Մոնթրէալի մէջ հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակը
566
0
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման նուիրուած տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, զոյգ կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներուն եւ անդամներու, հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին:
Յայտագրին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-Կամքի եւ ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղերէն դրօշակակիրներու եւ անդամներու մուտքով, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ, ապա հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան, որ ըսաւ. «Վերջին 3 տարիներուն ընթացքին, հայ ազգը դիմագրաւեց եւ տակաւին կը դիմագրաւէ անսահման դժուարութիւններ, պարտութիւններ եւ կորուստներ, որոնց առ ի հետեւանք, շատերս կ’ապրինք յուսախաբութեան եւ յուսալքութեան ամէնէն սեւ օրերը։ Բայց յաճախ կը մոռնանք, որ մենք զաւակներն ենք ազգի մը, որ շատ աւելի չնչին կարելիութիւններով կերտած է շատ աւելի անհաւատալի յաղթանակներ։ Այո, մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր սերունդ դէմ յանդիման գտնուած է անյաղթահարելի մարտհրաւէրներու։ Սակայն, բոլորն ալ զանոնք ոչ միայն պարզապէս յաղթահարած են այլեւ բարգաւաճած»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Պիտի կերտենք հայրենիք մը, ուր հայորդիները պիտի ապրին խաղաղօրէն: Խաղաղութիւն մը, զոր չենք մուրացած, այլ շահած ենք մեր քրտինքով ու արիւնով: Պիտի կերտենք հայրենիք մը, ուր զուգահեռօրէն պիտի ղօղանջեն Սարդարապատի եւ Սուրբ Ղազանչեցոցի զանգերը:
եւ վերջապէս՝ մեր միասնական ջանքերով պիտի վերացնենք այս խաւարը մեր սուրբ հայրենիքի երկինքէն»։
եւ վերջապէս՝ մեր միասնական ջանքերով պիտի վերացնենք այս խաւարը մեր սուրբ հայրենիքի երկինքէն»։
Զոյգ կոմիտէներուն անունով խօսք առաւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան, որ ըսաւ. «Այսօր կը նշենք Մայիս 28-ն որպէս հպարտութեան օր։ 106 տարիներ առաջ այս օրը Հայոց Ազգային խորհուրդը յայտարարեց անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեզի ոչ ոք նուիրեց, մենք այն կերտեցինք միայնակ, հայութեան հերոսական ոգիին շնորհիւ, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերով, որոնցմով հայ ժողովուրդը ոչ միայն պաշտպանեց իր հերոսական գոյութիւնը, այլ ապացուցեց եւ արժանիօրէն վաստակեց իր անկախութեան իրաւունքը»:
Ան անդրադառնալով այսօրուան տիրող իրավիճակին ըսաւ. «Այսօր եւս կրկին կ’ապրինք վճռորոշ ժամանակաշրջան։ 106 տարիներ առաջ հիմնադրուած հայոց պետականութեան սիւնը կրկին խախտուած է, եւ այդ սիւնը խախտած է թշնամու դէմ ծնկաչոք եւ խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի իշխանութիւնը, որ հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը դրած է գոյաբանական խնդրի առջեւ։ Անոնց ապազգային քայլերուն շնորհիւ կորսնցուցինք հերոս հայորդիներու թանկագին արեամբ եւ գերագոյն զոհաբերութեամբ ազատագրուած հայրենի Արցախը, ուր հայ ժողովուրդը, ինչպէս 1918-ին, վերահաստատեց Աստծոյ կողմէ տրուած իր ազատ ապրելու իրաւունքը եւ դարբնեց իրողապէս ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր արդէն Տաւուշը կը պայքարի հայրենազրկման դէմ. ցաւօք, ազգովին կանգնած ենք պետականութիւնը փրկելու հրամայականին առջեւ. նորէն ստիպուած ենք պայքարիլ մեր լինելութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց ամուր պետականութեան ի խնդիր: Մենք չափազանց թանկ գին վճարած ենք մեր անկախ պետականութեան համար, եւ որպէս Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժառանգորդներ, պարտաւոր ենք ըլլալ վճռական, չընկրկող ու անկոտրում, ինչպէս Արամը, կասեցնելու համար հայոց պետականութեան կազմալուծումը»:
Անկէ ետք տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ Մոնթրէալի եւ Լաւալի կրթական, մշակութային եւ միութենական հաստատութիւններու երիտասարդներու կարծիքներ կը շօշափուէին Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Անկախութեան եւ ներկայ մեր իրավիճակին մասին:
Օրուան պատգամաբերն էր պատմագիտութեան դոկտ. Գրիգոր Դերձակեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր դարձեալ խօսիլ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսա-Վանաձորի եւ Բաշ Ապարանի ճակատագրական պատերազմներուն մասին շատերու համար կրնայ թուիլ քիչ մը մեր ժամանակներէն հեռու կամ նոյնիսկ ժամանակավրէպ: Սակայն Մայիս 28-ն պարզապէս մեր ժողովուրդին գոյակցական այն կարեւորագոյն օղակն է, որ բառացիօրէն ապահովեց մեր ազգի անվտանգ վերապրումը Հայկական ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք մեր պետականութեան վերականգնումով: Առաջին անկախ հայ պետականութիւնը 1375-ի Կիլիկիոյ Թագաւորութեան անկումէն ետք: 28 Մայիս 1918-ին կերտեցինք հրաշքի համազօր անկախ պետականութիւն, որ կը շարունակուի առ այսօր»:
Պատգամաբերը անդրադառնալով Հայաստանի այսօրուան դժնդակ կացութեան ըսաւ. «Հայաստան այսօր դաժան աքցանի մը մէջ բռնուած է: Մէկ կողմէ թրքական ֆիզիքական վտանգը եւ միւս կողմէ մեր իշխանութեանց որդեգրած Արեւմտեան ոլորտին միանալու անզուսպ արշաւը: Արշաւ մը, որ կարծէք բոլորովին կ’անտեսէ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պատմութիւնն ու խիստ խոցելի դիրքը: Հայաստանի համար անշուշտ խիստ կարեւոր է մշակել մօտ յարաբերութիւններ Արեւմուտքին հետ: Բայց չմոռնանք մեր աշխարհագրական դիրքը՝ թշնամիներով չրջապատուած»: Ապա ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Երեւանը սպառնալիքի տակ էր 1918-ին: Այդ սպառնալիքը տակաւին կը մնայ այժմէական, եւ մենք որեւէ այլընտրանք չունինք, բացի միասնականութենէն եւ յարատեւ պայքար մղելէ՝ հազարամեայ մեր պատմութեան ի խնդիր: Վստահաբար ձեզմէ շատեր այցելած են Բաշ Ապարանի եւ զօրավար Դրոյի համալիրը Ապարանի մէջ: Հայ զինուորին 1918-ին հերոսական մարտը կարծէք տակաւին կը շարունակուի, եւ Դրօն կը ներշնչէ հայութիւնը: Կամ այցելած էք թրքական սահմանէն միայն քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող Սարդարապատի Յուշահամալիրն ու թանգարանը, ուր զանգեր կը ղօղանջեն եւ մեզի կը յիշեցնեն, որ հայ խենթերը գտան հնար, երբ չէր մնացած ելք ու ճար»:
Աւարտին Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքն ու Պատանեկան միութեան պատանիներուն «Սարդարապատ»ի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ ձեռնարկը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.