ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ (ՖՈՐՈՒՄ) ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Շաբաթ, 13 Յուլիս 2024-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան աւանդութիւններէն եղող ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:
13-24 Յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանէն եւ Արցախէն 20 հայ երիտասարդներ:

Հաւաքի բացումը կատարեց «Ֆորում 2024»-ի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու բոլոր ժամանակներու հայ նահատակներուն յիշատակը, ապա ներկայացուց ֆորումը, անոր նպատակը, անոր ձգած ազդեցութիւնը մասնակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ այն ծրագիրը, զոր միասին պիտի գործադրեն յաջորդող օրերուն։

Մասնակիցները ողջունեցին եւ հերթաբար խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ֆորումի ներկայացուցիչ Արա Գէորգեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Տիգրան Պապիկեան, Արտաշէս Շահպազեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:
Պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին հաճելի պահեր՝ «Նուպար» ազգագրական երգ ու պարի համոյթին հետ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք:

Կիրակի, 14 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ: Նոյն օրուան երեկոյեան՝ ընկերային մթնոլորտի մէջ ներկայ գտնուեցան մտերմիկ ընթրիքի մը:

Երկուշաբթի, 15 յուլիսին ֆորումականները ուղղուեցան Էջմիածինի Մայր տաճար եւ Ս. Գայիանէ եկեղեցի, որմէ ետք մօտակայ Արշալոյս գիւղին մէջ առիթ ունեցան շրջելու, դիտելու եւ մասնակից դառնալու Ռուբէն Նալպանտեանի «Խաչքարերու Վարպետաց Դպրոց»-ի արուեստին եւ աշխատանքներուն: Մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց լաւաշ թխելու եւ խաչքարի փորագրման առաջին փորձառութիւն ունենալը: Երեկոյեան անոնք հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը տուաւ ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:

Երեքշաբթի, 16 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումականներուն այցելութիւնը եղաւ Սարդարապատ, ապա՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի ազատագրական պայքարին, 2016-ի քառօրեայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն: Այնուհետեւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ երիտասարդները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անոնք ծանօթացան նաեւ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանին, հոն տեղադրուած հսկայական հաւաքածոյին։
Նոյն օրը կէսօրէ ետք անոնք այցելեցին «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն եւ ծանօթացան կեդրոնի զանազան աշխատանքներուն ու բաժիններուն:

Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին ֆորումի մասնակցող ուսանող-երիտասարդները այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանը եւ պատասխանեց ֆորումականներու հարցումներուն:

Ապա անոնք այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարան (Ազգային ժողով), ուր զանոնք դիմաւորեցին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Արթուր Խաչատրեան:

Ֆորումի մասնակիցները ծանօթացան նաեւ Ազգային ժողովի թանգարանին եւ գրադարանին, Ազգային ժողովի գրադարանին նուիրեցին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի վերջին հրատարակութիւններէն օրինակներ՝ «Ես Եմ, Ես Կամ», «Հնչող Ձայներ» եւ շարք մը այլ հրատարակութիւններ:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ֆորումականները «Խնկօ Ապոր» գրադարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի անդամներուն հետ, պարախումբի ելոյթը վայելելէ ետք անոնք եւս սորվեցան կարգ մը պարեր ու «Սիփան»-ի պարողներուն հետ միասին կատարեցին հայկական պարեր:

Comments are closed.