Արցախեան Ազատամարտին Մասնակցած Կանանց Մեծարման Ձեռնարկ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ
Ապրիլ 7-ին` մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առթիւ, ՀՀ սփիւրքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատամարտին մասնակցած կանանց մեծարման ձեռնարկ, որուն ներկայ էին Արցախեան պատերազմին զոհուած կին ազատամարտիկներու` Մարտիրոսեան Զոյայի, Եսայեան Ռուզաննայի, Սարգսեան Մարիետայի, Սարգսեան Արմինէի եւ ազատամարտիկ Ազնիւ Բալասանեանի մայրերը, պատերազմին մասնակցած «Անահիտ» դասակի կին մարտիկները, հայրենադարձ կանայք:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Ես ուզում եմ սիրով, առանձնակի ջերմութեամբ շնորհաւորել բոլոր կանանց Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնի առթիւ եւ ցանկանալ ամենակարեւորը` խաղաղ երկինք մեր Հայրենիքին, մեր Արցախ աշխարհին, մեր սրբազան հողին: Եւ պատահական չէ, որ այսօր կրկնակի տօն է. Հայ առաքելական եկեղեցին նշում է Ս.Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը: Անկրկնելի է հայ կինը, բոլոր ժամանակներում նա եղել է կենսունակ ու արարչագործ, իմաստուն ու հնարամիտ, նուիրուած ու սիրող, նուրբ ու գեղանի, բայց անհրաժեշտութեան պահին` օժտուած իր տունը պաշտպանելու, իր կողակցին սատար կանգնելու, մարտնչելու եւ տքնելու, ինքնազոհողութեան ու նուիրումի կարողութեամբ»,-ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը նշեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտին մասնակցած կանանց` այն առիւծասիրտ հերոսներուն, որոնցմէ ոմանք բռնեցին անմահութեան եւ յաւերժութեան ուղին, իսկ անոնցմէ շատերը այսօր ալ մեր կողքին են` որպէս կենդանի վկաներ, արարող մայրեր եւ նուիրեալներ:
Ձեռնարկին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախեան պատերազմին զոհուած կին ազատամարտիկներու յիշատակը, եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մէկ առ մէկ հնչեցուց անոնց անունները:
«Ես խոնարհւում եմ այն մայրերի առջեւ, ովքեր ծնել, մեծացրել ու դաստիարակել են այնպիսի դուստրեր, որ դարձել են հայրենասիրութեան եւ հայրենապաշտութեան օրինակներ, որ կրել եւ կրում են Փառանձեմ թագուհու եւ Սօսէ մայրիկի գեները: Արցախեան ազատամարտում զոհուած մեր հերոս քոյրերը այսօր էլ մեզ հետ են, մեր կողքին ու մեր հոգում, մեր յաղթանակած բանակի ակունքներում: Ես նայում եմ ձեզ եւ հասկանում, որ միայն այսպիսի մայրերը կարող էին հերոսներ ծնել ու դաստիարակել: Ձեր նուիրումը անգնահատելի է»,-ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայրենադարձ կանանց` նշելով, որ անոնք ալ իւրօրինակ հերոսներ են, որոնք լաւ գիտակցած են, որ Հայրենիքէն հզօր եւ կենարար հող չկայ, եւ իրենց ապագան կապած են Հայաստանի հետ:
Ցերեկոյթին ընթացքին ելոյթներ ունեցաւ «Անահիտ» դասակի հրամանատար Անահիտ Մարտիրոսեան: «Մեր ջոկատի քաջարի կին մարտիկներէն ոեւէ մէկը ներքին վարանում չէ ունեցած զէնքը ձեռքը վերցնելուն եւ մարտի դաշտ երթալուն: Անոնք լաւ գիտէին` Հայրենքիը մէկ է, հողը` սուրբ, իսկ հայրենիքի հանդէպ սէրը` ամենազօրաւորը բոլոր մարդկային զգացմունքներէն»,-նշեց ան` աւելցնելով, որ նոյն պատրաստակամութեամբ ազատամարտիկ կանայք անցած ապրիլին եւս եղած են դիրքերու մէջ` հայ զինուորին կողքին:
«Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու անունէն կը ցանկամ սրտանց շնորհաւորել հայ կանանց: Սա մեր պետական օրացոյցի ամենագեղեցիկ տօներէն մէկն է եւ հիանալի առիթ` եւս մէկ անգամ խոնարհելու հայուհիներուն առջեւ, անոնք ամուր սիւներու նման կանգուն կը պահեն մեր պետականութիւնը: Այս ձեռնարկը ազգ-բանակ գաղափարախօսութեան շարունակութիւնը կարծես ըլլայ, ուր իւրաքանչիւրս զինուոր ենք, իսկ հայ կինը զինուոր է կրկանկի` ծնելով քաջարի մարտիկներ եւ հարկ եղած պարագային մարտի դաշտ մեկնելով»,-ըսաւ Պաշտպանութեան նախարարութեան զինծառայողներու սոցիալական պաշտպանութեան վարչութեան պետ, գնդապետ Սերժ Առուշանեան:
Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր, ցուցադրուեցան հատուածներ կին ազատամարտիկներուն մասին պատմող ֆիլմերէ եւ հաղորդումներէ: