Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահին
9 նոյեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ, եւ հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսընի հետ, ապա` Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Էտըմ Շիֆի հետ:
Երկու հանդիպումներէն ետք վեհափառ հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, վեհափառը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր աղօթքին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց, թէ աւելի քան 100.000 հայորդիներ պարտադրաբար հեռացած են իրենց դարաւոր հայրենիքէն` Արցախէն:
Յիշեալ աղօթքէն ետք, խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի շարք մը անդամներու հետ, որոնց կարգին` խորհրդարանի նախկին նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, յիշեալ երեք թեմերու ազգային վարչութեանց դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Comments are closed.