Ո՞ւր Կ՛երթանք

(Լուսանկարը՝ բռնագրաւուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղը)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Այսօր, ուր որ հայու բեկոր մը կայ, որուն մէջ դեռ կը խլրտի հայրենասիրութեան նշոյլ մը, դեռ կայծի փոքր մասնիկ մը կայ հայրենիքին հանդէպ եւ դեռ հայօրէն մտածելու խայծ մը ունի իր մէջ, վստահաբար ինքն իրեն հարց կու տայ.

Ո՞ւր կ՛երթաս, հայրենի՛ք:
Ո՞ւր կ՛երթաս, հա՛յ ժողովուրդ:
Ո՞ւր կ՛երթաս, հայկակա՛ն սփիւռք:

Շուարած են բոլորը: Հաւաքականութեան մէջ թէ առանձնացած` մտահոգ են բոլորը, յատկապէս` Արեւմտեան Հայաստանի սփիւռքացած մնացորդացը: Խոհանոցներու մէջ մեծամասնութեան առօրեայ խօսքի առարկան է այս կացութիւնը:

Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մէկ կէտի վրայ. ո՞ւր է փրկութեան տանող ճամբան… Արդեօ՞ք աշխարհի վերջը գալէն առաջ հայութեան վերջը եկած է: Ի՞նչ կը սպասուի հասարակ ժողովուրդէն: Պատասխանը դժուար է: Նման կացութեան մը դարման ճարելը այնքան ալ դիւրին չէ: Կարելի է ախտորոշումներ ընել, բայց ախտը բուժելը որո՞ւ պարտականութիւնն է: Անշուշտ ամէն մարդու չէ տրուած: Անձեր, անհատներ ի՞նչ կարողութիւն ունին, պարզ ժողովուրդը կարո՞ղ է բուժումներու ձեռնարկել:

Վէրքը խորունկ է, տարածուած եւ հինցած մեր ազգային մարմիններուն վրայ եւ դարձած է հետզհետէ անհանգստացնող:

Սկսինք հայրենիքէն:

Հայաստանի թաւշեայ փափկութեամբ երիտասարդ իշխանաւորներու բռնած ճամբուն ծայրը սկսաւ երեւիլ` զիս անձնապէս յուսախաբութեան մատնելով: Իր սկզբնաւորութեան համոզում գոյացուցած էի, որ Ա. Հանրապետութեան հետ կապը վերստեղծուած է, թշուառութեան օրերը անցած են: Եօթը տարիներ առաջ յայտնած բաղձանքս օդը ցնդեցաւ: Այն ատեն սեւով ճերմակի վրայ գրած էի նոյն այս չորնալիք մատներով: Կը մէջբերեմ. «Բաղձանքս է, որ այս յեղաշրջումով կապը կը վերահաստատուի մեր անդրանիկ եւ երազանման հանրապետութեան իմաստուն այրերուն` Արամի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի, Վրացեանի… եւ վարչապետ Փաշինեանի կազմած նոր վարչակարգի անդամներուն միջեւ, աւետելով, որ այսուհետեւ չկայ Ա. Բ. Գ. հանրապետութիւն, չկայ թշուառութիւն, այլ կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն, որուն հովանիին տակ Հայաստանը կը դառնայ մէկ ընտանիքի պէս` «դրախտի ընտանիք»:

Եօթը տարիներ ետք, այսօր, քայքայուած ընտանիքի մը դիմաց կանգնած եմ:

Աճապարած էի կամ անձկագին սպասումս շփոթութեան մատնած էր զիս:

Նոր վարչակարգի երիտասարդ վարիչները, ըստ երեւոյթին, կը բացայայտէին համայնավարական կարգերը, որոնք թշնամիին յանձնեցին մեր երկիրը` Կարսը, Արտահանը, Վանը, Մուշը… մինչեւ Նախիջեւան եւ Արցախ: Այսօր նոյն ընթացքը ակներեւ է: Լճակ մը արիւնով ձեռք բերուած Արցախը վերստին յանձնուեցաւ: Իսկ Հայաստանի՞ մէջ. աւելի տխուր ու անբարեյոյս վիճակ մը կը տիրէ` Հայաստանը ապազգայնացնել, չըսելու համար` հայաթափել: Ռուսական հին կարգախօսը սկսած է մարմնաւորուիլ` Հայաստանը առանց հայու, ինչպէս Արցախը` Հայաստանի հինաւուրց մէկ նահանգը, մնաց առանց հայու: Կարգը Հայաստանին է: Այդպէս ցոյց կու տայ նոր վարիչներու հետապնդած թաքուն քարտէսը:

Ամէն օր քիչ քիչ կը յստականայ, որ Հայաստան վարձկան հովիւներու ձեռքը պատանդ է, կամայ թէ ակամայ: Պիտի վերցնեն, ջնջեն Հայաստանի ազգային նկարագիրը:

Պիտի չէզոքացնեն ա՛յն կառոյցները, որոնք կը պահեն այդ նկարագիրը` եկեղեցին, պատմութիւնը, մշակոյթը, դպրոցը, ակումբը, նոյնիսկ գերեզմանը: Կամաց կամաց: Երէկ ուղղագրութիւնը փոխեցին, որ հայութիւնը մասնատուի, այսօր դասագիրքը կը փոխեն, վաղը սահմանադրութիւնը, միւս օր` քայլերգն ու զինանշանը, շուտով կը փոխեն բառարանները, կ՛արգիլեն ազատ խօսքն ու ազգային երգը, անգամ մըն ալ կը գնդակահարեն` Վարուժանն ու Սիամանթոն, Րաֆֆին, Չարենցը, Սեւակն ու Գալշոյեանը եւ ընկերները եւ օր մըն ալ ժողովուրդը կը փոխեն Արցախի օրինակով: Ուղղափառ հայերը կ՛աքսորուին, արեւմտահայ ուղղափառներու մուտքը կ՛արգիլուի` հողին վրայ պահելով միմիայն անողնայարներ ու այլադաւաններ եւ նոր եկուորներ Ազրպէյճանէն թէ Անատոլուէն, իսկ իրենք` ղեկավար կոչեցեալները… իրենց օղիի սեղանները կը փռեն Անգարայի կամ Պաքուի ապարանքներու պարտէզներուն մէջ:

Խորհրդային օրերու վարք ու բարքերը, որոնց մատակարար հանդիսացան նոյնինքն Հայաստանի մեր անպէտ եղբայրներէն շատեր, տիրապետող պիտի ըլլան նաեւ այս օրերուն: Հայաստանը դարձեալ պիտի ըլլայ ընդարձակ պոռնկատուն մը, ինչպէս դիտել տուած էր ինծի այն ատենի նախարարներէն մէկը:

1984-ին քառասուն օրեր շրջեցայ Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը:

Գիւղերուն մէջ հանդիպեցայ իսկական հայերու, բայց տպաւորութիւնս ընդհանրապէս ժխտական էր: Վերադարձիս շուրջս հաւաքուած մտերիմ տղոց յայտնեցի մտավախութիւնս` Հայաստանի մէջ կ՛այլասերինք…

Անկախութենէն ետք քանիցս այցելեցի հայրենիք եւ ուշագրաւ մէկ բան նկատեցի:

Մտաւորական դասակարգը լուսանցքայնացած է: Ահա` նոր մտավախութիւն մը:

Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս իր օրերուն, որոնք ազգին ամէնէն մռայլ օրերն էին, նկատողութիւն մը արձանագրած էր, որ հոս տեղին է յիշել. «Մեր երիտասարդութիւնը դէպի ոճիր միտեցնող ոգին, յայտնի եւ գաղտնի դաստիարակութեամբ, կրնայ փճացնել մեզ»: Նոյն երեւոյթներուն մէջ կ՛ապրինք այսօր: Մեր երիտասարդ իշխանաւորները յայտնի եւ գաղտնի դաստիարակութեամբ կրնան փճացնել մեզ: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:

Պէտք է փնտռել եւ երեւան հանել այդ գաղտնի ուսուցիչները եւ ըստ այնմ դիրքաւորուիլ անոնց դէմ: Անոնք, եթէ կ՛ենթադրեն, թէ կախարդական ցպիկով մը իրենց ուզածին պէս պիտի փրկեն հայութիւնը եւ աւելի փայլուն ազգի մը պիտի վերածեն զայն, շա՛տ բարի, իսկ եթէ մոլախոտերու պիտի վերածեն մեր ազնիւ ժողովուրդը` մեղքը անոնց հետեւողներու վզին եւ մեր կողմէ արդար դիրքաւորում մը` իր կարգին: Այդ դիրքաւորումը, սակայն, փողոցներու մէջ աղմկարարութեամբ չի պտղաւորուիր: Հարկ է ամբողջ ժողովուրդը մղել, որ իր խօսքը ըսէ եւ դիրքը ճշդէ, անշուշտ եթէ կարելի է:

Ժողովուրդը համախմբելու եւ ոտքի հանելու մեծ առիթ մըն էր Արցախի հայաթափումը: Կորսնցուցինք այդ առիթը: Ո՛չ մէկ հաւաքական ձայն լսուեցաւ: Լուռ մնացին` եկեղեցին, մտաւորականութիւնը, երիտասարդութիւնը, ուսանողութիւնը, մէկ խօսքով` բոլորը: Կարծէք զբօսաշրջիկներու խումբ մըն էր 120.000 հաշուող ժողովուրդը, որ հանդարտօրէն տուն կը վերադառնար: Կամ այդ ժողովուրդը տունէն ելած` անմարդաբնակ, ամայի դաշտ մը կը մտնէր: Աւելի ծանրակշիռը` կարծէք շատերու թաքուն մէկ փափաքն էր, որ իրականացած էր: Վախազդու երեւոյթ է ասիկա, եւ աւելի՛ն, երիցս մտահոգիչ երեւոյթ` մեր իրողութեան մէջ, մանաւանդ` ապագայի առումով:

Ի՞նչ կարելի է ընել այս կացութեան դիմաց: Կուսակցական փոքր հատուածներով աղմկելը տեղ չի տանիր մեզ: Խմբագրուած յօդուածներ ամէն տեղ չեն հասնիր: Քարոզներն ու ճառերը, բարի մաղթանքներն ու զօրակցական խօսքերը օդին մէջ կը մնան: Ուշ ենք: Հայրենի մեր ժողովուրդը այդ ուղղութեամբ դաստիարակուած չէ, իսկ այդ դաստիարակութիւնը մեր ձեռքը չէ, եւ կրնայ ըլլալ, որ երբեք մեր ձեռքը չըլլայ:

Կարծէք` ժողովուրդը գոհ է եղածէն: Յուսամ` կը սխալիմ:

Միւս կողմէ` արդեօք կարելի՞ է, առանց աղմուկի, առանց հակադրութիւններու, այլ` համերաշխ գործակցութեամբ, նոյն սեղանին շուրջ նստիլ իշխանութեան հետ, փորձել փոխել ղեկի ուղղութիւնը… Պէտք է փորձել: Այդ աշխատանքը օրհասական այս օրերուն արդեօք կարելի՞ է: Կարելի՞ է եկեղեցի, մտաւորականութիւն, կուսակցութիւններ մէկ սեղանի շուրջ համախմբել եւ ձեռք ձեռքի տուած` ջանալ առաջքը առնել այս տեղատուութեան: Սպասենք եւ… դառնանք դէպի սփիւռք:

*

Սփիւռքը բնական վիճակ մը չէ ազգի մը կեանքին մէջ, երբ պարտադրուած է: Այլապէս ալ օտար միջավայրեր փուշերով ու տատասկներով ականուած վիճակ մը կը պարզեն: Բայց երբ անդին հայրենիքը որպէս կռուան կայ, որեւէ ատեն այդ փուշերէն եւ տատասկներէն կրնայ փախուստ տալ կամաւոր արտագաղթած անձը, ընտանիքը եւ կամ փոքր հաւաքականութիւնը ու հայրենիք վերադառնալ:

Մեր պարագային, սփիւռքը քանի մը սերունդի համար պարտադիր եւ մնայուն նստավայր եղաւ` կտրուած հայրենի անմիջական ներկայութենէն: Ատկէ սկսաւ ծանրութիւնը մեր կրած աղէտներուն` լեզուի կորուստ, բարքերու ապականութիւն, կրօնական, մշակութային աղաւաղում եւ ուրիշներ:

Լուրջ մտածողներ սկիզբէն լաւատես չէին, նոյնիսկ մտահոգ էին սփիւռքով: Յ. Օշական` որպէս շրջահայեաց մեծ միտք, 50 տարուան կեանք կու տար սփիւռք կոչուած նսեմաստանին (իր բառն է):

Հոգեւոր իշխանութիւնը` հոգեւոր հայրենիք հասկացողութիւնը, որուն գլխաւոր հեղինակն էր Գարեգին Յովսէփեանց գիտնական կաթողիկոսը, կրնար քիչ մը աւելի երկարել սփիւռքի մը կեանքը, ինչպէս որ եղաւ մեր պարագային, սակայն միեւնոյնն է` ուշ կամ կանուխ սփիւռքը պիտի խամրէր կամ պիտի խամրի: Փուշը, տատասկը անպայման պիտի խայթեն ու թունաւորեն հայրենակորոյս ամբոխը: Մենք չունեցանք Մովսէսի պէս առաջնորդ մը (թերեւս ժամանակն ալ չէր ունենալու), որ Աստուծոյ ցուցմունքներով կառավարէր տեղահան ժողովուրդը եւ օձի գաւազանով բժշկէր խայթուածները: Չունեցանք նաեւ մանանայ, որ ժողովուրդը ատեն մը գոնէ զերծ մնար սնանելու, ապրելու տաղտուկէն` նուիրուելու համար ինքնապահպանութեան: Աւելի՛ն, մեր ցրուածութեան մէջ իսկ, դուրսէն, թշնամիներ հալածեցին մեզ եւ որոմ ցանեցին ցորենին մէջ` մեր իսկ գործիչներու անիրատես եւ անհեռատես մասնակցութեամբ եւ գործակցութեամբ, ու աւերներ գործեցին:

Եկեղեցին իր օրուան ղեկավարներով եւ ընտրանի մտաւորականներ իրենց ուշադիր գործելակերպով որոշ չափով յուսադրեցին եւ երկարաձգեցին սփիւռք կոչուած անբնական մեր կեանքը: Սակայն ուշագրաւ է, որ արտաքին ցեցեր, ներքին ցեցերու հետ գործակցութեամբ, կրծեցին ազգային մեր եռանդը: Չկրցանք, կամ խելամտութիւնը չունեցանք կամ չուզեցինք ունենալ, միասնականութիւն մը ստեղծելու` սփիւռքի երեւելի եւ աներեւոյթ փուշերուն դէմ կուրծք ցցելու եւ մնացինք բաժան-բաժան:

Հայաստանի թաւշեայ անկախութիւնը, փոխանակ կարելի չափով համախմբելու ժողովուրդը` առաւել ցրուեց զայն ղեկավարներու անճարակ, ընչաքաղց, անխոհեմ ու եսակեդրոն կեցուածքով եւ սխալ ու անդառնալի քայլերով:

Երկիրը աղքատացաւ, ժողովուրդը նօսրացաւ, իսկ ղեկավարները… պարարտացան: Կողոպուտ, կաշառք, եսասիրութիւն, կամայապաշտութիւն, շահամոլութիւն` սանձարձակօրէն աւերեցին երկիրը: Իրատեսութիւնը զերօ, հեռատեսութիւնը զերօ աստիճաններու վրայ մնացին: Իշխող այրերը բաժնուեցան երկիրը: Երեւանը առանձին դարձաւ Հայաստան:

Անտեսուեցան եւ մէկդի լքուեցան` մտաւորականութիւն, հաւատք, մշակոյթ եւ ներսի թէ դուրսի հաւատաւոր ժողովուրդ, որ անձկութեամբ կը սպասէր անկախութեան օրերուն:

Սփիւռքը մնաց իր պատեանին մէջ, եւ մտավախութիւն կայ, որ մնայ նոյն վիճակին մէջ` այս եւ նման ղեկավարութեամբ:

Ահազանգային վիճակը նոր չէ սփիւռքի պարագային: Աւելի քան քսանամեակ մը առաջ մամուլի մէջ էջերով մտահոգութիւններ պարզուած են արդէն, բայց որեւէ իշխանութեան կողմէ անդրադարձ չէ եղած անոնց եւ չէ ձեռնարկուած որեւէ լուրջ աշխատանքի:

Ախտերը, որուն շուրջ կը խօսուին ամէնուրեք եւ Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետի հռչակագրով կը յայտարարուին, վաղեմի արմատներ ունին: Պարզ ազգայիններ կը տեսնէին ու կը խօսէին, կ՛ահազանգէին: Միայն այդքան: Անոնք ատակ չէին դարման ճարելու, իսկ իշխանութեան գլուխ գտնուողներ, որոնք պէտք էր հակազդէին այդ ախտերուն, մնացին լուռ կամ ամէնէն շատը` կարկտաններով ջանացին նորոգել հինցած հագուստները: Եւ վէրքը խորացաւ ու մեծցաւ: Յանձնախումբեր գոյացան, բայց ազատութիւն չունեցան բարեփոխում կատարելու: Համագումարներ տեղի ունեցան, սակայն հաղորդագրութիւններ հռչակելէ եւ խօսուած նիւթերը գիրքերու մէջ կաղապարելէ անդին չանցան: Որպէսզի հիմնաւորուին այս մտորումները, հոս կը մէջբերեմ փոքր հատուածներ մօտաւորապէս քսան տարիներ առաջ հրապարակուած հին էջերէն.

«Դպրոցներ փակուեցան ու կը փակուին Վենետիկի մէջ, Լիբանանի մէջ, Կիպրոսի մէջ եւ այլուր: Եթէ անոնց հետեւին եկեղեցիներու «փակում»-ները, մեզի պիտի մնան այլասերած եւ իրենք իրենց անծանօթ զանգուածներ, ինչպէս` Լեհաստան, Հունգարիա, Հնդկաստան, եւ այլն: Այդ մտավախութենէն ալ տարուած` կ՛ուզեմ կրկնել ժողովրդային ասացուածքը` «Աստուած մեզ ազատէ աւելի գէշէն»:

Գալիքի՞ մասին: Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը աւելի մտատոգիչ կը գտնեմ, քան` ասկէ քսանամեակ մը առաջ: Մտահոգութիւնս կը կեդրոնանայ մեր համայնքներու, մասնաւորապէս արեւելքի մեր գաղութներու հետզհետէ անդամալուծութեան վրայ: Տասնամեակներ առաջ իրականացուցած սփիւռքեան մեր կազմակերպուածութիւնը նախատեսութիւններ չէր ըրած հասնող սերունդներուն համար: Այդ պատճառով երիտասարդներ կը գաղթեն ու մեծաւ մասամբ կը միաձուլուին արեւմտեան երկիրներու մէջ: Հետեւաբար սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպուելու ընկերային եւ քաղաքական նոր ոլորտներուն մէջ: Կարելի չէ ըսել երիտասարդին` հայ մնա՛, առանց գործնական ցուցմունքի կամ օժանդակութեան: Եթէ սպասելիք կամ ակնկալելիք ունինք, ունինք նաեւ տալիք: Հին մեթոտներով նոր իրագործումներ եթէ անկարելի չեն, առնուազն նուազ արդիւնաւէտ են: Այս ուղղութեամբ պէտք է շարժին` եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը եւ բոլոր յարակից կառոյցները: Այլապէս ուշ պիտի ըլլայ:

Աղանդաւորներու հեղեղը անտեսած` թեմերու մէջ նոր խաղեր կը սարքուին: Այո՛, հազարաւոր ընտանիքներ փախուստ կու տան Մայր եկեղեցիէն` մտնելու համար ծոցը այլասերող աղանդներու, մինչ մենք տարուած ենք «դիրք»-եր զօրացնելու անհասկնալի, բայց, ինչո՞ւ չէ, երեւելի եւ վիճայարոյց հետապնդուներով:

Եւ ամէնէն ուշագրաւը` չսորվեցանք զիրար յարգել, իրարմով զօրանալ: Ներքին շահե՞ր արգելք հանդիսացան, թէ՞ արտաքին որոմներ, ի՞նչ փոյթ: Մենք մեր անձնական մորթէն անդին` բան չտեսանք, չուզեցինք տեսնել: Եւ մենք տկարացանք: Տկարացանք, որովհետեւ մոռցանք «մենք»-ը եւ «ես»-ին խնկարկեցինք… Բոլորը թաղական կտրած մերժեցին ժամկոչին առողջ ցուցմունքը` զայն ժամկոչական, տիրացուական համարելով, ինչպէս կը յուշէ անմահ Պարոնեան: Իշխանութեան եկողը դարձաւ մենատէր ու ինքնակեդրոն եւ կառչած մնաց աթոռին:

Պէտք է ընդուիլ, որ սփիւռքը իր այս տարիքին խնամատար առողջ մարմին մը կը պահանջէ` օրուան իմաստով հասուն ու մտահոգ ղեկավարներով: Ու ահաւասիկ հոս կը կայանայ առողջ մամուլի գոյութեան իմաստը: Ծիծաղելի է, որ այսօր տակաւին կան թերթեր, որոնք 50-ական թուականներէն անդին չեն անցած: Երդուեալ թշուառներ, որոնց մասին մտածելն ու խօսիլը ժամավաճառութիւն կը համարեմ:

Խմբուած ժողովուրդը կը ցրուի, ցրուած ժողովուրդը կը ձուլուի, ընթերցողներու թիւը կը նօսրանայ, չըսելու համար` կը չորնայ` 21-րդ դարու սկիզբը: Ո՞ւր են մտաւորականները, ո՞ւր են պարկեշտ, սրտցաւ գրողները, ո՞ւր է անոնց պաշտպան պետական ընտրանին: 21-րդ դարը առանց ընթերցողի, գլխիկոր` թերեւս կարելի է դիմաւորել, բայց առանց գրագէտի, առանց գլուխի` գլխահատ… դո՛ւք ըսէք:

Կը յուսամ, որ յառաջիկային խնդիրները կը շօշափուին նոր մօտեցումով, մասնագիտականօրէն: Սփիւռքը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ եւ առաւե՛լ եւս հայրենիքը կարիքը ունին խորքային առումով համերաշխ ու ներդաշնակ համաժողովներու, քննարկումներու եւ անկէ ետք նոր այրերով գործելու` ստեղծելու համար արդիւնալի կեանք մը ամէն մարզէ ներս` մասնակցութեամբ հարուստին ու աղքատին, մտաւորականին ու շինականին, զինուորականին ու քաղաքացիին, հոգեւորականին եւ աշխարհականին, ընտրողին եւ ընտրուողին, լայն առումով` հայրենիքին ու սփիւռքին` հաւասարապէս:

Ահա ես ըսի եւ գրեցի, եւ մեծ ուսուցչին սկզբունքով. «Որ ինչ գրեցի, գրեցի»:

(Քաղուած «Արծիւ»-ի էջերէն, գրուած 1990¬ի վերջերուն եւ 2000-ի սկիզբներուն):

Մոռնանք, սակայն, անցեալը, դառնանք ներկային եւ նայինք դէպի առջեւ:

*

Բնութեան տարրական օրէնքները մեզի կը սորվեցնեն, թէ երեխան, որ կը ծնի, սնունդ կ՛ուզէ, խնամք կ՛ուզէ, ուղղութիւն կ՛ուզէ: Ոեւէ մայր, որ երեխայ կը ծնի, զայն խանձարուրի մէջ փաթթած` գզրոցի մէջ չի պահեր, մինչեւ այդ երեխան հասուննայ եւ ինքնաբաւ դառնայ: Նոյնն է պտղատու ծառերու պարագային: Պարտիզպանը ծառին տունկը հողին մէջ կը դնէ ու մէկդի չի ձգեր: Ընդհակառակը, զայն տարին ինը ամիս կը խնամէ եւ այդպէս` մինչեւ վերջ: Ծառին պտղաբերելէն ետք ալ նոյն խնամքը կը տանի, որ ծառը միշտ առողջ ու պտղաբեր ըլլայ: Այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ անցնող տարիներուն, ինչպէս նախապէս ակնարկեցի, ճիգեր եղան, նախաձեռնութիւններ կատարուեցան, բայց իրենց սաղմին մէջ մնացին: Գրեթէ բոլոր համագումարներուն, համաժողովներուն հաղորդագրութիւնները չհետապնդուեցան եւ քայլեր չառնուեցան դէպի յառաջընթաց: Հետապնդումներ չեղան, որովհետեւ գործը չէր բաշխուած բանիմացներու միջեւ, այլ կը մնար նախաձեռնողին եսակեդրոն ձեռքերուն մէջ:

Յանձնախումբեր գոյացան, բայց իրագործումներ չյայտնաբերուեցան:

Համագումարներէն ետք բնորոշուած ախտերը բուժելու քայլեր պէտք էր առնուէին, եւ գործը յառաջ տարուէր մինչեւ բուժում: Այդպէս չեղաւ, գործը սառեցաւ հաղորդագրութիւններու մէջ, կամ ամէնէն շատը` գիրքերու մէջ ամփոփուեցաւ: Բանիմաց անձեր գործի չլծուեցան, որպէսզի սկսուած նախաձեռնութիւնը իր աւարտին հասնի, կամ պտղաւորուի: Ասկէ մեկնելով` կ՛ըսեմ. հովիւը իր համախմբուած հօտին մէջէն պիտի ընտրէ գիտակիցը, գործունեան եւ զայն առաջադրուած գործին համաձայն պէտք է հետապնդէ եւ վարձատրէ: Հօտին մէջ եղած բարիքները օգտագործէ նոյնինքն հօտը բարելաւելու համար: Պէտք չէ բաւարարուիլ պարարտ եզներով, այլ` աշխատիլ, որ բոլոր եզները ըլլան պարարտ, պիտանի եւ օգտակար: Այսինքն ղեկավարը կամ առաջնորդը իշխող եւ երեւելի խմբակի մը շուրջ պէտք չէ դառնայ, այլ, ի պաշտօնէ, իր գերագոյն նպատակը պիտի ըլլայ ջանալ ամբողջ հօտը գտնել եւ իւրաքանչիւրը անդամը արժեւորել: Աւետարանի օրինակը խօսուն է այս ուղղութեամբ: Փնտռել կորսուած ոչխարը, գտնել, խնամել եւ օգտագործել:

Հոս կը սկսի ամէնէն դժուար գործը, քանի ուշացած ենք: Թեմերուն մէջ` ցանկագրել եւ ցուցակարգել ծխականները: Հարց մը, որուն շուրջ խօսած ու գրած ենք քառասնամեակներ շարունակ: Յատկապէս ընդարձակ եւ հետզհետէ ծաւալող թեմերուն մէջ հարցը կնճռոտ է, բայց` հրամայական: Յիշեցի կորսուած ոչխարին օրինակը: Այս գործը կ՛ենթադրէ այժմէական եւ մասնագիտական աշխատանք: Ընկերային նոր հնարաւորութիւնները կարելիութին ստեղծած են, որ վարպետ եւ հմուտ երիտասարդներ գործի մղուին: Գործը կրնայ երկար տեւել, սակայն ուշադիր կերպով պէտք է հետապնդել նիւթական յատուկ ներդրումներով: Այս աշխատանքը անյետաձգելի է` տրուած ըլլալով, որ արդէն շատ ուշ ենք: Մարդուժը, որ կը շեշտուի վեհափառ հայրապետի հռչակագրին մէջ, այսպէս է, գոնէ մասամբ կը յստականայ:

Մենք գոհացած ենք ինքնաբերաբար մեր շուրջ համախմբուած ծխականներով, որոնց թիւը, սակայն, համեմատած` թեմին մէջ գոյացած ժողովուրդի թիւին, հարիւրէն հինգը կը կազմէ կամ ոչ: Ընդունելի է, որ ապրուստի մտահոգութեամբ ծխականներ ծայրամասեր հաստատուած են եւ զանոնք ֆիզիքապէս համախմբելը դժուար պիտի ըլլայ, բայց յարաբերաբար մօտիկ սահմաններու մէջ ապրողներուն` մեծամասնութիւնը կարելի է մօտեցնել եւ կապել ազգային կառոյցներուն: Հեռաւորներուն հետ կապն ալ ստեղծել արդի հնարաւորութիւններով: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է փնտռել եւ իմանալ պատճառները, որոնք մղած են այդ ազգայինները իրենք զիրենք մեկուսացնելու: Մեր կառոյցներու` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, կեցուածքէն ու վարմունքէ՞ն դժգոհ են, նիւթական դժուարութիւննե՞ր ունին, որեւէ ձեւով վիրաւորուա՞ծ են, անտեսուած կամ արժեզրկուա՞ծ են, թէ՞ պարզ անտարբերութիւնն է, որ զիրենք պաղեցուցած է ազգային կառոյցներէն: Պէտք է գտնել եւ մտիկ ընել զանոնք եւ հարկ եղած պարագային` մեր կողմէ բացթողումները սրբագրել, նոր կեցուածք որդեգրել, լուսաբանել եւ լուսաբանուիլ, նոյնիսկ պատասխանատուները, հոգեւորական թէ աշխարհական մեկուսացնել:

Ցանկագրութիւնը մանրամասն կատարելէ ետք յայտնի կ՛ըլլայ, թէ ի՛նչ մակարդակի եւ ի՛նչ գետիններու վրայ մարդուժ ունինք: Կը մնայ համախմբել այդ ուժերը, հարկ եղած պարագային բաժանումներ կատարել եւ ըստ այնմ գործի մղել զանոնք: Արժեւորել ու համատեղել` մտաւորականը, գիւտարարը, արուեստագէտը, գրողը:  Նոր հասնող մտաւորականներուն զօրավիգ կանգնիլ բարոյական թէ նիւթական առումով: Արժեւորել նախաձեռնող գործարարը, վաճառականը, արհեստաւորը, շինարարը, մէկ խօսքով` ազգին բոլոր միաւորները:

Դիւրին չէ անշուշտ նման նուրբ եւ ծաւալուն աշխատանքը, երբ պետական կամ պետականանման կռնակ մը չունինք: Հոս կը ծագի նոր հարց մը: Աւանդական սփիւռքի համար (նուրբ հարց է այսօր Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներու ներկայութիւնը սփիւռքի մէջ) պետականանման մարմին մը ստեղծելը, քանի հայրենիքի պետականութիւնը, ըստ երեւելի տուալներու, Հայաստանի ներկայ սահմանները պիտի ունենայ իրեն գործադաշտ, իսկ ցեղասպանուած ու Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն արտաքսուած բեկորները դուրս են այդ սահմաններէն: Հոն կ՛առաջնոդէ զիս հայոց պատմութիւնը ներկայ Հայաստանի քարտէսին մէջ ամփոփելու, Հայաստանի պատմութիւն որդեգրելու ներկայ իշխանաւորներու ճիգը, անշուշտ` դուրսէն թելադրուած:

Սփիւռքի առջեւ ցցուած այս տագնապալի վիճակէն դուրս գալու համար եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ սրահներու մէջ քանի մը տասնեակ կամ քանի մը հարիւր ներկաներուն տրուած քարոզները, ճառերը, կամ պատգամները, որքան ալ ազդեցիկ ըլլան, բաւարար չեն եւ սպասուած արդիւնքը չեն տար: Ո՛չ ալ քանի մը հարիւր տպաքանակով տրուած խմբագրականներով ու կոչերով կրնանք տեղ հասնիլ: Անոնք լայնատարած օդին մէջ քանի մը կաթիլ անուշահոտ սրսկելու կը նմանին: Արագ կը բուրեն ու արագ կ՛անհետանան: Մինչդեռ մենք արագ գործի, հաստատ ու մնայուն գործի կարիքը ունինք: Պատմական սփիւռքը, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, միայնակ մնացած էր եւ նոյնիսկ` հետապնդումի առարկայ: Միայնակ է այսօր եւս` անկախութենէն ետք եւ նոյնքան հալածական: Այդ ուղղութեամբ վերապրող Հայաստանը ատենին չկրցաւ բարերար դեր կատարել եւ այսօր ալ այս ղեկավարներով պիտի չկարենայ յուսադրիչ երեւոյթներ ստեղծել, քանի սփիւռքը, այսինքն` միւս կողմի հայերը, լիիրաւօրէն ծանօթ չէին եւ ծանօթ չեն այս կողմի հայերուն: Իսկ այսօրուան վախազդեցիկ մօտեցումները կը յուշեն, որ սփիւռքը դուրս պիտի մնայ Հայաստանի առօրեայէն, անշուշտ` դուրսի, նոր բարեկամներու դրդումով: Բայց, իմ կարծիքով, մենք պէտք է կեդրոնանանք սփիւռքի վրայ:

Անշուշտ բնական է, որ սփիւռքի մէջ յաջողութիւններ խանդավառութիւն ստեղծեն, երբ մանաւանդ մենք մեզի ենք, դժուարութիւններու մէջ: Բայց խանդավառութեանց մէջ խեղդուելու վտանգները մեծ են, եւ յաճախ այդ վտանգներուն կ՛ենթարկենք մենք զմեզ սփիւռքի մէջ: Ձեռք ձգած յաջողութիւն մը կը յղփացնէ մեզ եւ ջլատումի կ՛ենթարկէ: Յաջողութիւններու առթած խանդավառութիւնը պէտք է խթան հանդիսանայ աւելի մեծ յաջողութիւններու եւ ոչ թէ տանի անհոգութեան, եսակեդրոն ու եսամոլ դրսեւորումներու: Աւելի պէտք է սերտացնէ մեր ներքին կապը: Մղէ մեզ զիրար առաւել արժեւորելու, իրարու կողքին մնալու, ուրիշին չնախանձելու եւ աւելիին ձգտելու հաւաքականօրէն: Մղէ մեզ, մեր ուժն ու ձեռքբերումները օգտագործել մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար եւ ո՛չ միայն օտարներու կամ եսերու:

Տեղին է կրկնել, եօթնիցս կրկնել, որ պատմական սփիւռքը` Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկեայէն արտահանուած եւ սփիւռքացած հայութիւնը, որ ատենին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ թառեցաւ օտար երդիքներու տակ, պէտք է համախմբուի`, իր արմատներէն միանգամընդմիշտ կտրելով եկեղեցական, յարանուանական, կուսակցական, հայրենակցական, միութենական կամ անձնական բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները եւ ամբողջական ուժերով եւ բոլոր տեսակի կառոյցներով համերաշխ ու ներդաշնակ աշխատանքով ստեղծէ պետականանման մարմին մը` իր ստորաբաժանումներով ինքզինքին վստահած, ինքզինք խնամարկելու, պահելու, ամրապնդելու եւ հայրենքին զօրակցելու նախանձախնդրութեամբ:

Թէ՛ արիւնով եւ թէ՛ նոյն աւազանին մէջ մկրտութեամբ քոյր-եղբայր ենք:

Առանց ցուցադրութեան կամ ցուցամոլութեան, որ վարակիչ է այս օրերուն, առանց որեւէ նկատումի կամ անձնական շահի, որ հեռուէն կ՛երեւի այսօր, մէկ ընտանիքի պէս իրարու շուրջ համախմբուինք, իրարմով զօրանանք երկար կեանք շնորհելու համար պարտադրուած սփիւռքին եւ հայրենիքին:

Այս քանի մը էջերը, որ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ, զուտ անձնական բնոյթ կը կրեն եւ հայրական ու եղբայրական մաղթանք եւ թելադրանք են:

Comments are closed.