ՀՀ Սփիւռքի Փոխ Նախարարէն Մինչեւ «Միասնական գրական Հայերէն»
Նայիրի Մկրտիչեան
Ո՞վ է Սերժ Սրապիոնեանը, հարց, որ շատ հնչեց յատկապէս Սփիւռքէն…
Նախ եւ առաջ այս ՄԱՐԴ անհատականութեան ծանօթանալու պատիւ ունեցայ, երբ ան զբաղեցուց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան փոխնախարարի պաշտօնը։ Կարճ ժամանակ անց, ինծի համար դարձաւ հոգեւոր հայր. թէեւ տարիքը այնքան ալ մեծ չէր, սակայն մեծ էր նմանութիւնը հօրս, նման էր` արտաքինով, մասնագիտութեամբ, մարդ տեսակով, խառնուածքով, բանաւոր խօսքի հրետորութեամբ ու կատակասէր բնաւորութեամբ… Մեծ էր իր տեսակով։
Մեր վարչութեան աշխատասենեակին մէջ, առաւօտները, յաճախ արեւելեան սուրճը կ’ըմպէինք իր մասնակցութեամբ՝ ըմբոշխնելով իր կատակախառն հետաքրքրական պատմութիւնները, որոնք իր կեանքի մեծ փորձի, գիտելիքներու մեծ պաշարի արքասիքն էին։ Երբեք զգացնել չտուաւ իր բարձր պաշտօնը. պետական պաշտօնեայի սեղանի ետին ոտք-ոտքի դրած նստիլը շատ հեռու էր իր խառնուածքէն։ Միշտ եղաւ Սփիւռքը ճիշդ արժեւորող ու գնահատող հայրենակից, պարտականութեան գիտակից գործընկեր, սակայն այն գործին, որ իրն էր, պատշաճ էր իր նուիրեալ հայու տեսակին, գրականութեան գիտակին, մայրենին սրբութիւն համարողին։ Անոր Խօսքը միշտ եղաւ համոզիչ, որովհետեւ ինք այն եզակի մտաւորականներէն է, որ հայրենիքի ու ազգի հանդէպ անսակարկ նուիրում եւ գիտելիքներու անսպառ պաշար ունենալէն բացի, նաեւ խիզախ է, սկզբունքային ու անկեղծ։
Երկար տարիներ նոյն աշխատակազմին մաս կազմելէն ետք, դժուար էր հեռանալ այն վայրէն ուր «հայր» ունեցայ, սակայն յաճախ հանդիպեցանք, ու միշտ ողջոյնի դիմելաձեւը կ’ըլլար,- «բարեւ աղջիկս, ո՞նց ես։
Տարիներ ետք, երբ «Միասնական գրական հայերէն» ձեւաւորելու աշխատախումբին մաս կազմելու առաջարկով դիմեցի մեսրոպեան ուղղագրութեան ջատագով պարոն Սրապիոնեանին, սիրով ընդունեց նուիրուիլ այդ գործին, միշտ ժամանակին հասցնելով իր լայնախոհ տեսակէտները, որոնք միշտ հիմնաւորուած էին եւ կը բխէին ազգային համընդհանուր շահերէն։ Շատ ուշ իմացայ, որ այդ ողջ ընթացքին, Հայրենիքի փրկութեան խիզախ մտաւորականի իր պայքարէն բացի, զուգահեռաբար եւ նոյն խիզախութեամբ ան կը պայքարէր նաեւ չարորակ հիւանդութեան դէմ․ երբեք մահացու հիւանդութիւնն անգամ պատճառ չեղաւ, որ ըսէ «լաւ չեմ», ինչպէ՞ս էք հարցին միշտ կը պատասխանէր,- «ես լաւ եմ ինձ ի՞նչ է եղել որ, երկիրը լաւ լինի»։ Այսպիսին էր Պարոն Սրապիոնեանը, որուն համար հայրենիքի ցաւը իր կեանքէն անգամ կարեւոր էր…
Ամիսներ առաջ էր, երբ «Միասնական գրական հայերէն» աշխատախումբի հերթական առցանց հանդիպումն էր, պարոն Սրապիոնեանը ցաւազրկիչը խմած, յանուն հայրենիքի պայքարող խումբի մը հետ հասած էր Սիսիան, ուրկէ չզլացաւ նաեւ միանալու առցանց հանդիպման… միաժամանակ երեք «պայքար» տարբեր ճակատներու վրայ…
Այսպիսին է Սերժ Սրապիոնեանը՝ մտաւորականի այն եզակի տեսակը, որուն ոչ միայն ծանօթ պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ողջ հայութիւնը, այլեւ իր՝ չյանձնուող, նուիրուած, լայնախոհ, համեստ, ազնիւ, գրականագիտութեամբ հարուստ, ազգային առողջ մտածելակերպով կերպարը, պէտք է օրինակ ծառայէ իբրեւ իտէալական հայ մտաւորականի։
Ցաւօք Պարոն Սրապիոնեանի հետ նկար չունիմ, սակայն հոգիիս մէջ դրոշմուած անոր կերպարը յաւերժ պիտի ապրի…
Comments are closed.