Քոլոնա. «Ֆրանսան Սիւնիքի Մարզին Մէջ Հիւպատոսութիւն Պիտի Բանայ»

Horizon Weekly Newspaper

Ֆրանսան ամրապնդած է Հայաստանի հետ իր պաշտպանական յարաբերութիւնները, կը սպասուի նաեւ հիւպատոսութեան բացում Սիւնիքի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա` Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով երեսփոխան Էմանուել Անթուանին:

«Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 5 միլիոն եւրօ յատկացուցած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն, եւ ես որոշած եմ այդ օգնութիւնը բարձրացնել մինչեւ 7 միլիոն եւրօ: Մենք ամրապնդած ենք Հայաստանի հետ մեր պաշտպանական յարաբերութիւնները եւ Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանանք», ըսած է ան:

Comments are closed.