Եռագոյնը ծածանեցաւ Մարքամի քաղաքապետարանին դիմաց
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, շաբաթ 25 մայիսին տեղի ունեցաւ տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան տարեդարձին առիթով ամենամեայ դրօշակի արարողութիւնը՝ Մարքամի քաղաքապետարանին առջեւ: Ներկայ էին թորոնթոհայեր եւ պետական պաշտօնատարներ:
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան անդամ հանդիսավար Սարին Քիւփէլեանը իր խօսքին մէջ փոխանցեց ՀՀ Առաջին Հանրապետութեան մասին հակիրճ պատմական մը եւ անդրադարձաւ հայ համայնքի դերին՝ Գանատայի մէջ:
ՀՄԸՄի սկաուտներուն ձեռամբ եւ փողերախումբին կողմէ կատարուած պետական օրհներգներու նուագակցութեամբ եռագոյնը բարձրացաւ ու ծածանեցաւ:
Շնորհաւորական իր խօսքի ընթացքին, Մարքամի քաղաքապետ Տիար Ֆրանք Սքարփիթթին յայտարարեց, որ քաղաքապետարանը ծրագրած է մօտ ապագային քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Պուրակին մէջ տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես եւ հայ որբերու փրկարար գանատացի Սառա Գորնինկի կիսանդրին։ Ան նշեց նաեւ, որ կիսանդրիի հանդիսաւոր բացումը պիտի կայանայ շաբաթ 13 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 3:00ին:
Եորք շրջանի կրթական մարմնի ատենապետ՝ Ռանըլտ Լին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ շրջանի հանրային վարժարաններուն մէջ, յետ այսու, մայիս ամիսը հռչակուած է Հայկական Ժառանգութեան ամիս եւ որ կրթական մարմինը պիտի գործակցի Օնթարիոյի կառավարութեան հետ որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութիւնը ընդգրկուի նահանգի կրթական ծրագրին մէջ:
Մարքամ-Սթոֆվիլի դաշնակցային երեսփոխան Տոքթ. Էլէնա Ճազիք իր խօսքին մէջ դրուատեց Գանատայի հայկական համայնքը եւ վերյիշեցուց, որ Գանատայի Կառավարութիւնը դիւանագիտական սերտ կապեր հաստատելու միտումով՝ Երեւանի մէջ անցեալ տարի հաստատեց դեսպանատուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Comments are closed.