Վաթսունամեայ երթը կը շարունակուի. Խորհրդաժողով եւ ընդունելութիւն Նուիրուած Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան 60-ամեակին
Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած էր միօրեայ խորհրդաժողով մը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս։
Խորհրդաժողովի բացման խօսքը կատարեց կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Գազանճեան, որ անդրադարձաւ կոմիտէութեան ունեցած դժուարութիւններուն ու արձանագրած յաջողութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ձեռք ձգած իրագործումներուն։ Ընկ. Գազանճեան աւելցուց, թէ «գաղութի ամբողջական ներուժը միացեալ հաւաքական ուժի վերածելու իր վճռակամութեամբ՝ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութիւնը կազմակերպական կարեւոր կռուանը կը հանդիսանայ Մոնթրէալի հայ գաղութին, այդ ճամբով ալ Գանատայի թէ Սփիւռքի հայութեան՝ ըլլա՛յ Հայ դատի հետապնդման, ըլլա՛յ հայապահպանման մարզերէն ներս, միշտ հաւատարիմ մնալով Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականին»։
Խորհրդաժողովի առաջին նիւթն էր «ՀՅԴ – ընկերվար միջազգային կառոյց եւ Գանատա», զոր ներկայացուց Ընկեր Մարիօ Նալպանտեան՝ Փոխ նախագահ Ընկերվար Միջազգայնականի։ Ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին մը, որուն ընթացքին ներկաները արտայատեցին իրենց միտքերը եւ դասախօս ընկերոջ ուղղեցին իրենց հարցումները։
Օրակարգի երկրորդ նիւթն էր «ՀՅԴ մամուլի դերը, քաղաքական հասարակութիւնը եւ հասարակական կարծիքը»։ Այս նիստի մասնակիցներն էին ընկեր Վահագն Գարագաշեան՝ վարիչ խմբագիր «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, ընկեր Գրիգոր Դերձակեան՝ գիւղատնտես-երկրաչափ եւ պատմաբան, եւ ընկեր Ռուբէն Ճանպազեան՝ խմբագիր Armenian Weekly-ի։ Այնքան հետաքրքրութիւն յառաջացնող այս նիւթը հարց-պատասխաններու ընդմէջէն մտածել տուաւ ներկաներուն, ՀՅԴ մամուլի եւ լրատուամիջոցներու գործունէութեան քաղաքական, գաղափարական ազգային ինքնութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս քաղաքական հասարակութիւնը եւ հասարակական կարծիքը առանցքային դեր կը խաղայն մասնակցային ժողովրդավարութեան, օրէնքի իշխանութեան ամրապնդման, որոշումներու կայացման մակարդակի վրայ հասարակական տարբեր շերտերու շահերը ներկայացնելու մէջ։
Դադարէ մը ետք, օրուան վերջին նիւթը սկսաւ «Վաթսունամեայ երթը կը շարունակուի» երիտասարդական քննարկումով։ Սոյն նիստին ներկայացումներ կատարեցին ընկերուհի Լոռի Ապրաքեան՝ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան անդամ, ընկեր տոքթ. Վաղարշ Էհրամճեան՝ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախկին ատենապետ եւ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեան՝ ատենապետ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի։ Իսկ նիստը համադրեց ընկեր տոքթ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Քննարկումին անդրադարձան մոնթրէալահայ գաղութի երիտասարդութեան կեանքին ու նուիրուածութեան, վերջին տասնամեակներուն կեանքի ու պայմաններու փոփոխութեան պատճառով երիտասարդութեան մասնակցութեան մեր ազգային կեանքէն ներս, ու ապա այսօրուան երիտասարդին բանաձեւումը կատարելէ ետք, անդրադարձ եղաւ գալիքին մասին, ուր բաղդատութիւններ պէտք չէ կատարել, այլ անհրաժեշտ է հասկնալ ժամանակներն ու եղափոխութիւնները։
Ահա թէ ինչո՛ւ այս խորհրդաժողովը։ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութիւնը հիմնուած է 3 նոյեմբեր 1956-ին, կնքահայրութեամբ ընկերներ Խոսրով Ներսէսեանի ու Միսաք Թորլաքեանի։ Դժուարին պայմաններու տակ, բազում մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով կոմիտէութիւնը առաջին հերթին ձեռնարկած է զարգացնելու Մոնթրէալի գաղութի ազգային կեանքը։ Իսկ սոյն խորհդաժողովը, պարզապէս կը ներկայացնէր մերօրեայ ազգային արժէքներու մոռացումին եւ համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ անուրանալի դերը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ յատկապէս ազգապահպանման եւ հայապահպանման գործընթացին մէջ։
Նոյն երեկոյեան, դարձեալ նուիրուած ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան 60-ամեակին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն։
Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ ի նպաստ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան աշխատանքներուն։ Սոյն ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ ընկերներ Սերգոօ Պոյաճեան եւ Պետրոս Գաբրիէլեան, որոնք հիմնադիր անդամներէն են վաթսունամեայ այս կոմիտէութեան։
ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան անդամներուն թէ իր շուրջ համախմբուած համակիրներու հաւաքական աշխատանքի արդիւնքը այսօր ակներեւ է ազգային մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ազգային-եկեղեցական կառոյցներու ամրապնդումէն մինչեւ հայակերտման մնայուն կռուաններու յառաջացումը։ Ասոր ապացոյցն է Հայ կեդրոն-վարժարան- եկեղեցի եռանկիւնին մէջ հասակ առնող հայ պատանիին ու երիտասարդին նուիրուածութիւնը Հայ Դատի աշխատաքներուն եւ նախանձախնդրութիւնը՝ հանդէպ հայութեան վարկի բարձր պահպանման։
Վաթսունամեայ ՆՈՐ երթը կը շարունակուի …։