Ռուստամեան. «Ազրպէյճան Չէ Հրաժարած 5 Ուղղութիւններով Իր Պահանջներէն»

«Ես չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճանը հրաժարած է 5 ուղղութիւններով իր պահանջներէն», երէկ` 14 նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:

«Առաջինը կը վերաբերի սահմաններու յստակացման, որ Ազրպէյճանը կը պատկերացնէ իր ձեւով կատարել: Ազրպէյճանը յայտարարեց, որ այն դիրքերէն, ուր այսօր ինք կը գտնուի, չի պատրաստուիր նահանջել: Իսկ մեր կողմէ կը յայտարարուի առնուազն 200 քառակուսի քմ տարածքի կորուստի մասին: Երկրորդը անքլաւներն (միջերկիրներ) են, որոնք մեզի շատ լուրջ հարուած պիտի հասցնեն: Ռազմավարական ճամբաներու վերահսկողութիւնը ամբողջութեամբ պիտի կորսնցնենք: Այդ անքլաւները յանձնելով Հայաստանը ինք կրնայ անքլաւ դառնալ:

Երրորդը Նախիջեւանի հետ կապի հարցն է: Հիմա իրենք կ՛ըսեն` լաւ, «միջանցք» բառէն շատ կը նեղանաք, եկէք ուրիշ բառ օգտագործենք` փոխադրական ուղի, երթուղի, կամ… Բայց իրենք չեն ուզեր, որ ատոր իմաստը կորսուի: Իրենք կը պահանջեն, որ այդ տարածքը ունենայ առնուազն այն կարգավիճակը, որ նախատեսուած է 9-րդ կէտով: Հայաստանը կը փորձէ ըսել, որ այդ 9-րդ կէտը այլեւս գոյութիւն չունի, բայց ստորագրութիւնը գոյութիւն ունի: Եթէ կարենան այդ կէտի պահանջներէն դուրս գալ, ատիկա այլ վիճակ պիտի ստեղծէ», ըսաւ  Ռուստամեանը:

Ան յիշեցուց, որ Ռուսիան ալ կը պահանջէ, ըսելով, որ մենք բան մը ստորագրած ենք, եւ հարցի լուծման ճանապարհային քարտէսը եռակողմ համաձայնութիւններու հիման վրայ պէտք է տեղի ունենայ:

Չորրորդը, ըստ Ռուստամեանի, փոխհատուցումներու հարցն է. «Եթէ մենք յայտարարեցինք, որ Արցախը կու տանք, ատով կը փրկենք Հայաստանը, մենք Արցախը տալով եւ ըսելով, որ Արցախը Ազրպէյճան է, մենք 1988-էն սկսեալ Հայաստանը դրինք պարտաւորութիւններու տակ, որ Հայաստանը պէտք է փոխհատուցէ այն մասը, որ գտնուած է Հայաստանի վերահսկողութեան տակ` 12 հազար քմ, ան պիտի հաշուէ եւ պիտի ըսէ` եթէ ատիկա իմս ըլլար 1988-էն, ես կ՛ունենայի այսքան եկամուտ, հիմա այն կորուստները, որ ես ունիմ, պէտք է դուն փոխհատուցես:

Յաջորդ հարցը պիտի ըլլայ ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը, անոնք 100 հազարներով պիտի վերադառնան Հայաստան: Մենք պիտի չերթանք Պաքու եւ Սումկայիթ ապրելու, բայց իրենք պիտի գան: Անկէ ետք ի՞նչ պիտի մնայ Հայաստանէն: Ես ըսած եմ` տուինք Արցախը, պիտի թրքանայ Հայաստանը: Հիմա Հայաստանը թրքացման ճամբուն վրայ է», ըսաւ Ռուստամեան:

Comments are closed.