Հայ երիտասարդը՝ Դաշնակցութեան գալով
Ցողիկ Աշըգեան
Հայոց պատմութիւնը տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու համար մղուած իրերայաջորդ պայքարի պատմութիւն է: Հայու հաւաքական նկարագրին վրայ դաջուած է մաքառումի կնիքը:
Նոր ժամանակներուն հայութեան դարաւոր պայքարներու եւ արդարութեան կանչին որպէս արձագանգ, ծնունդ առաւ Դաշնակցութիւնը եւ պոռթկաց մեր ժողովուրդի հարազատ հագագէն՝ հայութեան կրած տառապանքին եւ ապրած անիրաութեան վերջ տալու վճռականութեամբ: Երբ Արեւմտահայաստանը կը հիւծէր օսմանեան բռնապետութեան տակ, երբ բռնութիւն, զրկանք, թալան, մարդկային իրաւունքներու աղաղակող ոտնահարում, կեղեքում, հալածանք եւ կոտորածներ տեղի կ’ունենային պապենական հողին վրայ: Այս բոլորին ընդդէմ հայ մարդուն արժանավայել կեանք ապահովելու նպատակով, հայրենատիրութեան եւ ազգի մարդկային ու ազգային իրաւունքները վերականգնելու համար ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒԻ ԴՐՕՇԸ պարզեց Դաշնակցութիւնը:
Հայ ժողովուրդի հարազատ ձուլարաններուն մէջ ջրդեղուեցաւ Դաշնակցութիւնը: Ան յետագային բանաձեւեց եւ դարբնեց մեր ազգային տեսլականը՝ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան գերագոյն նպատակը, որուն հանգրուանային իրականացման եւ աստիճանական կերտման կը հաւատանք՝ գործելաոճային այլազանութեամբ եւ առարկայական ու ենթակայական պայմաններու փոխկապակցուած համադրման պատմափիլիսոփայական մեր ընբռնման գործնականացմամբ:
Հայ առաջադէմ երիտասարդութեան փայլուն ներկայացուցիչները եղան այս կազմակերպութեան մտքի, խիղճի եւ կամքի ռահվիրաները: Հայ երիտասարդ սերունդներ եկան եւ կու գան Դաշնակցութեան հայրենասիրութեան եւ արդարութեան մղումով:
Ներկայիս միջազգային եւ տարածաշրջանային յարափոփոխ պայմաններու ականատես ենք եւ յայտնուած ենք քաղաքական յորձանուտի մէջ: Ունինք ապազգային եւ ապաշնորհ քաղաքական ուղեգիծ առաջ տանող իշխանութիւններ, որոնց մեղսակցութեամբ եւ խաղաղութեան քօղով շղարշուած՝ մեր զոյգ պետութիւնները կ’աքսորուին ստրկութեան եւ գերեվարութեան մահացու ճիրաններ:
Տակաւին բաբախուն է Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն յիշատակը: Իսկ հայրենի հողը, հայկեան ցեղի հազարաւոր մատղաշ զինուորներու մասունքները քնքշօրէն իր մէջ պարուրած ըլլալով՝ արիւն կը բուրէ: Վրէժ կը մռնչեն Եռաբլուրն ու Արցախի Եղբայրական պանթէոնը:
Արիաբար նահատակուած պայծառ երիտասարդներուն հասակակիցները խարխափումներու մէջ են: Ստուար մաս մը՝ աչքաթող ըրած ազգային գոյատեւման պայքարը, անհատական բարօրութեան խաբկանքին տրուած է եւ ցնորաբար կը մտածէ, որ զերծ մնալով քաղաքական գործընթացներէն եւ անոր ազդեցութիւններէն՝ կրնայ անձնական կեանքը շենցնել: Այլ հատուած մը լճացման եւ այլասերման զոհ դարձած է: Անտարբերութիւնը իր մէջ կը կլանէ դեռատի հոգիներ: Իսկ ներկայ աշխարհաքաղաքական անկայուն վիճակը եւ ապաքաղաքական հոսանքները երիտասարդներու դերակատարութիւնը կը չէզոքացնեն եւ զանոնք կը մեկուսացնեն հանրային կեանքէն:
Առաջնային է հայ երիտասարդութեան մօտ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԵՍԱԼԱԿԱՆԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ: Իրականանալի՛ հայկական տեսլական, որ հիմնուած է ազգային անվտանգութեան հաստատման սկզբունքին վրայ, թէկուզ դժուարանցելի եւ դաժան, բայց ելքի միակ ճանապարհը՝ ապահովելու համար ամբողջական հայութեան բարօրութիւնը Հայկական լեռնաշխարհին վրայ:
Ներկայ ծանրագոյն մարտահրաւէրները յաղթահարելու սկիզբը համահայկական ուժերու համախմբման եւ գործի դնելուն մէջ է: Իսկ մեր կուսակցութեան համար միշտ ալ ուժի հիմնական աղբիւրը եղած է ու է հայ երիտասարդութիւնը, այդ շարքում՝ ուսանողութիւնը:
Ինչպիսի՞ յատկանիշներու տէր երիտասարդն է, որ Դաշնակցութեան պիտի միանայ ի խնդիր հայկական տեսլականին:
Այն երիտասարդը, որ հաւաքական նպատակի հաւատացող է՝ ծառայութեան ճամբով, անհատական զոհողութեամբ, միեւնոյն ժամանակ ինքնակերտման մշտնջենական ձգտումով, արդարութիւնը ամէուրեք եւ բոլորին համար հաւասարապէս պատկերացնող՝ նոյն ատեն վստահ ըլլալով, որ Դաշնակցութեան հետ կրնայ իր կեանքը ՇԱՀԵԿԱՆՕՐԷՆ ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼ: Կարեւորագոյն առաւելութիւնը, որ կը յայտնաբերէ Դաշնակցութեան եկող երիտասարդը, առողջ ընկերականութեան մթնոլորտի ու միջավայրի մը առկայութիւնն է, անկասկա՛ծ. եւ ուր գաղափարակից ընկերները այս արժէքային իւրայատուկ եւ գործուն համակարգին կրողները ըլլալով՝ անոր համն ու հոտն են:
133 տարիներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը երիտասարդ մնացած է: Ան եզակի հայկական կազմակերպութիւններէն է, որ ունի երիտասարդական միութիւններ երկու տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ: Երբ կազմակերպութիւն մը գործունեայ է, անոր մէջ երիտասարդութեան հոսքը անպակաս է: Իսկ գործը Դաշնակցութեան մէջ նոյնացած է ծառայութեան հետ:
Աւելի՛ն, Դաշնակցութեան ժամանակակից մնալուն գաղտնիքն անոր ճկունութեան մէջ է, առաւելաբար եւ բացարձակապէս անոր յեղափոխական տեսակին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր առաջադէմ աշխարհայեացքին եւ ներքին ժողովրդավարութեան: Այսպիսով՝ հոն շարունակական բնոյթ կը ստանան մարդու աճն ու զարգացումը: Ճիշդ է, որ հաւաքական իտէալն է գլխաւոր մտասեւեռումը, բայց Դաշնակցութիւնը հաւատացողն է, որ առանց անհատի ազատագրութեան եւ ինքնակերտման՝ անիրականանալի է հաւաքական որեւէ ձգտում:
Ուստի, Դաշնակցութեան ծրագրի կեանքի կոչման ճանապարհին Հ.Յ.Դ. գաղափարական հիմնասիւներու միախառն եւ հաւասարազօր ներգործութիւնը ունի էական նշանակութիւն:
Ինչո՞ւ վերոնշեալ յատկանիշներով երիտասարդը պիտի միանայ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան:
Դաշնակցութիւնը մարդակեդրոն եւ ժողովրդավար կազմակերպութիւն է՝ միաժամանակ ըլլալով մարդակերտման գաղափարական հոսանք:
Այս հաստատումին միս եւ ոսկոր տալու համար մէջբերենք հետեւեալ փաստարկները:
– Դաշնակցական ըլլալու համար, ըստ կանոնագրի, շարք մը այլ պահանջներու հետ առաջնահերթաբար կը դրուի թեկնածուին բարոյական նկարագրի տէր ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Եզակի է այս պահանջը բաղդատաբար այլ կուսակցութիւններու: Այլ քաղաքական կուսակցութիւններու համար կրնայ այս մէկը բնաւ պահանջ չըլլալ: Ինչո՞ւ դրուած է այս պահանջը Դաշնակցութեան պարագային: Որովհետեւ բարոյական նկարագրի տէր երիտասարդ տարրն է, որ առաւելագոյնս ընդունակ է գաղափարականանալու, ո՛չ պարտադրուած, այլեւ ինքնակա՛մ: Գաղափարական անհատն է, որ իր մտքի հորիզոնի ընդլայնումով յեղափոխական մտածելակերպ եւ գործելաոճ որդեգրելու կենսունակութիւնը ձեռք կը բերէ:
– Դաշնակցական նկարագրի յատկանշական գիծերը կառուցուած են հիմնադիր սերունդի եւ անոր յաջորդող անձնուէր դէմքերու ամրակուռ եւ վարակիչ անհատական օրինակներուն վրայ: Դաշնակցականի հաւաքական կերպարը կը ներկայանայ բազում բարոյական յատկանիշներով. անկեղծութիւն, քաջութիւն, ընկերասիրութիւն, արդարամտութիւն, կարգապահութիւն եւ այլն: Իսկ իւրաքանչիւրին համար կարելի է յիշել ֆիտայական դիւցազներգութենէն տիպար մը: Նման բարոյական յատկանիշներ կրող ըլլալու հանգամանքով ալ կը պայմանաւորուի դաշնակցական տեսակի ինքնակատարելագործման ձգտումը՝ ըստ Սարգիս Զէյթլեանի: Եւ քանի որ որեւէ անդամ միանգամայն չի կրնար ըլլալ Ռոստոմի պէս կամքի տէր, Նիկոլ Դումանի չափ կարգապահ, Լիզպոնի տղոց չափ անձնուէր ու պատրաստակամ եւ կամ անանուն, անհամար հերոսներու նման համեստ, ուստի, ըստ Հրաչ Տասնապետեանի՝ ամէն օր աւելի դաշնակցականանալուն մէջ կը կայանայ դաշնակցական մարդու, առաջին հերթին երիտասարդ դաշնակցականի աճումն ու նկարագրային կերտուածքի զարգացումը:
– Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան հիմնական բջիջը կուսակցական խումբն է, որ կը բաղկանայ նոյն տարածքի մէջ բնակող ընկերներէ, եւ որուն ժողովները իրաւասու են որոշումներ կայացնելու:
– Դաշնակցականները «ընկեր» դիմելաձեւը կը գործածեն ոչ միայն նոյն ընկերվարական կուսակցութեան իբրեւ անդամ, այլ հաւասարապէս նոյն համոզմունքին եւ հաւատամքին ի կատարում՝ ապրելու եւ գործելու ընտրութիւնը կատարած ըլլալով:
– Դաշնակցութեան ապրելակերպին եւ մտածելակերպին ուղղութիւն տուող խարիսխներն են Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու անոր ամրակուռ կազմակերպութիւնը:
Վերոնշեալ հանգամանքները կ’ապացուցեն Դաշնակցութեան սոսկ սովորական կուսակցութենէ մը աւելին ըլլալու իրողութիւնը եւ մարդկային որակի ու քաղաքական մտքի վրայ անոր ունեցած բարձր ազդեցութիւնը:
Այն երիտասարդը, որ սովորական կենցաղայինէն անդին ունի կեանքը դիտելու եւ զայն ընկալելու լայնախոհ եւ գաղափարական հորիզոն, ինքնզինք այսպիսի հաւաքականութեան մասնիկ պիտի ուզէր տեսնել, անտարակո՛յս:
Անհնար է Դաշնակցութեան գաղափարներուն հաւատալ, անոնցմով շնչել եւ գործի լծուիլ եւ մնալ անփոփոխ: Ծառը, երբ ամուր արմատներ ունի, աճելու հրամայական ունի եւ բեղմնաւոր ըլլալու կոչուած է: Նոյնպէս եւ Դաշնակցութեան եկող երիտասարդը գաղափարապաշտ իր խառնուածքով կոչուած է արմատ նետելու մեր ժողովուրդին հարազատ եւ արդարամիտ հաւատամքին վրայ, որուն թարգմանն է Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը՝ առաջ տանելով մարդը, ազգը եւ հետեւապէս մարդկային քաղաքակրթութիւնը:
Հաստատե՛նք, առա՛նց վարանումի եւ յստակօրէ՛ն, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ երիտասարդը ազգանուէր գործի մէջ թրծելով՝ ազգային ամբողջական ազատագրումի եւ պետականակերտման կենսաւորման գործը ուժականութեամբ կ’օժտէ՝ նոր նուաճումներու արձանագրումը անխուսափելի դարձնելով:
Ցողիկ Աշըգեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու
Comments are closed.