Խամենէի. «Իրան «Զանգեզուրի Երթուղի»-ն Կը Նկատէ Ի Վնաս Հայաստանի Եւ Կը Շարունակէ Տէր Կանգնիլ Այս Դիրքորոշումին»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը «Զանգեզուրի երթուղի»-ն կը նկատէ ի վնաս Հայաստանի եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ այս դիրքորոշումին: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Իրանի յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին:

«Մենք խորապէս կը հաւատանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի շահերու հիման վրայ եւ անկախ այլ մարդոց քաղաքականութենէն: Օտարերկրացիները պէտք չէ սահմանափակումներ ստեղծեն երկիրներու` դրացիներու հետ յարաբերութիւններու համար», ըսած է ան:

Փաշինեան իր կարգին ըսած է, որ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ իր տարածքին մէջ ոչ մէկ անդրտարածաշրջանային երթուղի կ՛ընդունի:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան իր կարգին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատելով նախապէս բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները նշած է. «Մեր երկու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը, պատմական եւ մշակութային սերտ առնչութիւնները հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար: Մենք պատրաստակամ ենք միացեալ ջանքերով շարունակելու մեր երկխօսութիւնը եւ առաւել հարստացնելու երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը»:

Իրանի նախագահը կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը:

Փեզեշքիան նշած է, որ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը` նշելով, որ իրանեան կողմը եւս անհրաժեշտ կը նկատէ բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով լուծելը:

Փաշինեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է. «Այն, որ ես այսօր այստեղ եմ, կը վկայէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու, համագործակցութիւնը ամրապնդելու մեր յանձնառութիւնը»:

Իրանի նախագահը անդրադարձած է «Հիւսիս-հարաւ» ծրագիրին եւ նշած, որ զայն կը նկատեն իբրեւ շրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման եւ յառաջընթացի կարելիութիւն, ուստի այդ ոլորտին մէջ նախագիծերու իրականացումը պիտի ըլլայ իր նախագահութեան շրջանի առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկկողմանի բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները:

Comments are closed.