Մոնթրէալի եւ Լաւալի ԳԵՄ-ականները քայլարշաւով կը զօրակցին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղին, Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոնէն դէպի Մոնթրէալի Հայ կեդրոն քայլարշաւ՝ առ ի զօրակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին, որուն մասնակցեցան ԳԵՄ-ականներն ու Պատանեկան միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Լաւալէն ու Մոնթրէալէն աջակցող հայորդիներ:

Քայլարշաւէն ետք տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին դիմաց, որուն բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով: ԳԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան, որ ըսաւ. «Վաղը՝ Մայիս 9-ին, որ կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրման 32-րդ տարեդարձին, ազատատենչ մեր հայորդիները, Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, պիտի հասնին Երեւան, որպէսզի փակեն Հայոց Պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկը», ապա խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք՝ Գանատայի Հայ Երիտասարդական Միութեան անդամներս, կը վճռենք, թէ հայրենիքի համար կռուիլն ու մեռնիլը եթէ գերագոյն զոհաբերութիւն է, ապա անոր համար ապրիլը՝ գերագոյն նպատակ: Մենք պիտի ապրի՛նք մեր հզօր հայրենիքին սիրոյն»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ ըսաւ. «Այսօր հայրենիքի մէջ մեր հայրենակիցները փողոցներն են՝ դատապարտելու հայրենի հողեր յանձնելու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր ընթացքը: Եւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութեան յանձնուողական վարքագիծը: Մենք Արցախի, Տաւուշի եւ համայն հայութեան կողքին ենք, կրկին անգամ կը դատապարտենք հայրենի հողերը յանձնելու եւ զիջելու իշխանութիւններուն պարտուողական դաւադիր այս ընթացքը եւ կու գանք հաստատելու, որ որպէս ժառանգորդներ մեր պատմական հայրենիքին, այսօրուան եւ վաղուան յաջորդական սերունդներով, վճռած ենք անվհատ շարունակել մեր պայքարը մինչեւ մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացումը»:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեան ըսելով. «Մեր ժողովուրդը պէտք է հրաժարի կուռքեր ստեղծելէ, մեր ժողովուրդը պէտք է աշխատի իր հոգեւոր հայրենիքը ստեղծելու, հոգեւոր հայրենիք երբ կը կերտես՝ յաւերժական հայրենիք կերտած կ’ըլլաս», ապա աւելցուց. «Ես մեծ յոյս ունիմ, որ վաղը՝ Մայիս 9-ն, ճակատագրական եւ անկիւնադարձային օր մը պիտի ըլլայ, եւ Բագրատ Սրբազանին խօսքին համաձայն՝ տաճարը պիտի յաղթէ փողոցին, եւ մեր կառուցած հոգեւոր հայրենիքով մենք պիտի յաւերժանանք»:

«Սարդարապատ» եւ «Զարթիր լաօ» խմբերգներով աւարտեցաւ հաւաքը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Նկարները՝ Թամար Կէտիկեանի

Comments are closed.