«Լեռնային Ղարաբաղի Փախստականների Իրաւապաշտպան Միութիւն»ը Արցախի Հարցերով Դիմեց Հռոմի Պապին Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕին

«Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւն»ը յղեց երկու նամակներ, մէկը՝ Ֆրանսիս պապին, իսկ միւսը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕին, առաջինը՝ արցախցիներու տունդարձի իրաւունքի հարցով, իսկ երկրորդը՝ մշակութային սպանդին։

Պապին ուղղուած նամակին մէջ, միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ՝ դիմելու միջազգային հանրութեան` հայ գաղթականներուն տրամադրելու անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն` ապահովելով անոնց ապահովութիւնը, ինքնութիւնը եւ իրենց  հայրենիքը վերադառնալու անոնց հիմնարար իրաւունքները:

Նամակին մէջ միութիւնը նաեւ կը խնդրէ հրապարակային կերպով  դատապարտել Ատրպէյճանը՝ իր կատարած յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման համար:

Ըստ «Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութեան»՝ Հռոմի պապին կողմէ այդ իրադարձութիւններու դատապարտումը աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ Ատրպէյճանի քայլերուն նկատմամբ եւ յառաջ պիտի մղէ վերջինս պատասխանատուութեան ենթարկելու հանգամանքը:

«Մենք` «Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութեան» անդամներս, խորը յարգանքով գրում ենք ձեզ` ուշադրութիւն հրաւիրելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ փախստականների դժբախտ վիճակի եւ էթնիկ (բնիկ) հայերի ու հայ քրիստոնէական-պատմական ժառանգութեան դէմ Ադրբեջանի կողմից իրականացուած պատերազմական եւ վանդալիզմի ծանր արարքների վրայ: Ձեր ձայնը` որպէս աշխարհի միլիոնաւոր մարդկանց հոգեւոր առաջնորդ, արձագանգում է կարեկցանքի, արդարութեան եւ բարոյական հեղինակութեան հետ: Մենք ձգտում ենք անյապաղ ստանալ ձեր աջակցութիւնը` հայ փախստականների իրաւունքների պաշտպանութեան համար, ովքեր հակամարտութեան եւ Ադրբեջանի ագրեսիայի (յարձակումին) պատճառով բռնի կերպով տեղահանուել են իրենց նախնիների հողերից», կ՛ըսուի նամակին մէջ։

Միութիւնը կ՛աւելցնէ, որ վերջին բռնութիւններու եւ կացութեան սրման յառաջացուցած մարդասիրական ճգնաժամին պատճառով, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ ստիպուած եղած են բռնի տեղահան ըլլալու իրենց հայրենիքէն` զրկուելով ապահովութենէն եւ մշակութային ինքնութենէն: Կը մատնանշուի նաեւ, որ այժմ հայ ժողովուրդը հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան` ներառեալ հսկայական պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող եկեղեցիներու, վանական համալիրներու եւ յուշարձաններու ոչնչացման ականատես կը դառնայ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕին յղուած նամակին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւն»ը կոչ կ՛ուղղէ՝ հաւատարիմ մնալու սեփական առաքելութեան եւ կազմակերպութեան իրաւասութեան ծիրին մէջ երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի բազմադարեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան ապահովութիւնը։

Միութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ 2020էն 2023 պատերազմներուն եւ արցախահայութեան ցեղային զտումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան դրութեան, Ատրպէյճանի կողմէ հայկական եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու քանդման, պղծման, իւրացման անժխտելի փաստերուն, հայկական գերեզմանատուներու նկատմամբ կատարուող «ճանապարհաշինարարական» վանտալութեան, ազգային-պատմական կառոյցներու քանդման եւ այն բոլոր յանցանքներուն, որոնք մէկ բառով կարելի է բնորոշել իբրեւ մշակութային ցեղասպանութիւն:

«Մենք շարունակում ենք հաւատացած մնալ, որ հայկական պատմական-մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը հնարաւոր է լաւագոյնս ապահովել միայն այդ ժառանգութեան կրողների` արցախահայութեան միջազգայնօրէն երաշխաւորուած վերադարձի պարագայում», կ՛ըսուի ԵՈՒՆԵՍՔՕին ուղղուած նամակին մէջ:

Comments are closed.