«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Ստեղծուած Կացութեան Դէմ Պոռթկում Է. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
«Երկրի Հիւրասրահ» պատկերասփռուած յայտագիրը հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Զրոյցին ընթացքին ան անդրադարձաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին՝ նշելով, որ Հայաստան կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ այս շարժումը արդէն անխուսափելի էր:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ անկարելի էր անտեսել հայրենիքը մաս առ մաս թշնամիին յանձնելու այս գործընթացը՝ նշելով, որ նոյն ատեն միանգամայն բնական էր շարժումին` Տաւուշէն ընթացք առնելու հանգամանքը, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները, տեղի տալով Ատրպէյճանի ճնշումներուն, սահմանազատումը եւ սահմանագծումը սկսան ինքնին Տաւուշի մարզէն, ուր կը գտնուին մեր ամէնէն ապահով դիրքերը:
Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական սուր հարցերուն, որոնք պայմանաւորուած են տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերի կտրուկ աճով, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է դիտարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն ոչ-հետեւողակ ու խուսափողական քաղաքականութիւնը:
Խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայ դիւանագիտութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ դիւանագիտական աշխատանքը պէտք է ըլլայ աւելի համարձակ, որովհետեւ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը դիտել՝
Comments are closed.