Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի յայտարարութիւնը՝ Գանատայի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ զէնքի արգելակումի վերացման առթիւ
Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը կը դատապարտէ Գանատայի կառավարութեան վերջին որոշումը՝ Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման երկարամեայ արգելակումը չեղարկելուն պատճառաւ։ Այս որոշումը տագնապալի մտահոգութիւններ առաջացուցած է գանատահայ համայնքին մօտ, քանի որ կը վտանգէ Գանատայի հաւատարմութիւնը մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային անվտանգութեան ու արդարութեան։
Չնայած Գանատայի Արտաքին Գործերու նախարարութեան կողմէ 2019 թ․ Հոկտեմբերին Թուրքիոյ զէնք վաճառելու ժամկէտի յետաձգում սահմանելուն, կառավարութիւնը 2020 թ․ գարնան թոյլ տուած էր L3Harris/WESCAM անօդաչու թռչող սարքերու Թուրքիա արտահանումին։ 2020 թ․ Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմ յայտարարելէ ետք, ի յայտ եկան էական ապացոյցներ Թուրքիոյ կողմէ սարքաւորումները դէպի Ատրպէյճան անօրինական տարանցելու վերաբերեալ, ինչ որ կը խախտէր Գանատայի հետ իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները եւ յանգեցուց Ատրպէյճանի կողմէ գանատական արտադրութեան WESCAM սարքերու ապօրինի օգտագործման՝ Արցախի մէջ, խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Ներքին յետաքննութեան եւ խորհրդարանական ստուգումներու արդիւնքով կառավարութիւնը 2021 թուականի Ապրիլին չեղարկեց Թուրքիա արտահանման բոլոր թոյլտուութիւնները։
Նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ղեկավարութեամբ՝ Թուրքիա հետեւողականօրէն կ’անտեսէ մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարական արժէքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Զէնքի արգելակման վերացումը ոչ միայն կը հակասէ Գանատայի վաղեմի սկզբունքներուն, այլեւ կ’անտեսէ շարունակական ատելութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ կ’իրականացուին տարբեր ժողովուրդներու, որոնցմէ նաեւ՝ հայութեան նկատմամբ։
Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի կառավարութեան խստակեաց կոչ կ’ուղղէ վերանայելու այս անխոհեմ որոշման եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրել թրքական կառավարութեան ռազմատենչութեան դէմ։ Զէնքի արգելակումը հանելով՝ Գանատա քաջալեր կը հանդիսանայ նախագահ Էրտողանի իշխանութեան, ինչպէս նաեւ կը մեղսակցի թրքական իշխանութեան կողմէ իրականացուող եւ հովանաւորուող յանցագործութիւններուն, որոնք կը սպառնան հայերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներուն: Նման քայլ մը մտահոգիչ ուղերձ է միջազգային հանրութեան եւ կը խափանէ Գանատայի նուիրուածութիւնը մարդկային իրաւունքներուն, խաղաղութեան ու արդարութեան:
Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ կեղծաւորութեան եւ կարճաժամկէտ քաղաքական նկատառումներու փոխարէն առաջնահերթութիւն տայ մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային անվտանգութեան ու արդարութեան: Հայ Դատի յանձնախումբը կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ ականջալուր ըլլալ գանատահայ համայնքին, քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններու մտահոգութիւններուն։
Թէեւ նկատի առած ենք զէնքի արտահանման թոյլտուութիւնները չեղարկելու կամ կասեցնելու կառավարութեան որոշումը, սակայն այն պարագային երբ թրքական կողմէ չարաշահումներու վերաբերեալ հաւաստի ապացոյցներ պարզուին, մենք Գանատայի կառավարութեան կոչ կ’ուղղենք ընդհանրապէս չեղարկել այս որոշումը եւ վճռական դիրքորոշում ընդունիլ թրքական կառավարութեան ռազմատենչութեան դէմ՝ անով իսկ վերահաստատելով հաւատարմութիւնը Գանատայի ժողովուրդը բնորոշող սկզբունքներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
30․01․2024 թ․
Comments are closed.