«Արցախի հայկական յուշարձաններու պատմութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը 30 տարի է ի վեր կը շարունակուի» Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան
Արցախը Ատրպէյճանի բռնակցումէն ետք, ի՛նչ ճակատագրի կրնան ենթարկուիլ Արցախի պատմամշակութային կոթողներն ու Արցախի տարածքին հայկական հետքերու Ատրպէյճանի կողմէ վերացման գործընթացը կասեցնելու իրաւական քայլերուն մասին «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան հարցազրոյց ունեցաւ Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հետ:
Րաֆֆի ծնած է Հալէպ, Սուրիա, աւարտած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապա Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանն ու Պետական համալսարանի ճարտարապետական ուսումնարանը: 2006 թուականին հաստատուած է Հայաստան, ուր անմիջապէս մաս կազմած է Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող հիմնադրամին, որուն փոխ տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ 2020 թուականէն ի վեր: Ան նաեւ «Վարձք» ամսագրի խմբագրական խորհուրդի անդամ է եւ համարներուն պատասխանատուն: 2022 թուականի Մայիս 30-էն ի վեր անդամ է Արցախի Հանրապետութեան Բռնագրաւուած Տարածքներու Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Պետական խորհուրդին: Քորթոշեան հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ «Վարձք», «Պայման» եւ «Ճարտարապետութիւն-շինարարութիւն» ամսագիրներուն մէջ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն: Առ այսօր ան հրատարակած է Հայաստանի թէ Սփիւռքի հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող եւ հաւաքագրող 8 հատորներ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն:
Ճարտարագէտը Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՛նչ ճակատագրի կրնան ենթարկուիլ Արցախի պատմամշակութային մեր կոթողները, յատկապէս երբ 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան նախաձեռնեց «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ»ի ստեղծման, որուն գլխաւոր նպատակը այսպէս կոչուած աղուանական եկեղեցիներէն «հայկական կեղծ հետքերու» վերացումն է, եւ Պաքուի իշխանութիւններուն այս մարտավարութիւնը կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ ի սպառ ջնջել Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ գտնուող հայկական հոգեւոր ժառանգութեան պատմութիւնը, ան յայտնեց. «Ատրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններու վերացման կամ պատմութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը 30 տարիէ ի վեր կը շարունակուի: 1994 թուականէն ի վեր, այն տարածքներուն մէջ, որոնք մնացին Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ, հայկական յուշակոթողները ոչնչացուեցան, յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու պարագային, որոնցմէ այսօր ոչ մէկ փշուր մնացած է, իսկ մնացած վայրերուն մէջ, թերեւս կան, բայց կա՛մ անուշադրութեան կը մատնուին եւ կամ կ՚ոչնչացուին կամաց-կամաց: Այսօր Ատրպէյճանը նոր հնարաւորութիւն ունի. 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ինչպէս որ կը գործէր իր տիրապետութեան տակ անցած բաժիններուն մէջ, նոյնպէս այժմու իր բռնագրաւած հողերուն վրայ պիտի շարունակէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը: Իր վերջնական նպատակն է հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը: Ատրպէյճանը առաջին հերթին կը փորձէ հա՛յը արմատախիլ ընել, հեռացնել իր հայրենիքէն, ապա վերացնել հայկական պատմամշակութային կոթողները»:
Այս գործընթացը կասեցնելու հարցով Քորթոշեան ըսաւ. «Նախ նշեմ, որ հայկական յուշարձանները ամէնուր են, Սփիւռքէն բացի նաեւ Մեծ Հայքի շրջաններուն մէջ եւ զանոնք պահպանելու համար մի քանի ձեւ կայ: Առաջին հերթին, եթէ տուեալ պետութեան հետ դիւանագիտական կապեր ունինք, կարելի է այդ միջոցաւ պահպանել զանոնք. օրինակի համար մենք յուշարձաններ ունինք Իրանի մէջ, բայց Իրանի հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններով մեր յուշարձանները պաշտպանուած են: Իսկ եթէ տուեալ երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, այլ կան հայատեաց եւ թշնամական վերաբերմունք մանաւանդ իրենց կողմէ, ինչպիսին է Ատրպէյճանի պարագան, հետեւաբար միջազգային ատեաններն են միակ միջոցը»: Լաւագոյն ձեւը յուշարձաններու պահպանման, կը նշէ հիմնադրամի տնօրէնը, այն է, որ յուշարձանները գտնուին զայն ստեղծող ժողովուրդի ամէնօրեայ հսկողութեան տակ. «Ինչպէս էր պարագան անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Արցախի մէջ, երբ այդ յուշարձանները ե՛ւ պահպանուած էին, ե՛ւ կիրառելի էին, ինչպէս եկեղեցիները, գերեզմանոցները, եւայլն», յայտնեց ան եւ աւելցուց. «Այսօր այս խնդրին առաջ կը գտնուինք, որովհետեւ հայ բնակչութիւնը տեղահանուած է, եւ եթէ այժմ ժողովուրդին վերադարձը անհնար է, հետեւաբար ժամանակ շահելու համար պէտք է անյապաղ եւ անդադար դիմել միջազգային ատեաններ, որպէսզի այդ ոչնչացումը յետաձգենք», ապա յայտնեց, թէ ոչնչացումը այլ տարբերակ չունի, քանի կայ Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը, «Արեւմտահայաստանի մէջ Ցեղասպանութենէն ետք մենք 50-60 տարի ետք հազիւ կրցանք ոտքի կանգնիլ որպէս ժողովուրդ, եւ այդ միջոցին չկրցանք մտածել յուշարձաններուն մասին… այսօր այդ յուշարձանները 99 տոկոսով աւերուած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Նոյն ճակատագրին կրնան ենթարկուիլ Արցախի մեր յուշարձանները, եթէ մենք շուտով չշարժինք»: Ան նշեց նաեւ, թէ Ատրպէյճան վերոնշեալ աղուանական յուշարձանները ուսումնասիրող խումբը կազմելով կը փորձէ փաստել, թէ այդ յուշարձանները աղուանական են եւ ոչ թէ հայկական: «Այստեղ մշտական պայքար է, եւ մենք պէտք է այդ պայքարին մաս կազմենք» ըսաւ ան:
Անդրադառնալով վերոնշեալ հիմնադրամի գործունէութեան ան ըսաւ. «Ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան, երբ գրանցած էր այս հիմնադրամը Գերմանիոյ մէջ, իր հիմնական նպատակն էր թէկուզ թուղթի վրայ փրկել հայկական պատմամշակութային կոթողները, եւ այդ մէկը սկսած էր Արեւմտեան Հայաստանէն, որովհետեւ տեսանելի էր որ ամէն օր, ամէն վայրկեան անոնք կ՚աւերուին ու կ՚ոչնչանան»: Թուղթի վրայ փրկել, բացատրեց ճարտարագէտը, կը նշանակէ այդ յուշարձանները տեղւոյն վրայ ուսումնասիրել, լուսանկարել, չափագրել, տեղորոշել, ապա գրասենեակային աշխատանք տանիլ՝ անոնց մասին տարբեր ժամանակաշրջաններու գիրքերու մէջ կամ յօդուածներով տպուած նիւթերը հաւաքել, միաւորել եւ կազմել գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ: «Մեր գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր Արեւմտեան թէ արդի Հայաստանով այլ կը հասնի մինչեւ Հնդկաստան, Սուրիա, Լիբանան, Ռուսաստան, Վրաստան, Իրան, Եւրոպայի շարք մը երկիրներ եւ ամէն տեղ, ուր հայկական հետքեր կան: Առ այսօր այդ նպատակով հաւաքագրուած լուսանկարները 700,000-ը անցած են արդէն, որոնք կարգաւորուած արխիւներ են եւ կարելի է մեր կայքէջէն մէկ հպումով գտնել որեւէ յուշարձանի մասին նկարներ, տեղեկութիւններ, նաեւ բազմահազար էջեր եւ նիւթեր տուեալ յուշարձանին վերաբերեալ, միջնադարէն սկսած հասնելով մինչեւ 21-րդ դարու տեղեկութիւններով» յայտնեց ան: Իսկ իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին Քորթոշեան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր երկիր իր խնդիրները ունի: Մեր գործունէութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ կոթողներուն առաջնոյ հասնիլն է, նախքան ոչնչանալը կամ վնասուիլը: Շատ անգամ պատահած է, որ երբ հասած ենք տարածք, իմացած ենք, որ 2-3 շաբաթ առաջ արդէն յուշարձանը աւերուած է»: Ան աւելցուց, թէ յուշարձանները կ՚ոչնչացուին կամ կը վնասուին ոչ միայն թշնամիին կողմէ, այլ երբեմն տուեալ երկրին մէջ պատահած որեւէ կացութեամբ, օրինակ՝ Սուրիոյ պարագային ներքին պատերազմը պատճառ դարձաւ անոնց վնասուելուն: «Հետեւաբար մեր գործունէութիւնը հեւքոտ վազքի կը նմանի» յայտնեց ան:
Քորթոշեան նախքան Սուրիոյ պատերազմը անձնական նախաձեռնութեամբ ուսումնասիրած եւ հաւաքագրած էր Սուրիոյ հայկական կոթողներն ու յուշարձանները, ապա Հալէպի ու Քեսապի այդ ժառանգութիւններուն մասին գիրքեր հրատարակած: «2011-ին, վերջին այցելութիւնս էր Սուրիա, ուր մեր արխիւներուն տրամադրեցի մօտաւորապէս 15,000 լուսանկար, որոնցմէ մէկ մասը հրատարակուեցաւ, իսկ հերթի մէջ է Դամասկոսի յուշարձաններուն մասին իմ աշխատութիւնս: Մնացեր էին 2 գիւղեր, որոնց այցելութիւնը մտադիր էի 2012-ին իրականացնել, բայց դժբախտաբար պատերազմին պատճառաւ չհասայ: Այդ այցելութիւններուս ընթացքին ուսումնասիրեցի Պանիասի, Արամոյի, Ղընէէի, Ղընէմիէի, Եագուպիէի, Ռագգայի, Տէր Զօրի, Թըլապիատի, Գամշլիի, Հասիճէի եւ Մարկատէի շրջաններու կոթողները», ըսաւ ան:
Սուրիոյ մեր կոթողներուն ներկայ իրավիճակին մասին ան հաղորդեց, թէ այն տարածքներուն մէջ (բացառութեամբ քրտական հսկողութեան բաժինները), որոնք ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ եղան, թէկուզ որոշ շրջանի մը համար, մեր յուշարձաններէն մէկ մասը վնասներ կրած են, որոշ կոթողներ ալ հիմնայատակ աւերուած են: «Օրինակ՝ Տէր Զօրի եւ Ռագգայի եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները հիմնովին աւերուած են, իսկ Եագուպիէի պարագային՝ եկեղեցին կանգուն է, բայց թէ որքանո՛վ վնասուած է, առայժմ փաստացի տեղեկութիւններ չունինք, որովհետեւ շրջանը տակաւին կը գտնուի ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ: Քեսապի պարագային ճիշդ է, որ ժողովուրդը վերադարձաւ եւ վերանորոգեց այդ շրջանի եկեղեցիները, բայց գերեզմանոցներու պարագային չեմ կարծեր, որ նորոգութիւններու խնդիր կայ, որովհետեւ այդ գերեզմանաքարերու արձանագրութիւնները, որոնք ամբողջովին քանդուած են, կարելի չէ վերականգնել, հետեւաբար գոնէ թուղթի վրայ կրցանք փրկել զանոնք» ըսաւ ճարտարագէտը:
Comments are closed.