Զուիցերիոյ Խորհրդարանի 16 Անդամներ Արցախահայութեան Տունդարձի Վերաբերեալ Գրաւոր Հարցում Ուղած Են Գործադիր Իշխանութեան
310
0
Սեպտեմբեր 19-ին Զուիցերիոյ Ազգային խորհրդարանի հայանպաստ երեսփոխան Էրիխ Ֆոնթոպել 15 այլ երեսփոխաններու ստորագրութեամբ գրաւոր հարցում ուղղած է Զուիցերիոյ գործադիր իշխանութեան` արցախահայերու տունդարձի եւ անոնց իրաւունքներու վերականգման վերաբերեալ: Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին գործադիրը արդէն խորհրդարանի ամպիոնէն պէտք է պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.
– Արդեօք Զուիցերիան կը ճանչնա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հայրենիք վերադառնալու եւ այնտեղ իրենց ինքնորոշման իրաւունքը գործադրելու իրաւունքը:
– Արդեօք ՔՈՓ29-ի մէջ զուիցերիական պատուիրակութիւնը մտադի՞ր է արծարծել Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտումներու եւ անոր բնակիչներու վերադարձի իրաւունքի հարցը:
Comments are closed.