ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ «ՈՍՏԱՅՆ 18 – ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Առցանց լոյս տեսաւ «Ոստայն 18 – Աշնանային» հատորը, որ կը կրէ նաեւ ենթատիտղոս մը՝ «Դէմքեր, յիշատակներ»։ Արդարեւ, ան նուիրուած է անձերու, որոնք «այս կամ այն ձեւով հետք մը ձգած են» հեղինակին վրայ ու բաժնուած այս աշխարհէն՝ իրմէ ալ «մաս մը տանելով իրենց հետ»։
Գիրքը կը բովանդակէ 72 յօդուածներ, որոնք «սրտի խօսքեր են, դամբանական, դրուատանք, վերյիշումներ. քիչ պարագաներու կը վերաբերին անձի մը գործին անդրադարձի մը, իսկ մէկ պարագայի միայն ուսումնասիրութիւն մըն է նուիրուած Ուիլիեմ Սարոյեանի, «որուն խորունկ ազդեցութիւնը կրած եմ փոքր տարիքէս» ինչպէս կ՚ըսէ հեղինակը իր «Ներածական»-ին մէջ։ «Գրութիւններուս կէսէն աւելին նուիրուած է ուսուցիչներու, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ի՛մ ուսուցիչներուս, նոյնպէս կէսէն աւելի՝ գրողներու, հրապարակագիրներու, որոնցմէ շատեր նաե՛ւ ուսուցիչ են եղած. Խօսած եմ արուստագէտներու մասին, որոնք նոյնպէս ընդհանրապէս ուսուցչութեամբ ալ զբաղած են։ Չմոռնանք հարազատներս՝ մայրս, հայրս, մօտիկ ընկերներ եւ հասարակական դէմքեր, որոնք նաեւ գրող ալ կրնան եղած ըլլալ», կ՚աւելցնէ Վրէժ-Արմէն նոյն տեղը։
Հատորին մէջ կան նաեւ «խոհեր ու խոկումներ, որոնք մերը կ՚ըլլան հարազատներու մեկնումէն ետք»։ Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ հեղինակը յօդուածներէն մէկուն մէջ. «Կաղանդի գիշերը երբ կը հաւաքուինք ընտանեկան սեղաններուն շուրջ եւ կը խմենք իրարու կենաց, կը յիշենք աշխարհով մէկ ցրուած մեր հարազատները, ազգականներն ու ընկերները, ուզենք կամ չուզենք կը նկատենք նաեւ բացակաները, եւ որքան ալ որ ընտանիքի նոր անդամները՝ զաւակները, հարսերն ու փեսաները, ու մանաւանդ թոռնիկները նոր խինդ ու կեանք կը բերեն մեզի, մեկնողներուն տեղը կը մնայ դատարկ, եւ պահ մը կը լեցուին մեր աչքերը, կը սեղմուին մեր կոկորդները»։ Ապա կ՚եզրակացնէ. «Այսպէս, Ոստայնիս թելերն են, որ կը փրթին հետզհետէ, ու կ՚ափսոսամ, որ մեր հեւքոտ կեանքն ու մանաւանդ մեր այս սփռումը աշխարհով մէկ զիս կը զրկէ, զրկեր է աւելի յաճախ տեսնելու, վայելելու, վայելած ըլլալու այդ սիրելի դէմքերը եւ անգամ մը եւս շնորհակալ ըլլալու իրենց՝ ինծի պարգեւած սիրոյն, գուրգուրանքին, հոգածութեան, դաստիարակութեան, հոգեկան անբա՛ւ հարստութեան համար»։
Նոյն այդ նպատակին կը ծառայէ սոյն հատորը, որ կարելի է կարդալ այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ։

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 18 – ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Վ-Ա.

Comments are closed.