Սրբազան Պայքարին ներքին տրամաբանութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մօտաւորապէս 3 ամիս առաջ Տաւուշի մէջ ստեղծուեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը։ Անունը ամէն ինչ կը բացատրէ։
Շուտով այս շարժումը ստացաւ «Սրբազան պայքար» անուանումը, ոչ թէ անոր համար որ զայն առաջնորդողը հոգեւորական մըն էր (այս պարագային՝ Գանատայի թեմի նախկին եւ Տաւուշի թեմի ներկայիս առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը), այլ որովհետեւ, պայքարը, շարժումը կը միտէր սրբելու, մաքրելու այն կեղտը, որ կուտակուած էր մեր երկրին մէջ, զայն զետեղելով կործանումի ընթացքի մէջ։

ՌԱԶՄԱԴԱՇՏ ԵՒ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Իմաստուն զօրապետը, երբ կը ծրագրէ իր մղելիք մարտը, ի՛նք կ՚ընտրէ ռազմադաշտը։ Թշնամիին կը պարտադրէ կռուելու ի՛ր իսկ որոշած ռազմադաշտին վրայ։

Սրբազան պայքարը, առաջնորդութեամբ Բագրատ սրբազանին, ի՛նք ընտրեց իր ռազմադաշտը։ Այդ ալ գաղափարական եւ բարոյական դաշտն էր ու ոչ թէ զուտ քաղաքական բանավէճի ու հակամարտութեան։

Աւելի քան երկու ամիս առաջ, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս, տեղի ունեցան նիստեր, որոնց օրակարգը կառավարութեան կատարողականն էր. այսինքն՝ քպ-ական կառավարութիւնը հաշիւ պիտի տար, թէ անցնող համապատասխան ժամանակաշրջանին, ի՞նչ իրագործած էր իր ներկայացուցած ծրագիրներէն։

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը («Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները) համադրուած փաստերով, ապացոյցներով, ու նոյնինքն կառավարութեան մշակած ծրագիրներէն մէջբերումներով բզիկ-բզիկ ըրաւ իշխանութիւնը։ Օրինակ՝ ըսուեցաւ, թէ իշխանական կուսակցութիւնը իր նախընտրական խոստումներուն մէջ Արցախի մասին «Անջատում յանուն փրկութեան» եւ «Արցախի դէ-օկուպացիա» խոստացած ու նոյնութեամբ ներառած էր կառավարութեան ծրագրին մէջ, որուն հիման վրայ ալ ստացած էր ԱԺի վստահութեան քուէն. սակայն ատկէ վերջ, իշխանութեան ղեկավարը Փրակայի մէջ յայտարարած էր, թէ Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս (հետեւանքը ծանօթ է բոլորիս)։ Ու բազմաթիւ այլ օրինակներ եւս։

Տարբեր խօսքով, ընդդիմութիւնը այդ նստաշրջանին չոր ապացոյցներով երեւան հանեց այս իշխանութեան արդէն իսկ բացայայտ սուտերն ու կեղծիքները, որոնք աննախընթաց աղէտի յանգեցուցած էին մեր ազգը ( Ի դէպ, այնպէս չէր, որ այս իշխանութիւնը կը փայլէր իր պարկեշտութեամբ. բոլորս լաւ կը յիշենք, թէ 2018ի իրենց հաւաքներէն մէկուն ընթացքին կեղծեցին նոյնիսկ նահատակ հերոսի մը պապիկը… )

Իսկ ի՞նչ պատասխանեց գործադիր իշխանութիւնը։

Բովանդային առումով՝ ոչինչ, կատարելապէս ոչինչ։ Փոխարէնը՝ լուտանքներ «նախկիններուն» հասցէին, «ձեր օրերուն դո՞ւք ինչ ըրիք» մանկապարտէզի մակարդակի հակադարձութիւններ, ջղագրգիռ ճչոցներով ու ճղճղոցներով ընկերացող բառախաղեր, ու անվերջ manipulation-ներ։ Այս բոլորը՝ հեռատեսիլային ուղիղ սփռումով, հանրութեան աչքերուն դիմաց։

Այս խորապատկերին վրայ, Սրբազան պայքարին առաջնորդ Բագրատ սրբազանը իր բոլոր հրապարակային ելոյթներուն մէջ խօսեցաւ այս իշխանութեան ստախօսութեան, կեղծաւորութեան ու անգրագիտութեան մասին։ Ան անդադար հանրութեան շեշտեց, թէ սուտն ու կեղծիքն են այս իշխանութեան միակ յենարանները, ու հետեւաբար, իբրեւ ենթաթեքսթ, պէտք է մաշեցնել անոր հիմքերն ու յենարանները։

Փոխարէնը՝ Բագրատ սրբազանը առաջադրեց մասնագիտական մարդուժ գործի լծելով երկրի արդար կառավարում, ներքին հաշտութիւն, վերջ տալ ատելութեան խօսքին, որ օրական 24 ժամ իշխանական հարթակներէն կը լսուի ու կը տարածուի՝ սկսելով առաջին հերթին հանրային Հ1 ալիքէն, մասնակցութեամբ այլ իշխանամէտ թութակ-ալիքներէն ու լրատուամիջոցներէն, ու այս բոլորը՝ պետական գումարներով։

Տրուած ըլլալով, որ ատելութեան խօսքով յագեցած իշխանական քարոզչութիւնը աւեր կը գործէ այսօր մեր հանրային կեանքէն ներս (մինչեւ իսկ ընտանիքներէ ներս ներքին խզումներ յառաջացնելով), Բագրատ սրբազանը անդադար կը կրկնէր հանրային համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը, առաջին հերթին ատելութեան խօսքին վերջ դնելու պահանջով։

Սրբազան պայքարը Բագրատ սրբազանին բերնով բանաձեւեց 3 հիմնական պահանջներ։

1) Առաջին հերթին վերջ տալ սուտի ու կեղծիքի տիրապետութեան՝ ներկայ իշխանութեան հրաժարումով,
2) Մասնագէտներէ բաղկացած նոր կառավարութեան կազմութիւն, եւ
3) Նոր ընտրութիւններ, որոնց պիտի չմասնակցին նոր կառավարութեան անդամները։

Կարեւոր է շեշտելը, թէ պայքարը նաեւ իր շուրջ համախմբեց նախկին դիւանագէտներ, արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք արտաքին յարաբերութիւններու մշակման մէջ տասնամեակներու փորձառութիւն կուտակած էին։ Այս խումբը մէկը աւելի առիթներով, հանրային հարթակներէն ներկայացուց այս նոր, գալիք իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւնները, որոնք հիմնուած են բացառապէս հայկական օրակարգի, Հայաստանի պետական շահերը գերիվեր համարելու սկզբունքին վրայ՝ ի հակադրութիւն ներկայիս տիրող այն խառնաշփոթին, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները լուրջ դէմքերով կը կոչեն «արտաքին յարաբերութիւններ»։

Սրբազան պայքարի կարեւոր առաջադրանքներէն մէկն ալ ընկերային-տնտեսական արդար կարգերու հաստատումն է, ուր պիտի դադրին շահագործումն ու չարահումները, մարդիկ իրենց իրենց աշխատանքին դիմաց պիտի ստանան արդար վարձատրութիւն եւ հետեւաբար նաեւ՝ պիտի ունենան արժանապատիւ կեանք։

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տրուած ըլլալով, որ Քպ-ական այս իշխանութիւնը ոչ ըսելիք, ոչ ալ ընելիք ունի գաղափարական դաշտէն ներս, փորձեց այս շարժումը ներքաշել ֆիզիքական բախումներու մէջ, օգտագործելով ոստիկանական-դատախազական-դատական ամբողջ համակարգը։

Այսպէս, մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, երբ Սրբազան պայքարի համախոհները, գլխաւորութեամբ Բագրատ սրբազանին, հաւաքուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց՝ ոստիկանութիւնը եւ ներքին զօրքերը հրմշտուք ու ապա բախումներ հրահրեցին։ Բազմաթիւ անձեր բերման ենթարկուեցան, ապա՝ դատական կարգով ձերբակալուեցան «խուլիգանութեան» մեղադրանքով, ներառեալ նախկին փոխնախարար Աշոտ Յարութիւնեանը, որ մինչ այդ կանգնած կը հետեւէր իրարանցումին՝ տեսանկարահանող գործիքներու դիմաց քաշկռտուեցաւ ու տարուեցաւ։ Շարժումը չ՚ինկաւ բախումներու՝ իշխանութեան լարած որոգայթին մէջ։

Յաջորդ օրը, նոյն զօրքերը Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմնի նախագահ Աշոտ Սիմոնեանը 25-30 հոգիով խոշտանգեցին՝ ԳՄի շէնքին դիմացն իսկ, յուսալով որ բռնութեան մէջ կը ներքաշեն դաշնակցականները։ Իշխանութեան այդ փորձը եւս ձախողեցաւ։

Եւ վերջապէս, Յունիսի 12ին, երբ հազարաւոր ժողովուրդ հաւաքուած էր ԱԺի շէնքին մօտ, ուժայինները դարձեալ հրմշտուք-բախում ստեղծեցին ու ապա՝ աւելի քան 20 լուսաձայնային ձեռնառումբեր նետեցին բազմութեան մէջ, խոշտանգեցին լրագրողներ, ջարդեցին անոնց նկարահանող գործիքները։ Եղան մօտ 100 վիրաւորներ (ըստ ոստիկանութեան՝ նաեւ քանի մը ոստիկաններ)։

Բայց ժողովուրդը ոչ միայն խոյս չտուաւ դէպքին վայրէն (ինչպէս կը յուսար իշխանութիւնը), այլ աւելի՛ բազմացաւ։ Այս կէտը շատ կարեւոր է, որովհետեւ փաստօրէն Բագրատ սրբազանին գաղափարական պայքարի շեշտադրումները ամրապնդած են մարդոց հաւատքն ու կամքը, առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան։

Կարեւոր է ընդգծելը, թէ Շարժման մասնակիցներուն մէջ աչքառու տոկոս կը կազմեն երիտասարդներն ու իգական սեռը (իր տարիքային բոլոր շերտերով)։ Իսկ Յունիսի 12ի «ռմբակոծումին», իգական սեռին ոչ իսկ մէկ ներկայացուցիչ խոյս տուաւ։

Իշխանութիւններու մանկապարտէզի մակարդակի մտայնութեան արտայայտիչն էին այն դրուագները, ուր հրմշտուք-բախումներուն ընթացքին, ոստիկանները կը հայհոյէին ժողովուրդին ու անոր կողմէ նետուած ջուրի «փլասթիք» շիշերը կը նետէին ժողովուրդին ուղղութեամբ…

ԱՅՍՕՐ

Ներկայիս, Սրբազան պայքարը կը գտնուի իր վերակազմակերպումի փուլին մէջ։ Տուեալները ցոյց կու տան, որ Բագրատ սրբազանը, իբրեւ այս շարժումին առաջնորդը, կ՚աշխատի հանրութեան բոլոր շերտերը համախմբելու սկզբունքով։ Այսինքն, հանրութեան բոլոր շերտերուն հետ (գործարարներ, զանազան մասնագէտներ, իրաւաբաններ, երիտասարդներ) երկխօսութիւն ստեղծելով, առաջ մղել ներքին համերաշխութեան մթնոլորտը, ընդդէմ սուտին ու կեղծիքին, որ ինչպէս ըսինք այս իշխանութեան յենարաններն են։

Այս գաղափարական դաշտը ընդարձակելու եւ ամրապնդելու համար, յառաջիկայ քանի մը շաբաթները կրնան վճռական ըլլալ Հայաստանի ու հայութեան համար։

Կը մնայ մէկ բան.- Սփիւռքը պիտի դադրի դիտողի դերին մէջ մնալէ ու իր յարմար տեսած եղանակներով պարտաւոր է ոչ միայն զօրակցելու, այլեւ մասնակցելու այս գաղափարական պայքարին ու շարժումին։

Որովհետեւ Հայաստանի փրկութեան ծանր պարտականութիւնը միայն հայաստանաբնակներուն պարտականութիւնը չէ՛։

23 Յունիս 2024,
Երեւան

Comments are closed.