայապահպանման ծրագիր՝ պատմական, հայկական կամ կրօնական թեմաներով:
Մարզական խումբերը եւս ունին դաստիարակչական ծրագիր, որ կը փոխանցուի մեր մարզիչներուն կողմէ, որուն միջոցաւ ՀՄԸՄ-ի արժէքները կը փոխանցուին մեր մարզիկներուն, յատկապէս երբ կը համախմբուինք մարզական խաղերուն ընթացքին՝ նահանգային թէ համագանատական, որովհետեւ մեր մարզիկները նոյնքան ՀՄԸՄ-ական են, որքան մեր սկաուտները:
Հ.- Քանի՞ մասնաճիւղ ունի ՀՄԸՄ-ը Գանատայի մէջ, մօտաւորապէս քանի՞ անդամ կը հաշուէ եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը տարեկան ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէ:
Մ.Ք.- Ընդհանուր պատկեր մը տալու համար ՀՄԸՄ համաշխարհային կառոյցին մասին ըսեմ, որ ՀՄԸՄ-ը ունի 26 շրջաններու մէջ 117 մասնաճիւղ եւ մեկուսի միաւորներ, որոնք 26,000 անդամ կը հաշուեն: Գանատայի տարածքին ՀՄԸՄ-ը կը ունի մօտաւորապէս 2000 գործուն անդամ, 6 մասնաճիւղեր՝ Մոնթրէալ եւ Լաւալ Քեպէգ նահանգին մէջ, Թորոնթօ, Գեմպրիճ, Սենթ Գաթրինզ եւ Համիլթըն Օնթարիոյի մէջ, 1 միաւոր ունինք Վանգուվըրի մէջ, իսկ վերջերս ալ նորաստեղծ մեր միաւորը հիմնուեցաւ Օթթաուայի մէջ:
Գալով Շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն. նահանգային, միջ-մասնաճիւղային, համագանատական, համաՀՄԸՄ-ական կամ համահայկական բոլոր ծրագիրները՝ բանակումներ թէ մարզական խաղեր, մեր պատասխանատաուութեան ծիրին մէջ կ’իյնան, որոնց համար մեր մասնաճիւղերէն առաւելագոյն մասնակցութիւն կը փորձենք ապահովել: Մեր մասնաճիւղերն ու միաւորները կը կատարեն առիւծի բաժինը՝ իրենց ժողովներով ու հաւաքներով, մարզական խումբերու փորձերով եւ այլն: Գործունէութեան առումով Շրջանայինը կը ծրագրէ, բայց ունինք մեր յանձնախումբերը, որոնք գործնական գետնի վրայ աշխատանքը կը տանին. ունինք Շրջանային Սկաուտական խորհուրդը, Շրջանային Մարզական յանձնախումբը, քարոզչական կապի պատասխանատուներ, «Մարզիկ» պարբերականի կապի պատասխանատու, IT-ի եւ Database-ի պատասխանատու եւայլն: Շրջանը նաեւ օժտուեցաւ իր ընդհանուր խմբապետով (ընդհանրապէս չենք ունեցած)՝ եղբայր Արուշ Պէրպէրեան, եւ շրջանային 2 խմբապետներով, մէկը Մոնթրէալէն՝ եղբայր Ռաֆֆի Դաւիթեան, իսկ միւսը Օնթարիոյէն՝ քոյր Կասիա Կիւլեան Կարապետեան:
Շրջանայինը, որպէս նորութիւն, անցեալ տարի ծրագրած էր իրագործել «Բնապահպանութեան օր», որպէսզի մեր նոր սերունդը գիտակցի բնութեան պահպանման կարեւորութեան: Այս տարի Գանատայի մեր բոլոր միաւորներն ու մասնաճիւղերը իրենց շրջաններուն մէջ իրականացուցին այդ ծրագիրը, որ պիտի դառնայ տարեկան ծրագիր:
Քեպէգի եւ Օնթարիոյի մեր խմբապետներուն եւ աւագ երէցներուն յատուկ կրօնական դաստիարակչական ծրագիր մըն ալ ունինք, որ կը պատրաստուի Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին, Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի կողմէ: Անցեալ տարուան մասնակից 86 սկաուտները, քանի մը ամսուան վրայ երկարող դասընթացքի աւարտէն ետք, այս տարի ստացան «Ղեւոնդ Երէց» շքանշաններ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ: Դասընթացքը հերթական է, երկամեայ դրութեամբ, եւ յառաջիկային պիտի ընդլայնուի. այսինքն միայն դաստիարակչականով պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի ընդգրկէ գործնական բաժին ալ՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան ոլորտէն ներս:
ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետներուն ժողովը վերջերս տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, որուն մասնակցեցան մեր ընդհանուր խմբապետն ու Շրջանային խմբապետը:
Յառաջիկայի մեր ծրագիրներուն առնչութեամբ ըսեմ, որ Նոյեմբերի վերջաւորութեան մեր տարեկան համագանատական 51-րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան, Գեմպրիճի մէջ, որոնց հիւրաբար պիտի մասնակցին նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն: Այս մէկը կրնամ ըսել, որ երիտասարդներու մասնակցութեան առումով մեր մեծագոյն միջոցառումն է: Անցեալ տարի, օրինակ, Մոնթրէալի մէջ աւելի քան 400 մարզիկ մասնակցեցան:
Մարզական համաՀՄԸՄ-ական խաղերը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան 2025-ին Յուլիս 24-էն մինչեւ Օգոստոս 2: Գանատան ունի նաեւ միջ-մասնաճիւղային համագանատական բանակումը, Օնթարիոյի շրջանին հիւրընկալութեամբ: Ցամաքամասային բանակում մըն ալ տեղի պիտի ունենայ 2025-ի ամրան, որուն պիտի մասնակցին Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանները, Գանատան, Հարաւային Ամերիկան եւ Աւստրալիան:
Քարոզչական առումով Շրջանայինը ունի դիմատետրի իր էջը, Instagram-ի էջն ու կայքէջը: Իսկ ՀՄԸՄ-ի մեր պաշտօնաթերթը «Մարզիկ»ն է, որ եռամսեայ դրութեամբ կը հրատարակուի, եւ ով որ կ’ուզէ բաժանորդագրուիլ անոր, կրնայ Շրջանայինին դիմել, որպէսզի ստանայ տպագիր տարբերակը:
Քարոզչականը նաեւ ունի յետագայի ծրագիրներ, որոնց թիրախը պիտի ըլլան 18-35 տարիքներուն ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մաս կազմած, ապա զանազան պատճառներով (անձնական, ընտանեկան կամ աշխատանքային) հեռացած են մեր մեծ ընտանիքէն: Քարոզչականը նոր ծրագիրներներով պիտի փորձէ կրկին համախմբել զանոնք ՀՄԸՄ-ին շուրջ, ըլլայ վարչական գործերով կամ այլ ծրագիրներով, որպէսզի բոլորս ալ օգտուիոնք անոնց փորձառութիւններէն:
Հ.- Սեպտեմբեր 22-ին Օթթաուայի մէջ նոր մասնաճիւղի մը հիմնադրումը յայտարարուեցաւ. ի՞նչ նախապայմաններ տեղի տուին այս ողջունելի ծրագրին, եւ ի՞նչ կ’ակնկալուի Օթթաուայի հայ գաղութէն այս առնչութեամբ:
Մ.Ք.- Օթթաուայի մէջ գործող մեր քոյր միութիւններուն կողմէ միշտ ալ ակնարկութիւններ եղած են ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ հիմնելու այնտեղ: Այս տարի Շրջանայինին ներկայացան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք արդէն մարզական խումբեր կազմած են եւ փորձեր կ’իրականացնեն, Օթթաուայի գաղութին մէջ ապրող մեր վեթերաններէն ոմանց աջակցութեամբ, եւ փափաք յայտնեցին, որ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին միանան: Մենք այս մէկը անշուշտ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցինք եւ Կեդրոնականի վաւերացումով կրցանք արտօնութիւն ստանալ հիմնելու համար միաւորը: Պաշտօնական հանդիսութիւնը եւ բացումը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 22-ին, Օթթաուայի մէջ, որուն ընթացքին նաեւ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնը: Մեր փափաքն է, որ այդ վարչական խումբը մեր նեցուկով եւ ամենակարեւորը՝ տեղւոյն մեր ժողովուրդին նեցուկով, խումբեր կազմեն, փորձեր եւ հաւաքներ կազմակերպեն, համագանատական մեր խաղերուն կարենան մասնակցիլ, եւ մենք վստահ ենք, որ երբ մեր ժողովուրդը տեսնէ, թէ գաղութին մէջ ներկայութիւն է այլեւս ՀՄԸՄ-ը, անդամագրութիւնը կը բազմանայ եւ կարելիութիւնը կը ստեղծուի սկաուտական շարքեր կազմելու եւ յետագային մասնաճիւղի վերածուելու:
Հ.- Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այսօր ՀՄԸՄ-ը Գանատայի տարածքին:
Մ.Ք.- Մարտահրաւէրները բազում են. նախ մեր տարածաշրջանային հարցը այն է, որ մեր գաղութները հեռու են իրարմէ, ինչ որ դժուարութիւն կը ստեղծէ միասնաբար գործելու, բայց այսօրուան դրութեամբ երբ կան արդիական հաղորդակցութեան միջոցները, կրնամ ըսել որ դիւրացած է մեր հաղորդակցութիւնն ու կապերը ամրապնդուած են:
Բոլոր միութիւններուն նման անտարբերութեան հարցը առկայ է, նոյնիսկ երբեմն ոմանք կ’անդամագրուին, բայց որոշ տարիք մը ետք կը սկսին հեռանալ մեր շարքերէն, անձնական թէ ընտանեկան զանազան պատճառներով, հետեւաբար մեր մարտահրաւէրներէն մէկը կը հանդիսանայ զանոնք ներգրաւել:
Ունինք նաեւ մարզիչներու վերաորակաւորման հարցը. մեր մարզիչները կամաւորաբար կու գան եւ կը գործեն, բայց մենք կ’ուզենք անոնց մակարդակը բարելաւել եւ արհեստավարժ մարզիչներ ունենալ, հետեւաբար մարզիչներ պատրաստող մասնագէտներ (վճարովի թէ կամաւոր) ներգրաւելու հարց ունինք, որպէսզի մեր մարզիկներուն ակնկալութիւնները բաւարարենք եւ մեր լաւագոյնը մատուցենք իրենց:
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.