Որպէս Անմիջականի Օրագրութիւն. Աշտարակ. Ընկուզենիի Եւ Եղրեւանիի Ստուերին․
Յակոբ Պալեան
Լրագրութեան եւ գրականութեան սահմանը հատելով պէտք է խօսիլ: Հայաստան եւ հայրենիք զգալով, պատմութիւն եւ հայութիւն շնչելու, նախահայրերու կոխած հողին վրայ կանգնելու համար պէտք է հեռանալ այն վայրերէն, ուր փողոցները, շէնքերը, վաճառատուները, ճաշարանները, ժամանակակից կեանքի հեւքով զիրար հրմշտկող ինքնաշարժները կը ստեղծեն այն խաբկանքը, որ կը գտնուինք Նիւ Եորքի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի կամ Պէյրութի պերճ թաղամասերէն մին: Այս կապկումային արդիականացման ներխուժումը ձեւափոխած է Հայաստանը: Այս ըսել ու այսպէս մտածել` սպառողական ընկերութեան եւ զբօսաշրջիկի ըմբռնումին ու ակնկալութիւններուն դէմ մեղանչում է, յետադիմութիւն:
Երեւանի Հիւսիսային պողոտայով եբբ կը քալեմ, ինքզինքս կը զգամ Փարիզի Ռիվ Կոշ թաղամասը, կամ` Պէյրութի զբօսաշրջային վայրերը, Կլենտէյլ, կամ Նիւ Եորքի Ֆիֆթ Աւընիւն: Եթէ այսպէս շարունակուի «պեթոնապատում»-ը, Թամանեանի Երեւանէն ինչ որ մնայ, պիտի ըլլայ անցեալի թանգարանային յիշատակ, տեսարժան վայր:
Պատմութիւն լսելու, հարազատութիւն զգալու, շարունակութեան գիծին վրայ ինքզինքս գտնելու համար Աշտարակ կ’երթամ: Հոն զիս կը դիմաւորէ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը (1770-1857): Ճամբան կը տանի Օշական` մեր ազգային ինքնութեան վէմը հանդիսացող դարերու դէմ կանգնած Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը… Պատմութիւնը կը խօսի, եւ կը լսէք: Եթէ շրջիք, կը գտնէք բարձունքի վրայ եկեղեցի մը, որուն դիմաց կայ լուռ դամբարան մը, ուր կը հանգչի բանաստեղծ Գէորգ Էմին, որուն դառն հեգնանքը մեր ժողովուրդի մասին միշտ պէտք է յիշել, որպէս բուժիչ դարման: Ան ըսած էր. «… Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել, բայց սպայ է ամէն մի հայ»… Եթէ «ամէն մի հայ» լսէ այս հոգեբանական ախտաճանաչումը, բարիք կ’ընէ իր անձին եւ ազգին. Հայաստան եւ սփիւռքներ, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, սունկի պէս բուսած ֆէյսպուքային բանգէտներ:
Գործարարներ եւ տեսարժան վայրեր նկարող «տուրիստ»-ներ հոս չեն գար: Էմիններ բացակայ են իրենց հոգիի եւ հետաքրքրութիւններու պաստառներէն: Չեն լսած եւ չեն լսեր էմինները: Պիտի լսե՞ն օր մը, որպէսզի դադրին «հայրենասէր տուրիստ» ըլլալէ», ըլլան «տէր» եւ շարունակութիւն:
Աշտարակ տիտղոսակիրներ չկան: Հոն կը հանդիպիք շինարարի որդի շինարարի, որուն զաւակը բանակ գացած է, երբ ան վերադառնայ, երկրորդն ալ պիտի երթայ: Ասոնք անաշխատ փող շահելու հետամուտ չեն: Պարտէզ բակին վրայ ամպհովանի եղող ընկուզենիի եւ եղրեւանիի ստուերին «հայրենասէր տուրիստներ»-ը չեն լսեր Շուշան մայրիկը, անորոշ տարիքով աթոռի մը վրայ նստելով` չեն վայելեր անոր սուրճը, թխուածքը, պոպոկի անուշեղէնը եւ խաղողով ու ընկոյզով պատրաստուած քաղցրաւենիք շարոցը: Հոս օղակներով շարունակուող հայ կեանք կայ, մարդիկ, որոնք երկիր կը պահեն` ընելով այնպէս, որ հողը ըլլայ եւ մնայ Հայաստան:
Աշխատանքէ կը վերադառնայ բանակ գացող երկու որդիներու մայր լաւաշ թխող Անուշը, որ Լաուրա կամ Անասթազիա չէ, որ կ’ըսէ, թէ կը սիրէ գիրք կարդալ, ի հարկէ` հայերէն:
Հարս Անուշի մազերը երկրի գինիի գոյնը ունին, վարսավիրի խնամքով չեն ածխացած, ոսկեջուրի մէջ չեն թաթխուած, մատները եւ եղունգները հոլիվուտեան չեն, ստամներուն վրայ «հոլիվուտեան ժպիտ»-ի սպիտակ կեղծատամ չկայ: Քիթը եւ շրթները իրեն կը պատկանին, մի ոմն վիրաբուժ չէ քանդակած զանոնք: Հարս Անուշը մինչեւ ե՞րբ կրնայ այսպէս մնալ եւ դիմադրել աճող ու զարգացող փուճ գեղեցկացման հոսանքին` հասնելու համար օր մը հայելիին մէջ ինքզինք չճանչնալու օտարման:
Շուշան մայրիկը գիւղամիջով եւ իրենց դրան առջեւէն անցնող առուի հոսանքին առջեւ փայտ մը դրաւ, եւ ջուրը գլգլալով սկսաւ անցնիլ պարտէզի ածուներով` կենդանացնելու համար որթատունկերը, լոլիկները, դդումները, ծիրանենին, դեղձենին:
Ասոնք իրաւ հայրենասէրներն են, հայրենատէրերը:
Ինչպէ՞ս ընել, որ ընկուզենիի եւ եղրեւանիի շուքին հայ կեանքը չխաթարուի: Չես գիտեր` ինչո՞ւ բանգէտներ եւ գրողներ, մեծ ու պզտիկ, հայերէն եղրեւանին կը կոչեն եասաման…
Տուրիստ պտտցնող ընկերութիւնները ինչո՞ւ հայութիւն եւ ազգային ըմբռնում սրսկելու համար զուարճացողները եւ փողոցները չափողները, սրճարաններու եւ ճաշարաններու աղմկող ինքնագոհները չեն տանիր նաեւ Շուշան մայրիկներու բակը, որպէսզի տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ եւ տէր ըլլալ հողին, թէ` կան նաեւ առանց կեղծ թարթիչներու եւ փուչիկի պէս ուռած շրթներու բանակ զաւակ ղրկած լաւաշ թխող երիտասարդ մայրեր:
Առանց փողի եւ թմբուկի հայրենիք պահող համեստներու բանակ կայ, որ չի տողանցեր պսպղուն լուսափեղկերով վաճառատուներու առջեւ, լուսաւոր եւ աղմկալի պողոտաներու վրայ, որ «հանգիստի» չ’երթար Անթալիա, Ֆրանսիա, Յունաստան, Բելգիա, որ ծոցի գրպանին մէջ «կրին քարտ» չունի:
Շուշան մայրիկը պոպոկի անուշ եւ թխուածք հիւրասիրեց: Հարս Անուշը տաք լաւաշ բերաւ: Հիմա կը սպասեն, որ Արտուշը բանակէն վերադառնայ, եւ այդ իրենց կեանքի մեծ իրադարձութիւնը տօնեն:
Շուշան մայրիկին, հարս Անուշին, ընտանիքի հայր շինարարի որդի շինարարին, բանակ գացած Արտուշին պիտի չհանդիպիք Հիւսիսային պողոտայի վրայ կամ այդպէս տեղեր: Անոնց բնական կեանքը ընկուզենիի եւ եղրեւանիի շուքին կ’ընթանայ: Գիւղամիջի առուն կը թեքեն, ջրտուք կ’ընեն եւ հայրենիք կը պահեն:
Ջրտուք բառը դադրած էր բառարանիս մաս կազմելէ: Հիմա ան արթնցուց բանաստեղծին յիշատակը, որ սպառողական ընկերութեան մէջ հեւացողներուն հացուպանիրը չէ: «Հայրենասէր տուրիստ»-ները այդպիսի ժամանակավրէպ բաներով չեն զբաղիր: Բախտաւոր պարագային, քաղաքականութիւն եւ ցոյց կը մեկնաբանեն: Թէեւ առանց «տուրիստ» ըլլալու այդ ընող «առաքեալ»-ները, բազմաթիւ լեզուներով, ամէն տեղ են, համացանցի անսահմանութեան մէջ:
Թաքնուած Աղվերան`
Կոտայքի Զուիցերիան
Հայաստանեան ձմեռը շարունակող գարնան շաբաթ օր մը ընկերներ մեզ հրաւիրեցին փիք-նիքի: Խորհեցայ, որ մօտակայ գիւղ մը պիտի երթայինք աւանդական խորոված վայելելու: Չզարմացայ, թէ ինչո՛ւ կանուխ ճամբայ պիտի իյնայինք: Միայն ըսին, որ Աղվերան պիտի երթանք: Վայրին անունը չէի լսած: Չէի իմացած, որ այդ անունով «տեղ» կար Հայաստան: Ցարդ ոչ ոքէ լսած էի անոր մասին: Քարտէսներու վրայ ալ չէի հանդիպած այդ անունով վայրի:
Ինքնաշարժները սուրալով անցան գիւղերու կողքէն: Ջերմանոցներ իրարու կը յաջորդէին, նորակառոյց բնակարաններ կային դաշտերու մէջ: Երբեմն նաեւ գործարաններու ծխնելոյզներ կը ցցուէին: Երեւան արձակուրդի եկող-գացողներ չեն տեսներ երկրի այս թաքուն մասը, որ Գառնի, Խոր Վիրապ, Էջմիածին կամ Հիւսիսային պողոտայ չէ:
Կը բարձրանանք անտառուտ լեռներու կողքով: Թաց գարունը եւ ամպերը ճանապարհն ու հորիզոնը պարուրած են մուգ կանաչով: Սարալանջերու միօրինակութեան վրայ յամրաքայլ կը յառաջանան եղջերաւոր անասուններ: Ճամբեզրին երբեմն «մարկետ»-ներ եւ լաւաշի փուռեր կան:
Ինքնաշարժները կանգ առին փայտ եւ լաւաշ գնելու համար: Ապա սկսանք բարձրանալ բլուրներու ոլորաններով: Վար իջած երկինքն տակ, անտառներու մէջէն կ’անցնէինք: Ըսին, որ ծառերու ետին կը հոսէր անտեսանելի եւ ֆշշացող Հրազդանը:
Տարբեր Հայաստանի մը մէջ էինք: Երբեմն կը հանդիպէինք քանի մը անասուն իր առջեւ ձգած շինականի: Դարերու մէջէն անցած լեռներու, բնութեան եւ իր շնչառութեամբ ապրող հայրենի անեղծ տարածքի կեանքին մէջ էինք: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը յիշեցնէին ասդին անդին մնացած ինքնաշարժներու կմախքները եւ կտուրներու ալեհաւաքները:
Բլրան մը գագաթը շրջանցեցինք եւ ծառերու մէջ թաքնուած կիսամութ բացատի մը մէջ կանգ առին ինքնաշարժները: Խոնաւ ցուրտ մը կար: Բլրան գագաթին արձակուրդի եկողներու համար կառուցուած բնակարանի մը դուռը բացին: Երբ դրան առջեւն էինք, կը լսուէր անտեսանելի առուի մը խոխոջը: Ըսին, որ 1700 մեթր բարձրութեան վրայ էինք:
Պարտասած շուրջ երեք ժամ տեւած արշաւէ ետք, աթոռի մը վրայ հանգչեցանք: Լոյսը վառեցին եւ ելեկտրական վառարանը միացուցին: Դուրսը կրակ վառեցին խորովածի համար: Մեծղի սեղանին վրայ դրուեցան զանազան ուտեստներ եւ գնիի շիշեր` սպասելով, որ հասնի խորովածը, որ չուշացաւ, եկաւ մեծ շամփուրներով: Ոմանք գինիի թէ յոգնութեան պատճառով փորձեցին մրափել:
Դուրս ելայ կրակի բոցը դիտելու եւ տաքնալու համար: Այն տպաւորութիւնը ունէի, որ երկրի եւ երկինքի միջեւ կախուած տեղ մըն էի: Զբօսաշրջիկի հետաքրքրութեամբ նկարելու փորձութիւն չունեցայ:
Մէկ օրուան համար վարձուած տան վրայ անգլերէն բառով «քոթէյճ» գրուած էր: Ժամանակի շրջանակէն դուրս մնացած տնակներ կային: Շուրջբոլորը ասուն եւ անասուն չտեսայ: Պահը այնպէս էր, որ օրուան լոյսը կարծէք մաղէ մը կ’անցնէր: Զիրար խաչաձեւող ծառերու եւ ճիւղերու ետեւէն կը լսուէր հոսող ջուրի խոխոջ:
Հոս ժամանակը կանգ առած էր: Աջ դարձայ, ձախ դարձայ մարդ տեսնելու համար: Առանձին էի: Ուզեցի գիտնալ, թէ որոնք կը բնակէին այս երկնամերձ բարձրութեան վրայ, ուր անսահմանութեան զգացողութիւնը կ’իշխէր, ուր կը լսուին ինքնամաքրման խորհուրդներ: Առանց հանդիպելու եւ զրուցելու հայաշխարհի տէր կանգնող հոն ապրող մարդոց հետ` հոգեկցութիւն զգացի: Անոնք կ’ընէին այն, որ մենք չենք կրցած ընել եւ չենք ըներ` հայրենատիրութինը եւ հայրենասիրութիւնը վերածած ըլլալով երգի, պարի, խրախճանքի, ճառի եւ «տուրիզմ»-ի: Հոն ապրողները ժառանգութեան եւ շարունակութեան երաշխաւոր էին:
Կիները հաւաքեցին սեղանը, այր մարդիկ մարեցին կրակը, փակեցին դուռը: Լեռներէն իջանք եզերելով Հրազդանը: Երեկոյ էր: Մտանք Երեւանի հեւացող իրարանցումին մէջ:
Գիշերը դիմեցի ամենագէտ ԿՈՒԿԸԼ-ին` գիտնալու համար, թէ ո՛ւր գացած էինք: Տեսայ պատկերներ, հիւրանոցներ, անտառներ: Դիտեցի` ինչ որ չէի տեսած: Հայրենիքի դրախտային տեսարաններ, տեսարաններ, որոնց չեմ հանդիպած: Նոյնիսկ Աղվերան անուան չեմ հանդիպած հեռատեսիլային հաղորդումներու եւ գիրքերու մէջ:
Աղվերան կայքին վրայ ըսուած է, որ հաղորդամիջներ եւ հիւրանոցներ կան, զորս չտեսանք մեր ճամբուն վրայ եւ կեցութեան երեք ժամերուն:
Հայրենի տարածքը ճանչնալու եւ անոր տէր զգալու համար պէտք չէ բաւարարուիլ միայն արդէն ծանօթ քաղաքներով եւ գիւղերով, այլ` պատկերացնելու համար երկիրը զայն հետախուզել նաեւ, որպէս տէր եւ ծառայ սիրելու համար:
Խռով Երեւան
Միշտ յամեցող գարնան զովը եւ անձրեւը արգելք են տունէն յաճախ դուրս գալու: Հեռատեսիլի բազմաթիւ կայանները տեւաբար կը խօսին եւ պատկերներ կը սփռեն: Անոնք թեր ու դէմ կարծիքներու եւ բազմապատկուող վերլուծումներու բեմ են: Հիմա արդէն իշխանութեան դէմ, անոր հրաժարումը պահանջող ցոյցեր կան: Նորութիւն չեն: Հայ մարդիկ կը բողոքեն, չեն հաշտուած հայրենիք Արցախի կորուստին հետ: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութիւնը կապարի ծանրութեամբ նստած է հոգիներու վրայ, Եռաբլուրը ուխտավայր է: Ազգի անսահման սահմայնացած սուգի հազարաւոր դրօշներով պանթէոն:
Կ’ընթանան սահմանագծման-սահմանազատման բանակցութիւններ: Հայկական եւ հայաբնակ գիւղեր կը տրուին, կը զիջուին, կը կիսուին: Հայ մարդու հօր, մօր, զաւկի գերեզմանը կը մնայ գծուող սահմանին միւս կողմը, կը տրուի հատուցում: Կարծէք զաւկի կամ հօր գերեզմանը սեղան կամ աթոռ ըլլար, որոնց տեղը կը փոխեն: Դպրոցի մը կէսը կը մնայ սահմանին այս կամ այն կողմը: Նշանաբան եւ առաջադրանք է խաղաղութիւնը, որուն համար հայրենի տարածքներով վճարուող գինը, որ անընդունելի կը համարուի բողոքի ցոյցի ելած զանգուածին կողմէ: Հայաստան եւ սփիւռք կը գրեն ու կը խօսին այս մասին, կը բողոքեն, բայց սահմանագծումները կը շարունակուին, հողեր կը տրուին: Կ’ըսուի նաեւ` փոխզիջում, որուն մասին ոչինչ կ’ըսուի:
Ինչպէ՞ս չյուզուիլ` ի տես եւ ի լուր զանգուածային բողոքի շարժումներուն, այնքան կը խօսուի եւ կը գրուի անոնց մասին, որ կրկնութիւն պիտի ըլլայ` ինչ որ ըսեմ:
Հոգիս խռով է նաեւ այլ պատկերի մը ի տես:
Յայտարարուած էր, բողոքի ցոյց պիտի ըլլար Ազատութեան հրապարակին վրայ: Բաղրամեան փողոցով, Գրողներու տան առջեւէն անցաւ հանրակառքը: Իջայ Օփերայի հրապարակի մօտակայ կայանը: Պարտէզին մէջ, ինչպէս միշտ, կը վաճառուէին գեղանկարներ: Նստարաններուն վրայ մարդիկ կային: Կարծէք` սպասում մը ունէին:
Շարունակեցի ճամբաս դէպի օփերա: Ճամբաներու վրայ, կողքի փողոցներուն մէջ անթիւ եւ անհամար ոստիկաններ կային, ջոկատներ, կառքեր: Կը լսուէին անոնց ահազանգային խլացնող սուլոցները: Ինչպէս կ’ըսուի, կային յատուկ միջամտութեան կարմիր բերետաւոր ոստիկաններ: Բազմաթիւ ինքնաշարժներ տեւաբար կ’աղմկէին իրենց ճչակներով:
Օփերային առջեւ գտնուող նստարանի մը վրայ, տարեց մարդոց եւ կիներու կողքին, տեղ մը գտայ եւ դիտեցի: Հանրահաւաքի համար եկող բազմութիւն չկար: Ըսին, որ ժողովուրդը կը քալէր Երեւանի փողոցներով` հասնելու համար Ազատութեան հրապարակ:
Սպասեցի: Միջադէպ մը պատահեցաւ. ոստիկանները երիտասարդ մը բռնեցին եւ տարին: Պատճառը չհասկցայ:
Աւելի քան երկու ժամ նստած մնացի: Զրուցեցի մշեցի հայ կնոջ մը հետ, որ կ’երազէր իր հայրերու քաղաքը տեսնել: Երիտասարդ եւ արդէն մեծ մայր Ժաննան մէկ խումբէն միւսը կ’երթար եւ ընդվզումով ճառ կը խօսէր:
Բողոքողներու բացակայութեան, զանազան գոյնի տարազներով ոստիկաններ կը խճողէին հրապարակը եւ կողքի փողոցները: Ի՞նչ կը պաշտպանէին սեփական ժողովուրդին դէմ, որ կրնար խմբուիլ եւ բողոքել:
Պարտուած ժողովուրդ մը, որ պառակտուած է: Փոխանակ վերականգնելով իր իրաւունքը վերագտնելու` ոստիկանական բռնութեան դէմ գտած է ինքզինք:
Եւ կը փորձէ համախմբուիլ յանդգնութիւն ունեցող եկեղեցականի մը շուրջ: Կը լսէ զայն:
Իշխանութիւն եւ ժողովուրդի զաւակներէն կազմուած ոստիկաններու բանակը պիտի լսէ՞ ազգի ձայնը` փոխանակ ըլլալու անոր ձայնը խեղդող խցան:
Այս խառնիխուռն մտքերով հանրակառք բարձրացայ:
Ահաւոր եւ լուռ տխրութեամբ համակուած` գտայ համակարգիչիս ստեղնաշարը ինքզինքս յիշելու եւ ինքզինքիս հետ խօսելու համար:
Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնեմ պճեղ մը յոյս` շնչահեղձ չըլլալու համար:
Comments are closed.