Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն. Արամ Ա. Վեհափառ
19 Նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին: Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը: Եկեղեցին լեցուն էր թէ՛ Նիւ Եորքէն եւ թէ այլ շրջաններէ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու Ս. Պատարագի խորհուրդով եւ լսելու Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական խօսքը:
Սրտի խօսք առնելէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդը, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովրդեան։ Ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք արեւելեան թեմի առաջնորդ սրբազանին, հոգեւոր դասուն ու ազգային վարչութեան, խօսեցաւ ընտանիքի կարեւորութեան մասին։ Նախ ան անդրադարձաւ ընտանիքի ծագումին՝ սկսելով նախամարդուն ստեղծումէն: Վեհափառ Հայրապետը ընտանիքը բնորոշեց իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած կառոյց եւ յիշեց Աւետարանին ու առաքեալներու թուղթերուն մէջ ընտանիքի մասին տեղ գտած կարեւոր հաստատումները: Իսկ խօսելով յատկապէս հայ ընտանիքին մասին՝ Հայրապետը զայն նկատեց փոքր եկեղեցի, փոքր հայրենիք ու փոքր դպրոց: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին, միշտ շեշտելով ընտանիքի սրբութիւնը, ինքնութիւնը ու ազգային նկարագիրը պահելու հրամայականը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ տեսակ-տեսակ ըմբռնումներ ու կենցաղակերպեր սկսած են աղարտել հայ-քրիստոնեայ ընտանիքին նկարագիրը:
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց հայ ընտանիքին սրբազան կառոյց ըլլալու հանգամանքը։ Ան ըսաւ, որ հայ ընտանիքը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է։ Ան ճակատագրական դեր ունեցած է եւ ունի մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները։ Հետեւաբար, հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն, Հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը։
Comments are closed.