Եթէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, առաջին հերթին գահավիժող այս ընթացքը կը կասեցուի
Օրերս Հալէպ ժամանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ եղաւ բանախօսը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 106-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութեան։ «Գանձասար» այս առիթով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին հետ.
«Գանձասար»- Բարի եկած էք Հալէպ։ Ներկայիս մեր բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վրայ։ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը նկատելիօրէն զարգացում կ’ապրի թիւի եւ մարտավարութեան իմաստով, սակայն իշխանութիւնները ցարդ կ’անտեսեն ընդդիմութիւնը համախմբած այս շարժումը։ Ինչպիսի՞ զարգացում կրնայ ապրիլ եւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ այս պայքարը։
Խաժակ Մկրտիչեան- Ես հակուած եմ այս շարժումը չբնութագրել իբրեւ իշխանութիւն ընդդիմութիւն տարակարծութիւններու կամ հակասութիւններու շարժում, որովհետեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը ներքաղաքական սովորական պայքարէ մը շատ աւելին է։ Նախորդ շարժումները՝ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում կամ Դիմադրութեան Շարժում, նոյնպէս այդ մեկնակէտը ունէին։ Եղածը սովորական ներքաղաքական, կամ իշխանութեան համար մղուող պայքար չէ։ Սակայն նկատի ունենալով որ նախորդ շարժումները նախաձեռնողները եղած էին քաղաքական կուսակցութիւններ, ընդդիմադիր հոսանքներ, ժողովուրդին մօտ ընկալուեցաւ իբրեւ այդպիսին, իբրեւ ներքաղաքական գզվրտոց, ներքաղաքական պայքար, չընկալուեցաւ իբրեւ հայրենիքի փրկութեան եւ կենաց մահու խնդիրի, Արցախի ճակատագիրին համար մղուած պայքար։ Այդ լրջութիւնը չընկալուեցաւ ժողովուրդի կողմէ։
Այս շարժումին տարբերութիւնը այն է, որ իր կազմակերպուածութեամբ, արտաքին պատկերով եւ ինքնաբուխ ծնունդով ան վերկուսակցական, վերքաղաքական շարժում է, ազգային խնդիրներ կ’արծարծէ, նաեւ շարժումի առաջնորդին կերպարը նկատի ունենալով։ Հոգեւորական մը այսօր անհրաժեշտութիւն զգացած է շարժումը ղեկավարելու. հոգեւորական մը, որ ինքնաբերաբար չունի քաղաքական այլ հեռանկարներ, շահագրգռուած չէ, զորօրինակ, յաջորդ ընտրութիւններով իշխանութիւն զաւթելու։ Հետեւաբար ակնյայտ է, որ այսօր պայքարը ազգային խնդիրներու մօտեցման շուրջ է։
Աւելի յստակացնելու համար կարելի է ըսել, որ ապազգայինի եւ ազգայինի բախում է, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ։ Իսկ ի՞նչ արդիւնք կրնայ ունենալ իր տարողութեամբ հարցումին պատասխանելով կարելի է ըսել, որ շարժումը մինչեւ օրս յուսադրիչ տուեալներ կը ներկայացնէ հանրութեան՝ իր ծաւալով, իր բովանդակութեամբ, իր ազդեցիկ պատկերով. յստակ է նաեւ այս շարժումին ներազգային եւ ինքնաբուխ ըլլալու իրողութիւնը, զերծ արտաքին որեւէ ուժի աջակցութենէ կամ դրդումէ։ Այս բոլորը երեւելի են, բայց միեւնոյն ատեն երեւելի է այս շարժումին արտաքին ուժերուն կողմէ վերապահութեամբ ընկալուելու մօտեցումը, որովհետեւ այսօրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը տեղ մը նաեւ շարք մը արտաքին ուժերու հաշուոյն կու գայ, իրենք անոր մէջ կը տեսնեն իրենց սեփական շահին յառաջ մղման կարելիութիւնը։
Կը նկատենք, զորօրինակ, որ միջազգային մամուլին մէջ տասնապատիկ անգամ աւելի հետաքրքրութիւն կայ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցածներուն նկատմամբ, քան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածին։ Այս իրողութիւնը կրնայ հասկնալի թուիլ, որովհետեւ այս շարժումը ունի հայկական արեւելում, ո՛չ արեւմտեան, ոչ ալ ռուսական արեւելում։ Ան զուտ հայկական արեւելումով առաջնորդուած է։ Միւս կողմէ ուսումնասիրութիւններ յստակօրէն ցոյց կու տան, որ այսօրուան իշխանութիւնը չունի բացարձակապէս այն ժողովրդային յենարանը կամ նուազագոյն աջակցութիւնը ներազգային իմաստով, այլ կրցած է ոտքի մնալ զուտ ուժայիններու վրայ հիմնուելով։ Այդ ուժայինները պէտք է իսկապէս կողմնորոշուին, թէ իրենք հայրենիքի՞ն կը ծառայեն, թէ՝ իշխանութեան։ Մինչեւ այսօր իշխանութեան կը ծառայեն եւ իրենց նոյնիսկ ապօրինի եւ ոչ համաչափ այդ վերաբերմունքը ցուցարարներուն նկատմամբ այդ ցոյց կու տայ։
Օրինական իմաստով, այս շարժումը իր նպատակը ուրուագծած է։ Վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ եւ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Իշխանութիւններուն նկարագիրը այդպիսին է, որ կարծէք թէ հեշտութեամբ այդ քայլին ուղղուելու տրամադիր չեն, կայ նաեւ երկրորդ տարբերակը՝ վարչապետին պաշտօնազրկումը, որ կարելի է իրականացնել խորհրդարանէն ներս, սակայն այդ նպատակը իրականացնելու համար երեսունվեց քուէի կարիք կայ, պէտք է ուրեմն տասնութ պատգամաւորներ Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութենէն իրենց տեսակէտը փոխեն ու իսկապէս մտածեն Հայաստանի եւ պետականութեան շահերուն մասին։
Եթէ այդ մէկն ալ տեղի չունենայ, կը կարծեմ, որ գոյութիւն ունին սահմանադրական այլ տարբերակներ. իշխանափոխութեան կրնան հասնիլ, օրինակ, երբ ընդդիմութեան պատգամաւորները իրենց լիազօրութիւնները (մանդատները) վար դնեն, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ քաղաքական ճգնաժամ. քաղաքական ճգնաժամը կրնայ յանգիլ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու, սակայն այստեղ այլ մտավախութիւն կրնայ յառաջանալ, երբ վարչապետը ձեւականօրէն հրաժարական տայ, ինչպէս եղած է նախապէս՝ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացած են, բայց խնդրոյ առարկան մնացած է վարչապետի պաշտօնակատար եւ օգտագործած է պետական լծակներ՝ ի նպաստ իր վերարտադրութեան։
Այս պարագային ընդդիմութիւնը կրնայ պահանջք ներկայացնել, որ յամենայնդէպս հրաժարած վարչապետը ինք պէտք չէ ըլլայ վարչապետի պաշտօնակատար արտակարգ ընտրութիւններու ընթացքին։ Նման բեմագրութիւններ կրնան ի գործ դրուիլ, սակայն դժուար է կանխատեսել, թէ ո՞ր մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ։
«Գ.»- Իշխանափոխութեամբ ի՞նչ կարելի է փոխել այս թաւալգլոր կացութենէն, յատկապէս Հայաստանի անվտանգութեան եւ ընդհանրապէս ազգային մեր նպատակներու տապալման վտանգին լոյսին տակ։ Ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կան շարժումին դիմաց՝ նկատի ունենալով թշնամի եւ միջազգային ուժերու տարածաշրջանին մէջ ունեցած դերը նաեւ։
Խ.Մ.- Եթէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, առաջին հերթին գահավիժող այս ընթացքը կը կասեցուի, որովհետեւ քաղաքական ողջ գործընթացը, նոյնիսկ միջազգային չափանիշներով, սխալ հունի մէջ է, նեռարեալ՝ սահմանազատումն ու սահմանագծումը։ Հետեւաբար այս ընթացքը կասեցնելը ինքնին բաւական մեծ նուաճում կ’ըլլայ։
Երկրորդ՝ յառաջիկայ քայլերուն մէջ կան հնարաւորութիւններ քաղաքական ընթացքը ուղղելու համեմատաբար դէպի հայանպաստ ուղղութիւն։ Ամէնէն պարզ օրինակը հետեւեալն է՝ այսօր հարիւրքսան հազար արցախահայ Հայաստան կը գտնուի եւ լռութեան մատնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ, բայց միջազգային բոլոր չափանիշներով եւ իրաւունքներու հասկացողութեամբ արցախահայութեան հարցը պէտք է արծարծուի մարդկայնօրէն ու իրաւականօրէն։ Արցախահայութիւնը լռութեան մատնելը այսօրուան իշխանութեան ապաշնորհ ըլլալուն հետեւանքն է, գէթ նոր իշխանութիւն գալով հնարաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ արցախահայութեան ձայնը լսելի դարձնելու եւ վերադարձի իրաւունքը միջազգային ատեաններու մէջ արծարծելու։
Երրորդ՝ նոր իշխանութիւնը կրնայ սրբագրել մեր դաշնակիցներու հետ խափանուած յարաբերութիւնները առանց ընդդիմանալու արեւմուտքին կամ այլ կողմի։
Ասոնք կարեւոր փոփոխութիւններ են, որոնք կրնան տեղի ունենալ միայն իշխանափոխութեան միջոցով եւ կրնան որոշ յոյս ներշնչել յառաջիկայ գործընթացները համեմատաբար դէպի հայանպաստ ուղղութեան առաջնորդելու։
«Գ.»- Սփիւռքը ընդհանրապէս հայեացքը ուղղած է դէպի հայրենիք: Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները որոշ տեղ մը մերձեցում ապրած էին, բայց վերջին տարիներուն այդ կապը աստիճանաբար տկարացաւ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքով։ Սփիւռք-հայրենիք գործակցութիւնը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք։
Խ.Մ.- Առաջին նախապայմանը, որ պէտք է ըսել նաեւ, որ նախորդ բոլոր իշխանութիւններու օրով ըստ արժանւոյն չէր դրսեւորուած այն է, որ Սփիւռքը պէտք է դիտել իբրեւ ռազմավարական լծակ եւ արժէք։ Սփիւռքը հայրենիքին մէջ իր գոյութիւնը ամրապնդող գործօն կը տեսնէ: Անկախ պետութիւն ունենալը Սփիւռքի համար թէ՛ հոգեբանական իմաստով, թէ՛ գործնական իմաստով կարեւոր կռուան մըն է ինքնութեան պահպանման եւ ազգի զարգացման համար, բայց Հայաստան պէտք է ունենայ ազգային ռազմավարական հայեցակարգ, որուն մէջ նաեւ Սփիւռքի ներդրումը ապահովէ։ Սփիւռքը ըսելիք պէտք է ունենայ Հայաստանի մէջ մշակուելիք ազգային հայեցակարգին մէջ՝ որպէս հայ ազգի մէկ կարեւոր մասնիկ:
Այդ դերակատարութեան մեքանիզմները կարելի է գտնել, խորհրդարանէն ներս սփիւռքահայութեան տեղ տալով, կամ Սփիւռք-Հայաստան ռազմավարական քննարկումներու նոր ձեւեր մշակելով, դեսպանատուներու միջոցաւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները այլ որակի բարձրացնելով եւ այլն։ Հիմնականը ընդհանուր այն միտքն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է Սփիւռքը դիտէ իբրեւ ռազմավարական լծակ եւ ոչ թէ միայն ներդրումներու աղբիւր։ Այս եւ նախորդ իշխանութիւնները ազգային հայեցակարգի մշակման մէջ Սփիւռքը իբրեւ ռազմավարական գործօն չեն ունեցած: Բայց այս իշխանութիւններուն ժամանակ շատ աւելի ողբերգական են Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները, որովհետեւ այս իշխանութիւնները ուղղակի, յստակօրէն նպատակ դրած են Սփիւռքի կազմակերպ շրջանակաները շրջանցել եւ ստեղծել այլ անհասկնալի ինչ որ յենարաններ, որոնք Սփիւռքի մէջ պարակտող ազդեցութիւն կրնան ունենալ եւ Սփիւռքի դերակատարութիւնը նուազագոյն մակարդակի իջեցնել:
«Գ.»- Որպէս «Գանձասար»-ի առաջին խմբագիր կը պատմէ՞ք հիմնադրութեան օրերէն։ Թերթը ինչպիսի՞ պահանջէ թելադրուած ծնունդ առաւ եւ այսօր՝ երեսուն տարուան հեռաւորութենէն դիտելով, ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք անոր գոյութիւնը։
Խ.Մ.- Մտաբերելով այդ օրերը յայտնեմ, որ շրջանին մէջ թերթ ունենալու արդար պահանջք կար, որովհետեւ համայնքը վաթսունականներէն ի վեր սեփական թերթ ունենալու կարելիութենէն զրկուած էր, ունենալով հանդերձ տարբեր պարբերականներ։ Սուրիահայութիւնը իր հոգեւոր սնունդը կը ստանար Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող թերթերու միջոցաւ՝ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ», որոնք կանոնաւոր յաճախականութեամբ կը հասնէին գրեթէ Սուրիոյ բոլոր հայաբնակ քաղաքները։
Այդ թերթերուն մէջ երբեմն տեղ կը գտնէր նաեւ այստեղ տեղի ունեցած ձեռնարկներու թղթակցութիւններ, սակայն սուրիահայութիւնը ամբողջութեամբ ինքզինք չէր տեսներ լիբանանահայ մամուլին մէջ բնականաբար։ Ուստի կարիքը ունէր ինքզինք արտայայտող բեմի մը։ Երկրորդ՝ Սուրիոյ մէջ ճեմարաններու եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի գոյութեան պայմաններուն մէջ կային տեղական նկատառելի գրիչներ, որոնք տեղ մը արտայայտուելու կարիքը ունէին։ Այս բոլորին հետեւանքով յառաջացաւ մեր տեղական մամուլը ունենալու պահանջքը։ Այդ օրուան կարելիութիւններով եւ ի պատիւ Սուրիոյ կառավարութեան, որ ընձեռած էր այդ կարելիութիւնը, որոշուեցաւ ունենալ սեփական մամուլ նաեւ աշխարհասփիւռ սուրիահայութեան ներկայացնելու մեր ծննդավայրի եռուն կեանքին մանրամասնութիւնները։
Թերթը առաջին օրէն ամէն ջանք թափեց, որ չունենայ հատուածական դիմագիծ եւ դառնայ ողջ սուրիահայութեան ձայնը արտայայտելու միջոց։ Կրնամ հաստատել որ այդպէս ալ ընկալուեցաւ ու այդ դիմագիծը պահպանուած է մինչեւ այսօր։
Ես միայն դրական գնահատանքով կրնամ խօսիլ «Գանձասար»-ի տասնամեակներու վրայ երկարող գործունէութեան մասին, որովհետեւ հեռուէն հետեւելով, նաեւ սուրիահայութեան ձայնը լսելով կը տեսնեմ, որ «Գանձասար»-ը իր ճիշդ դերին մէջ է, ու հակառակ Սուրիոյ աղէտալի պատերազմին «Գանձասար»-ը կամք ունեցած է շարունակելու անխափան, ինչ որ շքանշան մըն է՝ կախուած «Գանձասար»-ի աշխատակիցներուն կուրծքին, որովհետեւ մամուլի աշխատանքը ծանր ըլլալով կարելի է պատկերացնել, թէ որքա՛ն դժուար է երկրի նման պայմաններուն մէջ հերթականօրէն թերթ հրատարակելը։
Նկատելի է երիտասարդ գրիչներու ներկայութիւնը «Գանձասար»-ի մէջ: Ուստի, կրնանք հաստատել, որ եթէ այլ գաղութներու մէջ կարելի կ’ըլլայ հայկական վարժարաններու մէջ գէթ հայերէն ընթերցող պատրաստել, Սուրիոյ հայկական վարժարանները թերթի խմբագրութեան հետ գործակցաբար, ընթերցողի կողքին, թերթի աշխատակիցներ ու գրողներ պատրաստած են նաեւ, թէեւ ներկայ պայմաններուն մէջ ոչ ակնկալուած համեմատութեամբ։
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան
Comments are closed.