37 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը Եւ Կոչուեցան «Արամ Մանուկեան» Սերունդ
1108
0
Յուլիս 5ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 37 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին:
Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ դաշնակցական մարդու պարտաւորութիւններուն մասին` շեշտելով, որ այս կուսակցութեան կառոյցը անհատներէ վեր է, անոր գաղափարականութիւնը խստօրէն սկզբունքային է եւ ծրագրային առաջադրանքները համազգային տեսլականներ են:
Ընդունելով նորագիրներուն երդումը Տէր Խաչատուրեան Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործող սերունդը անուանեց «Արամ Մանուկեան» սերունդ, համազգային հերոսին ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 105-ամեակին առիթով:
Comments are closed.