Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Էմմանուէլ Լամպրոփուլոս հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ
5529
0
Մարտ 18-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն այցելեց Մոնթրէալի Սէն Լորան ընտրատարածքի յառաջիկայ խորհրդարանական մասնակի ընտրութիւններու Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Էմմանուէլ Լամպրոփուլոս։ Հայ Կեդրոնին մէջ Էմմանուէլ Լամպրոփուլոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբն ու Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ Գանատահայութեան հարցերուն ինչպէս նաեւ Արցախի կապուած քաղաքական զարգացումներուն։
Նշենք, որ Սէն Լորանի ընտրութիւնները պիտի կայանան Ապրիլ 3-ին։
Գանատայի հայ Դատի յանձնախումբէն հանդիպման ներկայ էին Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արփի Պալիոզեան եւ յանձնախումբի անդամ Սօսէ Պէօճէքեան եւ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբէն Յարութ Դաւիթեան։