ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը. ԱՄՐԱԳՐԵ՛ՆՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Յառաջիկայ Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ կը կայանան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները, որոնց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի առանձինն եւ ինքնուրոյն։
Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար անշեղ ուղեգիծ է շարունակել եւ ամրապնդել 1918 թուականի Առաջին հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդները, որոնք ձեւաւորուած եւ հիմնաւորուած էին խորհրդարանական համակարգի պայմաններով:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը կառուցուած է բարոյականութեան եւ արդարութեան չափանիշներով: Մեր աշխատանքային հորիզոնը ուղղուած է ապագային, իսկ մեր հայեացքը՝ երիտասարդութեան:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան նպատակն է կառուցել ազատ հայ քաղաքացիներու համար Հզօր եւ Արդար երկիր: Ընկերվարական իր տեսութեան հաւատարիմ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Այս ուղղութեամբ, կուսակցութիւնը կ՚առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան եւ մարդկային ընկերութեան համերաշխութեան ճամբով ապահովել հայ անհատի ու հայ ժողովուրդի անկաշկանդ ու ազատ զարգացումը, զերծ անարդարութիւններէ ու շահագործումներէ:
Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ Հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականացնել ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: Այդ պետութիւնը պէտք է ծնունդ առնէ եւ յառնի հայապատկան հողերուն վրայ՝ այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը եւ այն տարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ տեղահանուած է հայութիւնը:
Դաշնակցութեան նպատակն է նաեւ ապահովել տնտեսական աճ եւ մանաւանդ ապահովել ստեղծուած տնտեսական արդիւնքի արդար բաշխումը հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ անդամներուն միջեւ:
Հայրենակիցնե՛ր, Ապրիլի 2-ին քուէարկեցէ՛ք ազգային յանձնառութեամբ տոգորուած եւ 127-ամեայ փորձի տէր Դաշնակցութեան օգտին, եւ վստահ եղէք, որ մենք պիտի ունենանք արդար ու հզօր Հայաստան :
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ