Շուշիէն Ստեփանակերտ ու Երեւան․ «Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 10-14 տարեկան արցախցի երեխաներ։

«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Զաքար Քեշիշեան նշած է, որ հակառակ նոր պայմաններու մէջ յառաջացած բազմաթիւ խնդիրներուն՝ որոշած են շարունակել գործունէութիւնը։

«Երեխաները անընդհատ կը գրէին, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է Երեւանի մէջ ծրագիրը իրագործել։ Facebook-ի վրայ յայտարարութիւն դրի, քանի որ չէի գիտեր՝ ով ուր կ՝ապրի հիմա։ Պարզուեցաւ, որ մեծ մասամբ կ՝ապրին Երեւան, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներուն մէջ, հետեւաբար ծրագիրը իրագործելու համար այս ամառ եկայ այստեղ»,- նշած է ան։

2020թ․ պատերազմէն եւ Շուշիի անկումէն ետք «Վարանդա» երգչախումբի տնօրէնութիւնը Ստեփանակերտի մէջ կեանքի կոչած էր «Երգող Արցախ» երաժշտական ծրագիրը եւ յաջորդող տարիներուն՝ նաեւ նոր սաներով, իրագործած զայն։

«32 տարուան ընթացքին միայն անցեալ տարի էր, որ շրջափակման պատճառով չկրցայ այցելել Արցախ»,- կը յիշէ ան։

Երեւանի մէջ ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն ԱՄՆ-ի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմը եւ քանի մը անհատ։ Արդէն շուրջ 80 երեխայ հաւաքագրուած են, եւ փորձերը սկսած են։ Փորձերը տեղի կ՝ունենան Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, ժամը 15։00-16։30՝ Սայաթ Նովա փողոցի 15 հասցէին վրայ գտնուող Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան դահլիճին մէջ։ Մասնակցութիւնը անվճար է, ցանկացողները կրնան միանալ։

Աւանդաբար «Վարանդա»-ի փորձերը կ՝եզրափակուին համերգային ծրագիրով, այս տարին ալ բացառութիւն պիտի չըլլայ։

Կը նախատեսուի Օգոստոսի վերջը եւ Սեպտեմբերի առաջին կիսուն շարք մը ելոյթներ ունենալ Երեւանի եւ մօտակայ քաղաքներու մէջ։

Խօսելով խնդիրներուն մասին՝ Զաքար Քեշիշեան նշած է, որ այստեղ դեռ չկան գործունէութեան համար այն պայմանները, որոնք Արցախի մէջ կային. «Բայց, փոխարէնը ունինք կամք, նուիրում, հաւատք եւ արցախցի հրաշալի երեխաներ, որոնք պիտի իրագործեն այդ ծրագիրը։ Ծրագիրը կ՝ընդգրկէ նաեւ երեխաներու մշակութային կազմաւորման նպաստող այցելութիւններ՝ համերգներ, թանգարաններ եւ թատրոններ»,- աւելացուցած է ան։

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ խօսած է Երեւանի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերուն մասին։ Անոր խօսքով՝ ի տարբերութիւն հայրենի իշխանութիւններուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է Համազգայինի Արցախի կառոյցը Հայաստանի մէջ պահել իբրեւ վտարանդի կառոյց՝ իր վարչութեամբ ու կազմով։

«Համազգայինի գրասենեակը կ՝իրականացնէ շարք մը ծրագրեր՝ հոգեբաններու հետ աշխատանք, ամառնային դպրոց, կերպարուեստ, տիկնիկագործութիւն, Արցախի բարբառը պահպանելուն ուղղուած միջոցառումներ, համալսարան ընդունուիլ ցանկացողներու համար Հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր եւ բազմաթիւ այլ ծրագրեր»,- ընդգծած է ան։

Իսկ դուք ինչպէ՞ս կ՝աշխատիք Արցախէն հեռու հարցին, կը պատասխանէ՝ «ատամները սեղմելով»։

Տաթեւիկ Աղաջանեան

«Ապառաժ»

Comments are closed.