Մոսկուա Հաստատեց Կապանի Մէջ Հիւպատոսութիւն Բանալու Ծրագիրը

Ռուսիոյ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի Կապան շրջանին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու ծրագիրին:

Հրամանագիրը ստորագրեց Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին:

«Ընդունել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկը՝ խնդրագիրներու փոխանակման միջոցով Ռուսիոյ կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Կապան քաղաքին մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու մասին», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:

Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի դառնայ երկրորդը Հայաստանի մէջ, առաջինը՝ Գիւմրիի մէջ է:

Հոկտեմբերի աւարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հաստատեց, որ Մոսկուա Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու փափաք յայտնած է, իսկ Երեւան տուած է իր համաձայնութիւնը:

Comments are closed.