ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Գնահատեց նախարար Ժոլիի Կոչը՝ Վստահութիւն Յայտնելով, որ Անիկա Պիտի Ներառուի ՔՈՓ29-ի Ընթացքին Գանատայի Դիրքորոշման Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի Արցախի հայաթափման առաջին ամեակի առիթով 22 սեպտեմբերին հրապարակած յայտարարութեան։

Հայ դատի մարմինը մեծապէս գնահատեց արցախահայութեան ցեղային զտման վերաբերող հարցերուն նկատմամբ Գանատայի սկզբունքային դիրքորոշումը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այդ դիրքորոշումը պիտի ներառուի ՔՈՓ29-ի ընթացքին արտայայտուելիք Գանատայի պաշտօնական դիրքորոշման մէջ՝ «ապահովելու համար արտաքին գործոց նախարար Ժոլիի կոչի գործադրումը»։

Գանատական դիւանագիտութեան պետը 22 սեպտեմբերին իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած էր՝ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիներն ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կամայականօրէն կալանաւորուած ներկայացուցիչները, յարգելու արցախահայութեան ապահով ու արժանապատիւ տունդարձի իրաւունքը, եւ գտնելու Արցախի հարցին քաղաքական լուծում մը, որ կը յարգէ հիմնարար սկզբունքները, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքը։

Comments are closed.