Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութեան ի նպաստ դասական համերգ
Կազմակերպութեամբ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութեան (Society for Orphaned Armenian Relief – SOAR) Մոնթրէալի մասնաճիւղին, նախագահութեամբ տիկին Շաքէ Կէօնճեանի, Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7–ին, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ՝ «Grand Concert Bénéfice», մասնակցութեամբ միջազգային ճանաչում ունեցող երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանի (սոփրանօ), դաշնակահարուհի Մարգարիտա Միքայէլեանի եւ Մոնթրէալի նշանաւոր Quatuor Rhapsodie լարային քառեակին, ներկայութեամբ Քեպէգի խորհրդարանի անդամներ տիկին Սոնա Լախոյեանի եւ Անտրէ Մորէնի, եկեղեցւոյն հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Ճորճ Տապպոյի, միութեան վարչական անդամներուն, բարերարներու եւ երաժշտասէր հոծ բազմութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ բժ. Սարգիս երէցեան, որ ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք միութեան գործունէութեան, նշեց, թէ այս տարի միութեան տասնամեակին առթիւ կազմակերպուած է սոյն դրամահաւաք-համերգը՝ ի նպաստ ողջ աշխարհի հայ որբերուն, ներառեալ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Վրաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայ որբերուն:
Հայերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Միութեան վարչութեան անդամ Սեւակ Տէմիրճեան, որ ըսաւ. «Մենք տասը տարի առաջ սկսանք որպէս փոքր
նախաձեռնութիւն՝ տնային դրամահաւաքներով: Մեր սկիզբը համեստ էր, բայց մեր նպատակը՝ մեծ: Ժամանակի ընթացքին այս փոքրիկ նախաձեռնութիւնը դարձաւ շատ աւելին, որ նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ ստանձնեցինք զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն օգնելու պարտականութիւնը: Այս տասը տարիներուն ընթացքին մենք շատ բան իրականացուցինք, բայց մեր գործը դեռ չէ աւարտած. եկէք բոլորս միասին շարունակենք այդ յանձնառութիւնը»:
Գեղարուեստական յայտագիրին առաջին մասը սկսաւ դաշնակահարուհի Մարգարիտա Միքայէլեանի ելոյթով, որ նուագեց Chopin-ի «Ballade No.2 in F Major, Op.38» կտորը, ապա Մոնթրէալի նշանաւոր Quatuor Rhapsodie լարային քառեակը, որուն արուեստագիտուհիներն են ջութակահարներ Amélie Lamontagne-ը, Ana Drobac-ը եւ Նայիրի Փիլոյեանը (alto) եւ թաւ ջութակահարուհի Sopie Coderreը, հանդէս եկաւ հետեւեալ կտորներով. Արամ Խաչատուրեանէն «Waltz from the Masquerade suite»ը, «Բարի Արագիլ»ը, «Արի իմ Սոխակ»ը, «Տօնական պար եւ Սեւանի ափին»ը, Ազնաւուրէն «Et Pourtant»ը, «For me formidable»ը, «La Bohême»ը, «Ils sont tombés»ը, «Mourir d’aimer»ը, «Désormais»ը, «Emmenez moi»ը, Felix Leclerc-ի «Hymne au printemps»ը, Խաչատուրեանի «Գայիանէ»ն, Կոմիտասի «Վաղարշապատի պար»ը եւ ժողովրդային «Ջօ ջան»ը:
Դադարին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագրին երկրորդ մասը:
Խաչատուրեանի «Nocturne from Masquerade suite»ով հանդէս եկան Նարինէ Տէտէեան՝ ջութակով եւ Մարգարիտա Միքայէլեան՝ դաշնամուրով, անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Գրիգորեան (սօփրանօ), դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարգարիտա Միքայէլեանի, հետեւեալ կտորներով. Puccini-ի «O moi babbino caro»ն եւ «Vissi d’arte, Vissi d’amore»ը, «Անուշ» օփերայէն «Ասում են ուռին», «Կապոյտ մանուշակ»ը, Կոմիտասէն «Հով արէք սարեր ջան»ը, «Երկինքն ամպել ա»ն, «Հոյ, Նազան»ը, «Չինար ես»ը, «Շողեր ջան»ը, Poulenc-ի «Les chemins de l’amour»ը եւ Delibes-ի «Les filles de Cadix»ը:
Գեղարուեստական վերջին բաժինով հանդէս եկան Quatuor Rhapsodie լարային քառեակը, Մարինէ Գրիգորեանը (սոփրանօ) եւ դաշնակահարուհի Մարգարիտա Միքայէլեանը, որոնք միասնաբար ներկայացուցին Կանաչեանի «Օրօր»ը եւ Verdi-ի «Brindisi»ն: Ժողովուրդին փափաքին ընդառաջելով անոնք ելոյթ ունեցան նաեւ «Երեւան-Էրեբունի» երգով:
Ներկաներուն բուռն ծափողջոյններով աւարտեցաւ ելոյթը, որմէ ետք միութեան նախագահ բժիշկ Սարգիս Երէցեան շնորհակալական խօսք արտասանեց մասնակցող արուեստագիտուհիներուն, բարերարներուն եւ ներկաներուն, ապա գեղեցիկ ծաղկեփունջներ նուիրուեցան գեղարուեստական յայտագրին մասնակիցներուն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի
Comments are closed.