Մարիա Գաբրիէլեան ընտրուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնաժողովի նախագահ Ճիհատ Մուրատ քիչ առաջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց խորհրդարանի ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները։
Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ, Հալէպէն, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան)։
Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած միակ հայ երեսփոխանն է։
Ընտրութիւնները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ նահանգներու 8151 կեդրոնի մէջ։
1516 թեկնածուներ մրցեցան խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար։
*
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԻԱ ՄԱՆՈՒԿԻ (ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ)

ՄԱՐԻԱ ՄԱՆՈՒԿ (ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ)

Ծնած է Հալէպ:

Ա.-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ազգային Զաւարեան Վարժարանէն, իսկ միջնակարգն ու Երկրորդականը Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն:
Վկայուած է Հալէպի Պետական Համալսարանի իրաւաբանական ճիւղէն, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի լրագրական ճիւղէն, Հալէպի Պետական Համալսարանի բժշկական ուսումնարանէն (տարրալուծարան մասնագիտութեամբ), Համազգայինի Հայագիտական քառամեայ հիմնարկէն, Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց Պատմութեան հիմնահարցերու բաժանմունքէն:

Բ.-ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ, ԳՆԱՀԱՏԱԳՐԵՐ, ԳՈՎԱՍԱՆԱԳՐԵՐ

-Յաջորդաբար 2009-ին եւ 2010-ին պարգեւատրուած է Դամասկոսի Պետական Համալսարանի կողմէ՝ որպէս գերազանց ուսանող:
-2014-ին պարգեւատրուած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ՝ որպէս օրինակելի ուսուցիչ:
-2016-ին ՝՝Գերազանց՝՝ գնահատականով ստացած է փաստաբանի գիտական կոչումը:
-2016-ին պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, որպէս ՝՝Մայրենիի պաշտպան՝՝:
-2016-ին պատւոյ գիրով գնահատուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչ:
-2018-ին գովասանագիր ստացած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ վարժարանի հիմնադրութեան 70 ամեակի առթիւ բարձր գնահատելի լեզուով, ոճով ու մատուցման եղանակով մատուցած բանախօսութեան համար:
-2021-ին պարգեւատրուած է Հալէպի Արաբական Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ «ՄՈԶԱՅԻՔ» նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար:
-2022-ին պարգեւատրուած է ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական խումբին կողմէ համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար:
-2024-ին պարգեւատրուած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի եւ վարժարանի 100 ամեակին նուիրուած բանախօսութեան համար:
-Մատուցած ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկ.խորհուրդին եւ Ռատիօ Երազի տնօրէնութեան ու անձնակազմին կողմէ:

Գ.-ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

I.-ԿՐԹԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
Որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ազգ.Հայկազեան Վարժարանէն, Ազգ. Ք.Ե.Ճեմարանէն եւ Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանէն ներս:
Դասախօս է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս:
Դասատու է Հալէպի պետական համալսարանի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնակեդրոնին մէջ:

II.-ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
-Եղած է Երկիր Մետիա հեռուստակայանի Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչ:
-Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի Սուրիոյ թղթակից:
-՝՝Գանձասար՝՝ շաբաթաթերթի աշխատակից:
-Երեք տարի խմբագրած է ՝՝Ծիլեր՝՝ Ա.Ք.Ե.Ճեմարանի աշակերտական պարբերաթերթը:
-Մաս կազմած Ա.Ք.Ե.Ճ.-ի Շրջ.Միութեան հրատարակած ՝՝Շաւիղ՝՝ պարբերաթերթի խմբագրակազմին:
-Երեք տարի խմբագրած է ՝՝Գանձասար՝՝ի ուսանողական էջը:
-Հայկազեան Վարժարանի տնօրէնութեան հետ հրատարակած է վարժարանի ՝՝ԱՇԽԱՏԱՆՔ՝՝ աշակերտական թերթը:
-Յօդուածներ ունի «Դրօշակ»ին, «Ազդակ»ին եւ «Խորան»ին մէջ:

III.-ԱՅԼ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ
-Սեփականատէրերէն ու հիմնադիրներէն է ՝՝Լուսնակ՝՝ մանկապատանեկան դաստիարակչական տպագիր խաղերու:
-Խորհրդաժողովներու կամ ժողովրդային ձեռնարկներու մասնակցած եւ դասախօսութիւններ կամ բանախօսութիւններ մատուցած է Հայաստանի, Թեհրանի, Կիպրոսի եւ Պէյրութի մէջ:
-Անդամ է Հալէպի Փաստաբաններու Արհ.Միութեան:
-2018-ին ընտրուած է Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ:
-2012-2018 Եղած է Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի բանբեր:
-2019-2024 եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդի անդամ:
-Կը զբաղի փաստաբանութեամբ սեփական գրասենեակով:

Դ.-ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Անդամակցած եւ գործուն մասնակցութիւն բերած է.
-Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան:
-Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտական բաժնին:
-Հալէպի Հայ Համալսարանական Միութեան:
-Սուրիոյ Համալսարաականներու Շրջանաւարտից Միութեան:

Comments are closed.