Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսներ «Բաստրմաճեան» երկրորդականի 51 շրջանաւարտներ, «Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի 54 աւարտականներ եւ Ծաղիկ դասարանի 65 աշակերտներ վկայուեցան

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» երկրորդականի շրջանաւարտներու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հոգեւոր հայրերու, բարերարներու, վարչական խորհուրդի, հոգաբարձութեան, հիմնադրամներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմի անդամներու։

Ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, հանդիսութիւնը մեկնարկուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Հանդիսավար Մհեր Գարագաշեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաներն ու Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 2024 տարուան հունձքը, որ մկրտուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչներէն, հմուտ ղեկավար Արամ Մանուկեանի անունով՝ անոր ծննդեան 145-ամեակին առիթով։ Այնուհետեւ շրջանաւարտներէն խումբ մը աշակերտներ, ընկերակցութեամբ նախկին շրջանաւարտ Ռուպինա Քիւփէլեանի, ներկայացուցին «Ձօն՝ Արամ Մանուկեանին» խորագրուած, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ներկայացուած, Արամ Մանուկեանի մասին վկայութիւններու եւ բանաստեղծական տողերու համադրում մը։

Ապա վարժարանի փոխ տնօրէնուհիներ Մարիքա Լանկլուա եւ Սվետլանա Ռագու, միասնաբար բեմ բարձրացան ներկայացնելու այս տարուան ուսուցիչներու «Գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակ»ի թեկնածուները, անոնց ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այս տարուան դափնեկիրները։ Տոքթ. եւ տիկ. Արի եւ Փաթիլ Մկրտիչեաններու կողմէ, տարիներ առաջ հաստատուած այս մրցանակի նպատակն է վեր առնել դպրոցի ուսուցչական կազմի այն անդամներուն ներդրումը, որ կ’առանձնանայ իր որակով, դասաւանդման մօտեցումներու գերազանցութեամբ ու նորարարութեամբ։ Այս տարեշրջանին ներկայացուած 4 ծրագիրներէն, դատական կազմը դափնեկիր հռչակած էր երկրորդականի աշակերտներուն համար մշակուած «Կենդանացնել գիտութիւնը» խորագրուած ծրագիրը, որուն ընդմէջէն աշակերտները առիթ ունեցած էին զարգացնելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները՝ միաժամանակ յաւելեալ գիտելիքներ ամբարելով գիտական գործընթացներու մասին: Աշակերտները դպրոցի ստեղծագործարանէն ներս աշխատելով, արհեստագիտական միջոցներու, բաղադրական եւ գիտական բառապաշարի օգտագործմամբ՝ ստեղծած էին բացատրական տեսանիւթեր։ Այնուհետեւ պարգեւատրուեցան սոյն ծրագրի հեղինակ ուսուցչուհիներ՝ Քարին Առաքելեան, Լարա Նայիմ եւ Մարի Յովհաննէսեան։

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց դպրոցի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ անդրադարձաւ շրջանաւարտներուն անցած դպրոցական ճանապարհին, Ծաղիկ դասարանի առաջին բառերէն մինչեւ երկրորդական ուսման նուաճումներ, եւ այդ ամբողջ ընթացքին անոնց դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն, ուսումնականէն մինչեւ համաճարակ։ Տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ Հայ վարժարանի նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ 50 տարիներէ ի վեր։ Տնօրէնուհին շնորհակալութեան խօսք յղեց նաեւ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք ո՛չ մէկ ճիգ խնայեցին այս հունձքի կազմաւորման ու դաստիարակութեան համար։ Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն շնորհաւորեց ու մաղթեց, որ շրջանաւարտները իրենց ապագայ քայլերը առնեն Արամ Մանուկեանի վճռակամութեամբ։ «Թող Արամի ոգին միշտ վառ մնայ ձեր հոգիներուն մէջ։ Թող ձեր ապագայ յաջողութիւնները արմատ նետեն եւ արձագանգեն՝ տեղական, նահանգային թէ համաշխարհային գետնի վրայ, ինչպէս Արամին ձայնը կ՚արձագանգէր Վանի լեռներուն մէջ», ըսաւ ան եւ եզրափակեց թելադրելով. «Եղէ՛ք Արամին նման համախմբող ձեր առօրեայ կեանքէն ներս, ի շահ հաւաքականութեան, եղէք իր նման աշխատասէր յաջողութեամբ պսակելու ձեր բոլոր երազանքները, եղէ՛ք անոր նման հայրենասէր՝ տէր կանգնելով ձեր մայրենիին, մշակոյթին ու պատմութեան։ Եղէք այդ հրաշքը, որ պիտի լուսաւորէ բոլորիս ճամբան եւ առաջնորդէ մեզ դէպի նոր Սարդարապատ»։

Այնուհետեւ, վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի ձեռամբ: Պատուոյ գերազանց յիշատակութեան, Սուրբ Յակոբ արժանեաց գնահատագրի, ուսումնական ու յատուկ դասանիւթերու գերազանցութեան, հայերէն լեզուի ու գրաւոր արտայայտութեան, համայնքային յանձնառութեան, կամաւոր աշխատանքի, ինքնագերազանցման, ղեկավարի յատկանիշներու, վարժարանի դեսպանի, մարզական, Համազգայինի Ֆորումի «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի, ինչպէս նաեւ միութենական բազմաթիւ մրցանակներու ու կրթանպաստի կողքին, պէտք է յանձնուէր նաեւ Գանատայի ընդհանուր կառավարիչի շքանշանը, որ կը շնորհուի բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտին կամ աշակերտուհին։ Սակայն տնօրէնուհին յայտարարեց, որ եզակի երեւոյթով մը երկու աշակերտներ՝ Վայք Աճէմեան եւ Լէա Տօնապետեան ապահոված են բարձրագոյն միջինները շատ չնչին տարբերութեամբ, հետեւաբար տնօրէնութիւնը յարմար նկատած է սպասել պետական քննութիւններու արդիւնքներուն եւ ըստ այնմ շքանշանը շնորհել անոնցմէ մէկուն։ Երկու աշակերտները միասնաբար բեմ բարձրացան եւ արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն։

ֆրանսերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աշակերտական ուղերձները յաջորդաբար արտասանեցին Սոֆի Հայրապետեան, Վայք Աճէմեան եւ Սիլվի Քիւրթիւքեան, որոնք պատմեցին իրենց անցած ուղիին, Սուրբ Յակոբ վարժարանէն ներս ստեղծած յիշատակներուն եւ ապրած փորձառութիւններուն մասին, եւ երախտագիտութեան խօսքեր յղեցին իրենց ծնողներուն ու ուսուցիչներուն։ Անոնց տպաւորիչ ու իւրայատուկ խօսքերը արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին։

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան իր եզրափակիչ պատգամով բարձր գնահատեց հայկական համայնքներուն մէջ դերը հայ դպրոցին, ուր աշակերտը հայութեամբ կը շնչէ ու կը թրծուի։ Բաբգէն Սրբազան հպարտութեամբ նշեց, որ Արամ Մանուկեանի անուամբ մկրտուած այս հունձքի 51 շրջանաւարտները, արդէն իսկ պատրաստ ղեկավարներ են, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելով պիտի հարստացնեն համայնքի ազգային եկեղեցական կեանքը։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, բարերարներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն աշխատանքը եւ շնորհաւորեց բոլորը, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Ամավերջի հանդէսը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։
Նշենք, որ բոլոր շրջանաւարտները Քեպէգի Ազգային Ժողովի գնահատագրեր ստացան, տրամադրուած՝ Սէն Լորան շրջանի երեսփոխան Մարուա Րիզքիի կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան յիշատակի գրիչներ, տրամադրուած Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի վարչական խորհուրդին կողմէ, «ՆԱՐԵԿ» աղօթագիրք՝ տրամադրուած Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ քոյրերուն կողմէ, եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին աշակերտներու միութեան կողմէ պատրաստուած կերպասէ պայուսակներ։

Հանդէսէն ետք, շրջանաւարտներուն պատուին հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր «Ահարոնեան» սրահին մէջ, ուր անոնք հատեցին իրենց կարկանդակը, պարեցին ու յիշատակի լուսանկարներ առին իրենց հարազատներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։ Շրջանաւարտներուն խնճոյքը խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր հիւրերու եւ ծնողներու մեկնումէն ետք։

Ծառատնկում

Իսկ Երեքշաբթի, 18 Յունիսի առաւօտեան, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները վարդեր նուիրեցին շրջանաւարտ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, ապա բոլորը միասնաբար իրենց հունձքի կողմէ տնկեցին ծառ մը, որպէս խորհրդանիշ՝ ջահի փոխանցման, երկրորդականը աւարտող շրջանաւարտներէն գալ տարեշրջանին առաջին դասարան բարձրացող փոքրիկներուն, որոնք տարիներու ընթացքին պիտի արմատաւորուին, աճին ու ծաղկին, ինչպէս ծառը, այն պարարտ ու հարստացնող միջավայրին մէջ, զոր իր աշակերտներուն կը շնորհէ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը։

«Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի հանդէս

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան» Նախակրթարանի Զ. դասարանը աւարտող աշակերտներուն ամավերջի հանդէսն ու վկայագրերու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Յունիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Հայր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանի, Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան- Օլիվիէի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու, բարերարներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու:

Աշակերտներու եւ անոնց ուսուցիչներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որոնք մեկնաբանուեցան աշակերտներուն կողմէ։

Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիան Պայկըն, որ ողջունեց ներկաները, եւ հանդէսի բացման խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրեց վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Մարիքա Լանկլուա, որ իր կարգին ներկաները ողջունելէ ետք, իր խօսքը ուղղեց վկայուող աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Ամբողջացուցիք ձեր դպրոցական կեանքի կարեւոր մէկ հանգրուանը, հիմա պատրաստ էք նոր արկածախնդրութիւններու։ Նախակրթարանի ուսման տարիներուն, դուք յատկանշուեցաք ձեր ազնուութեամբ, կենցաղագիտութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ, իսկ ձեր դպրոցական յաջողութիւններու կողքին դուք առօրեայ դրութեամբ մարմնաւորեցիք մեր դպրոցի արժէքները, ինչպէս՝ յարգանք, պատասխանատուութիւն, յարատեւութիւն եւ գործակցութիւն»։

Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժնով խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։ Այնուհետեւ աշակերտները միասնաբար կատարեցին Enrico Macias-ի «Le mendiant de l’amour», K’Naan-ի «Wavin’ Flag» եւ հայրենի երգահան Մանէ Յակոբեանի հեղինակած, Ինգա Անոյշ Արշակեաններու «Հայ Հայ» երգերը, խմբավարութեամբ Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի։ Երգեցողութեան ընթացքին խումբ մը աշակերտներ հարուածային զանազան գործիքներու նուագակցութեամբ ընկերակցեցան երգերու կշռոյթին։
Երկրորդականի աշակերտներ Ժ. կարգէն՝ Վանա Գարայեան եւ Է. կարգէն՝ Սագօ Աշըգեան իրենց խօսքը փոխանցեցին նախակրթարանի աւարտականներուն, նշելով որ նոր առօրեայ մը կը սպասէ իրենց երկրորդականէն ներս, հետեւաբար պէտք է նախապատրաստուիլ դպրոցական նոր արկածախնդրութիւններու։

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն նշեց, թէ 50 տարի առաջ, գաղութին ղեկավարները երազ մը ունեցան, տեսիլք մը եւ անդրադարձան, թէ Քեպէգի մէջ հայ մնալու համար պէտք է ունենալ վայր մը, ուր նորահաս սերունդը ոչ միայն առիթը ունենար ծանօթանալու լեզուներու, գիտութեան եւ այլ հետաքրքրական նիւթերու, այլ նաեւ իրարու հետ հայերէնով խաղալու, սորվելու Սասունցի Դաւիթի նման հերոսներուն մասին…, հետեւաբար հիմնեցին այս վայրը, զայն կոչելով Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարան։ Լորի Ապրաքեան նշեց, որ այսօր 44-րդ խումբն է, որ կը բոլորէ նախակրթական իր ուսումը այդ նոյն տեսիլքին հաւատարիմ մնացած դպրոցէն ներս: «Այսօր ամուր քայլերով կ՚անցնիք դէպի երկրորդական վարժարան, շարունակելու ձեր ուսումը, շատերդ քալելով ձեր ծնողներուն, քոյրերուն կամ եղբայրներուն կերտած լուսաւոր ճամբայէն», ըսաւ ան, ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն եւ նախակրթարանի ուսուցիչներուն, որոնց անսակարկ նուիրումին շնորհիւ, մայրենի լեզուն կը ծաղկի աշակերտներու շուրթերուն վրայ, եւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան ոգին անոնց հայեացքով կը փոխանցուի երեխաներուն։ Ընդհանուր տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ հայ վարժարանին նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ այս վարժարանը կը գոյատեւէ 50 տարիներէ ի վեր:
Վկայագրերու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի, փոխ տնօրէնուհի Տիան Պայկընի եւ Զ. կարգի դաստիարակներու մասնակցութեամբ: Մրցանակներ յանձնուեցան պատուոյ գերազանց յիշատակութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան ուսումնական գերազանցութեան, իւրաքանչիւր դասանիւթի գերազանցութեան, համայնքային յանձնառութեան, ՀՅԴ ԳՊՄ-ի «Մհեր Ջուլհաճեան», ՀՕՄ-ի Գանատայի «Ծաղկիր Հայերէն», ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի, ՀՄԸՄ Լաւալի, մարզական ու ինքնագերազանցման կրթանպաստներ, ինչպէս նաեւ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի մրցանակները։

Հանդէսին եզրափակիչ բաժնով Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Հայր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ անդրադարձաւ հեռաւոր այս ափերուն նման վարժարանի մը դերին, հաստատելով որ այս դպրոցին շնորհիւ հայ աշակերտը կը սորվի իր լեզուն ու պատմութիւնը, կ’երգէ ու կը խօսի հայերէն, հպարտութիւն առթելով բոլորին։ Հայր Սուրբը մեծապէս գնահատեց տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, եւ մանաւանդ ծնողները, որոնք ճիգ չեն խնայեր նորահաս սերունդին հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբելու։ Ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները իրենց նախակրթարանի ուսումը յաջողութեամբ աւարտելուն եւ վկայուելուն առիթով։

Հանդիսութեան աւարտին աւարտականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն պատուին հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր «Ահարոնեան» սրահէն ներս, ուր աշակերտները կարկանդակը հատելէն ետք, առիթը ունեցան իրենց պատրաստած շնորհաւորական բացիկները նուիրելու իրենց հայրերուն, տրուած ըլլալով որ հանդէսին թուականը կը զուգադիպէր Հայրերու օրուան։

65 աշակերտներ աւարտեցին Ծաղիկ դասարանը

Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 2022-2023 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կը սպասէր անակնկալ մը, երբ անոնք անցնող տաս ամսուան իրենց ամբարած գիտելիքներով զինուած, աւարտականներու գլխարկներ կրած եւ տարբեր երկիրներու դրօշակները պարզած սկսան հպարտօրէն տողանցել նախակրթարանի միջանցքներուն մէջ, ուր ջերմ ծափողջոյններով եւ քաջալերական կանչերով դիմաւորուեցան դպրոցի աշակերտներուն կողմէ։ Անոնց տողանցքը աւարտեցաւ դպրոցի «Բաստրմաճեան» թատերասրահ, ուր համախմբուած էին իրենց ծնողները, մեծ անակնկալ մատուցելով իրենց։ Փոքրիկները խանդավառութեամբ իրենց տեղերը գրաւեցին, իրենց աշխատանքներով զարդարուած բեմահարթակին վրայ եւ սկսան յաջորդաբար կատարել դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին սորված փունջ մը հայերէն ու ֆրանսերէն երգեր, որոնք արտացոլումն էին դպրոցէն ներս կազմաւորուող իրենց փոքրիկ ներաշխարհին։ Գեղարուեստական յայտագրի աւարտէն ետք, վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիան Պայկըն իր կարգին ողջունեց ծնողները եւ գնահատեց անցնող տարեշրջանին աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին տարած աշխատանքը, որուն ականատեսը դարձան ծնողները։ Ապա աշակերտները վարժարանի փոխ տնօրէնուհիներ Տիան Պայկընի եւ Սվետլանա Ռագույի ձեռամբ ստացան Ծաղիկ դասարանը ամբողջացնելու իրենց վկայագրերը։

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան իր կարգին շնորհաւորեց աշակերտներն ու ծնողները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին անոնց ջանքերուն եւ բեղուն ուսումնական տարեշրջան մը բոլորելուն համար։ Ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան «Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան» խմբավայր, ուր իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներ համախմբուեցան հատելու իրենց դասարանի կարկանդակը, իսկ ծնողներուն համար պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։

Նշենք նաեւ, որ այս առիթով աշակերտները որպէս նուէր ստացան իրենց անուններով պատրաստուած Իզապէլ Լըպլանի հեղինակած ֆրանսերէն յիշատակի պատկերագիրք մը, խորագրուած «Ծովահէններուն դպրոցը» (L’ecole des Pirates), որուն մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ իր գիրքին հերոսն էր, իր դասընկերներուն ու ուսուցիչներուն հետ։

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Տեղեկատուական գրասենեակ

Comments are closed.