Լաւալի մէջ նշուեցաւ Լաւալի Քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակը
Լաւալի մէջ նշուեցաւ Լաւալի Քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակը
Կազմակերպութեամբ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լաւալի Քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակին նուիրուած յատուկ ընդունելութիւն, ներկայութեամբ Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պուայիէի, Քաղաքապետարանի անդամներ՝ Ալին Տիպի, Նիքոլաս Պորնի, Րէյ Խալիլի, Սեդա Թոփուզեանի, Սանտրա Էլ Հլուի, Ռոսլին Ֆետերիք Կոթիէի, Վասիլիոս Քարիտոճիանիսի, Ակլայիա Րեվելաքիսի եւ Քրիսթին Պուարիէի, քաղաքապետարանի պաշտօնատար Ժիպրիլ Աքապուն Լէ Ֆրանսուայի, Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ՝ Ֆայսալ Էլ Խուրիի եւ իր ներկայացուցիչ Կարինէ Սահակեանի, Անի Քութրաքիսի ներկայացուցիչ Սիլվանա Սենաթորի, Քեպէգի խորհրդարանի անդամներու՝ Սոնա Լախոյեանի ներկայացուցիչ Հիլտա Թրուսքուի, Սելին Հայթայեանի ներկայացուցիչ Նիքոլաս Պլէի, Վիրժինի Տուֆուրի ներկայացուցիչ Վենսենթ Գամիսանոյի, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի Մարի Տերոսի, ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամներու, Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներու, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Արեւիկ Աֆարեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու, որ 1999 Ապրիլին Լաւալի Քաղաքապետարանը ցոյց տուաւ, որ ղեկավարութիւնը կաշկանդումներ եւ սահմանափակումներ չի ճանչնար, երբ հարցը կը վերաբերի խիստ վիճելի խնդրի մը: Լաւալը, որ Քեպէգ նահանգի քաղաքներէն մէկն է, ճանաչման առաջամարտիկներէն եղաւ, որ յանգեցուց Գանատայի կողմէ Ցեղասպանութեան ընդունման. Ցեղասպանութիւն, զոր հայ ազգի նախնիները ապրած են: Այս ճանաչումը սակայն քաղաքական կարեւորութենէն ալ անդին, մարդկութեան պատմութեան կը վերաբերի, եւ որ իրականացաւ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ քաղաքապետարանի այն անդամներուն ճիգերով, որոնք ամուր կառչած են մարդկային սկզբունքներուն»:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան, որ նախ անդրադարձաւ Լաւալի մէջ հայ համայնքին ունեցած բազմերես ներդրումին, ապա ըսաւ. «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Լաւալի Քաղաքապետարանին՝ 1999 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առթիւ, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցով ընդունուած բոլոր բանաձեւերուն, յայտարարութիւններուն եւ որոշումներուն համար: Ներկայ պայմաններուն մէջ մենք առաւել եւս կարիքը ունինք ձեր աջակցութեան, որ մեծապէս կ’արժեւորուի մեր կողմէ»:
Հայ Դատի Լաւալի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Հերակ Հերկելեան, որ ըսաւ. «Լաւալի Քաղաքապետութիւնը 6 Ապրիլ 1999-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը: Այս արարքով ցոյց տուաւ իր անհերքելի հաւատարմութիւնը արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան», ապա աւելցուց. «Զարմանալի է բայց, որ մենք տակաւին կը խօսինք այս ցաւալի անցեալին մասին, որովհետեւ մինչ օրս կանգնած ենք բառացիօրէն մեր ժողովուրդի բնաջնջման սպառնալիքին դէմ յանդիման: Թուրքիան մնալով անպատիժ՝ կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, եւ իր այս անպատժելիութիւնը թոյլ կու տայ, որ տեղի ունենան նոր ցեղասպանութիւններ եւ կրկին մնան անպատիժ»: Ան խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Լաւալի Քաղաքապետութեան՝ հայ համայնքին հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար:
Ապա խօսք առաւ Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պուայիէ, որ նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը Լաւալի Քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակին նուիրուած այս նախաձեռնութեան իր ներկայութեան առթիւ, ապա յայտնեց. «Լաւալը Քեպէգի երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է, ուր մենք կ’ողջունենք ներգաղթեալ ընտանիքներ, որոնցմէ եղած են ձեր ընտանիքները տարիներէ ի վեր, եւ որոնք մեծապէս կը նպաստեն մեր Քաղաքի բարելաւման»: Ան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին, որ տեղադրուած է Լաւալի մէջ, ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Մենք պիտի շարունակենք համագործակցիլ, որպէսզի մեր երիտասարդներն ու մեր քաղաքացիները զգան ապահով եւ ունենան բոլոր հնարաւորութիւնները՝ զբաղելու իրենց նախասիրութիւններով»: Քաղաքապետը նաեւ յայտարարեց, որ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումով, ծրագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Լաւալի յուշարձանը տեղափոխել աւելի ակնառու հրապարակ մը։ Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած Լաւալի յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Արտօ Չագմագճեանը։ 2013 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին տեղադրման աշխատանքներուն գլխաւոր դերակատարն էր Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումը։ Յուշարձանի տեղափոխման ծրագրին մէջ իրենց ներդրումը բերած են քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեանը եւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Աւարտին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ատենապետին եւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետին ձեռամբ, քաղաքապետին յանձնուեցաւ գեղանկարիչ Կարպիս Թերզեանի գործերէն հայկական արուեստի գեղանկար մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ «Visions Unlocked-Ճենիֆըր Սեւան»ի
Comments are closed.