Արթնցնել Հայու Ազգային Գիտակցութիւնը Եւ Ազդու Ձեւով Հակադարձել Բոլոր Նկրտումներուն
Ծ․Խ․- Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը, արտասանուած Նոյեմբեր 18-ին Փրովիտենսի եւ Դեկտեմբեր 2-ին Տիթրոյթի Մէջ, Հ․Յ․Դաշնակցութեան 133-ամեակին առթիւ.
Այսօր, դժբախտաբար չեմ եկած տօնական խօսք ըսելու եւ կամ ձեզ ուրախացնող ճառ արտասանելու, որովհետեւ վիրջին տարիներուն ազգովին զրկուած ենք տօնախմբութենէ, մեզմէ խլուած են մեր յաղթանակները, գերեւարուած է Արցախ աշխարհը, վտանգուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հազարաւոր հայորդիներ զոհ դարձած են թշնամու յարձակողապաշտ ու ցեղասպան քաղաքականութեան, իսկ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներ Բաքուի բանտերուն մէջ պատանդ են:
Եկած եմ սակայն ըսելու նաեւ, որ սուգն ու պարտութիւնը յաւերժ կը մնան եթէ մեր մէջ մարի պայքարի կրակը, յարատեւ պայքարի կամքը ու հաշտուինք մեր կրած պարտութեան ու կորուստին հետ: Ազգային գաղափարախօսութեան կրող հայը չի կրնար հաշտուիլ այս ողբերգական կացութեան հետ եւ ականջ տալով մեր պատմութենէն հնչող «յարատեւ պայքար»ի կոչին՝ պէտք է լծուի գահավիժող այս ընթացքը կասեցնելու ու շրջելու գործին:
Այս տխուր ու իւրաքանչիւրիս զայրոյթ պատճառող իրականութեան ի տես, պիտի նշեմ երկու փաստ, որոնց ուղիղ հետեւանքն է հայութեան ու Հայաստանի մերօրեայ անմխիթար կացութիւնը:
1-Վերջին հինգ տարիներուն, հետեւողականօրէն ու աստիճանաբար Հայաստանն ու հայութիւնը ներքաշուեցան արեւելումներու վնասաբեր յորձանուտին մէջ: Գիտակցաբար հրահրուեցան ռուսամէտութեան ու արեւմտամէտութեան սադրիչ թեզեր ու այդ յորձանուտին մէջ նահանջեց ու խամրեցաւ հայամէտութիւնը, ազգային շահով ու իրաւունքով առաջնորդուելու բանականութիւնը: Հարաւային Կովկասի նման աշխարհաքաղաքական բարդ դրուածք ունեցող շրջանին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքով, Հայաստանն ու Արցախը այսօր դարձած են տարածաշրջանային ու միջազգային տիրութիւններու հակադիր շահերու բախման կիզակէտ: Եղած դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները սրելուն զուգահեռ՝ իշխանութիւնները չկրցան ազդեցիկ նոր դաշնակիցներ ձեռքբերել, եւ կողմնացոյցը կորսնցուցած խարխափումի մէջ կ’օրօրուի մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Աւելին, Հայաստան այսօր կը վխտայ օտար ու թշնամի երկիրներու շահերուն ծառայող գործակալներով, իսկ հայութեան ու Հայաստանի շահերը լքուած են բախտի ճակատագրին:
2-Ներազգային մակարդակի վրայ յարձակման ենթակայ են ազգային ու հայկական բոլոր արժէքները: Ազգային գաղափարախօսութիւնն ու զայն կրող քաղաքական ուժերը, կառոյցներն ու անհատները՝ հալածանքի ու հակաքարոզչութեան ուղղակի թիրախ են այսօր: Թիրախ է նոյնիսկ հայրենազրկուածութեան ու ցեղասպանութեան արդիւնքով կազմաւորուած Սփիւռքը, որ իր հոգեկերտուածքով ազգային գաղափարախօսութեան կրողն է ու դատ ունեցող պահանջատէրն է: Անոր համար հայրենիքը լոկ աշխարհագրական տարածք չէ, որուն մէջ խումբ մը մարդիկ հանգիստ, ուրախ ու զուարթ կ’ապրին: Անոր համար ազգը բարձրագոյն արժէք է, իսկ հայրենիքը՝ ազգի զարգացման ու ծաղկման պատմական բնօրրան: Անոր համար, հայրենիք պաշտպանելն ու անոր սիրոյն զոհուիլը՝ ազգի գոյատեւման հարց է:
Դժբախտաբար, այս ճակատին վրայ ազգայինը տեղատուութեան մէջ է, մասամբ ազգային գաղափարախօսութիւնը կրող ուժերու չհամակարգուած աշխատելաձեւի, մասամբ ալ հակազգային հոսանքի իշխանական լծակներու ակնյայտ չարաշահումի պատճառով:
Որո՞նք են մեր այսօրուան ընելիքները: Ես պիտի փորձեմ ձեւակերպել այն անմիջական ընելիքներուն շարքը, որոնց շուրջ պէտք է համախմբուին ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուող ուժերը, կառոյցներն ու անհատները: Այսօրէական այս խնդիրները պիտի ըլլան բոլորիս օրակարգի սեղանին, մարմիններ, յանձնախումբեր, մտաւորականներ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
1-Արցախահայութեան ցուցաբերուած մարդասիրական եւ անմիջական օժանդակութեան հարցը առաջնային խնդիր է, ոչ միայն մարդասիրական դիտանկիւնէն, այլ նոյնիսկ ազգային ռազմավարական թելադրանքով, որուն նպատակն է արցախահայութեան համար ընկերատնտեսական տանելի պայմաններ ստեղծելով՝ նպաստել զիրենք Հայաստանի մէջ պահելու խիստ անհրաժեշտ ու ըստ էութեան ազգային հեռանկարին:
2-Պաքուի բանտերուն մէջ գերեվարուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավար հայորդիներու ազատ արձակման գծով ի գործ դնել ամէն հնարաւոր միջոց, որովհետեւ անոնք Արցախի Հանրապետութեան կերտած ժողովրդավար համակարգի, արցախահայութեան ինքնորոշման կամքի խորհրդանիշն են: Ողջ էութեամբ ահաբեկչական Բաքուի վարչակարգը, կը համարձակի ահաբեկիչներ որակել զիրենք, այն ալ ԱՄՆի, Ֆրանսայի ու Ռուսիոյ լռութեան ներքոյ, երբ նոյն այդ երկիրները դեռ մինչեւ երեկ իրենց պիւտճէներուն մէջ օժանդակութիւններ կը յատկացնէին անոնց ղեկավարած հանրապետութեան ու կը բանակցէին անոնց հետ, իբրեւ ժողովրդավարօրէն ընտրուած արցախահայութեան կամքը արտայայտող ղեկավարներ:
3-Արցախի Հանրապետութեան պետական համակարգի կարեւոր օղակներու պահպանումը բոլորիս համար գերնպատակ պէտք է ըլլայ եւ բոլոր միջոցներով պարտաւոր ենք աջակցիլ անոնց պահպանման, որովհետեւ անոնց առկայութիւնը կարեւոր լծակ ու գործօն է արցախահայութեան իրաւունքներու հետապնդման, իսկ այդ օղակներու լուծարումը յստակօրէն կը նշանակէ արցախահայութեան գլխատում եւ Արցախի հարցի վախճան:
4-Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ ի գործ դրուած ոճրային բոլոր քայլերը ուղիղ կերպով ցեղասպանական արարքներ են: 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ բռնի տեղահանում, շրջափակում, խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակում ու հայաթափում՝ անվիճելիօրէն ցեղասպան քաղաքականութեան շղթայի իրերայաջորդ օղակներ են, որոնք իրենց արժանի գնահատականը պէտք է գտնեն միջազգային քաղաքական ու իրաւական բոլոր ատեաններու մէջ:
5-Ցեղասպան քաղաքականութեան արժանի գնահատականը հիմք կը ստեղծէ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, զոր արծարծ պէտք է պահել ներազգային մակարդակի վրայ ու միջազգային ատեաններուն առջեւ: Բնականաբար, վերադարձի իրաւունքին սերտօրէն ածանցուած են արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովող եւ ինքնորոշման իրաւունքները պահպանող միջազգային երաշխիքները:
Եզրափակելով, ազգային գաղափարախօսութեան կրող ուժերուն առջեւ դրուած օրակարգային այս խնդիրները լոկ ցանկութիւններ կրնան մնալ, եթէ այդ ուժերը չկարենան համակարգուած ձեւով ինքնադրսեւորուիլ իբրեւ «յարատեւ պայքար»-ի թելադրանքի հետեւորդներ, արթնցնել հայու ազգային գիտակցութիւնը եւ ազդու ձեւով հակադարձել հակազգային ու պարտուողական բոլոր նկրտումներուն:
Խաժակ Մկրտիչեան
Comments are closed.