Միասին Սատար Կանգնինք «Հայաքուէ» Օրէնսդրական Նախաձեռնութեան
Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը հաղորդագրութեամբ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը ամբողջական պաշարումի վերածելու գործողութիւնները: Առ այդ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեան «Հայաքուէ» խորագրով օրէնսդրական նախաձեռնութեան:
Նախաձեռնութեան հեղինակները կ’առաջարկեն քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարել եւ Հայաստանի անունով Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչցող պաշտօնատար անձերու համար որպէս պատիժ սահմանել բանտարկութիւնը:
Ուրեմն 21-րդ դարուն, այսպիսի աննախադէպ բարբարոսութիւն պէտք չէ անտեսուի քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւասու կառոյցներուն կողմէ: Նշելի է նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ խուսափին իրենց պատասխանատուութենէն: Արդ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը կ’ողջունէ «Հայաքուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը :
Յիշեցնենք, որ «Հայաքուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը օրէնքի փոփոխութեամբ խիստ պատիժ կը նախատեսէ Արցախի ինքնորոշումէն հրաժարելու եւ հայոց ցեղասպանութեան նշանակութիւնը նսեմացնելու համար: Վաթսունօրեայ ժամկէտին մէջ (19 Յունիսէն մինչեւ 19 Օգոստոս) պէտք է հաւաքուի 50.000 ստորագրութիւն, որպէսզի օրէնսդրական փոփոխութեան պահանջը ներկայացուի Ազգային ժողով:
«Հայաքուէ»ի ստորագրահաւաքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն մեծ տարիք ունեցող Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները: Նաեւ ՀՀ այն քաղաքացիները, որոնք նոյնականացման քարտ ունին, կրնան քուէարկել Էլեկտրոնային ձեւով:
Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմին
Comments are closed.