Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Գանատայի շրջանի 26-րդ եւ ՀՕՄ-ի 102-րդ Պատգամաւորական ժողովը
Գանատայի Շրջանի 26-րդ եւ ՀՕՄ-ի 102-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:ժամը 3:30-ին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Արժ. Տ. Եսայի Քհն. Մանուկեան ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ներկաներուն կողմէ: Ժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք աղօթք կատարուեցաւ զոհուած ազատամարտիկներուն, ինչպէս նաեւ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներու հոգւոց ի յիշատակ: Սրբազան Հայրը խօսք առնելով դրուատեց ՀՕՄ-ի անդամներուն բեղուն աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄ-ի 26-րդ Պատգամաւորական Ժողովին:
Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեան, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Աննա Պուլկարեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Նազարեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Թամար Շահինեան, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեաններկայացուցիչ Սօսի Արապեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Քամի Ունանեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչ Նորա Արուշեան:
Ներկայացուցիչները խօսք առնելով գնահատեցին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի տարած ազօգուտ գործունէութիւնը, հայրենիքի, Գանատայի, թէ սփիւռքեան գաղութներու մէջ:
Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Փալանճեանի կարգահրաւէրէն ետք առժամեայ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ ընկհ. Անի Օհանեան (Լաւալ), իսկ ատենադպիր ընկհ. Զեփիւռ Խաչատուրեան Թորոնթոյէն, որմէ ետք Իրաւասութիւններ ճշդող եռանդամ յանձնախումբը յայտարարեց, որ 54 պատգամաւորներ կը մասնակցին ժողովին, իսկ Գանատայի տասը մասնաճիւղերէն եօթն միայն ներկայ էին: Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղը, Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» եւ Համիլթընի «Արեւ» մասնաճիւղերը չէին կրցած միանալ սոյն ժողովին:
Յաջորդ օրակարգն էր մասնաճիւղերու զեկոյցը երիտասարդ անդամներ ներգրաւելու նիւթին շուրջ եւ այդ առընչութեամբ վարչութիւններու տարած աշխատանքին մասին։Ժողովականները մեծապէս տպաւորուած էին տարուած աշխատանքէն, յատկապէս ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս այժմէական գաղափարներով երիտասարդներ ներգրաւելու ջանքերէն, Արցախի, Ջաւախքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար կատարուած դրամահաւաքներու անմիջական եւ գոհացուցիչ արդիւնքներէն: ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը, իրենց առաւելագոյն ճիգը թափած էին հասնելու մեր մօտակայ եւ հեռաւոր հայրենակիցներու կարիքներուն:
Հասած էր պահը ամբողջացնելու ժողովին մնայուն դիւանը: Առաջարկուեցաւ պահել առժամեայ դիւանը եւ միաձայնութեամբ երկրորդ ատենապետ ընտրուեցաւ ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան (Թորոնթօ) եւ երկրորդ ատենադպիր՝ Վարդի Դանիէլեան (Մոնթրէալ):
Ընկհ. Աննա Պուլկարեան նշանակուեցաւ ժողովավարական կանոններու մեկնաբան: Կատարուեցան Ընտրողական, Յարաբերական թուղթեր քննող, Բանաձեւի, Հաշուեքննիչ յանձնախումբերուանդամներու ընտրութիւն: Շրջանային վարչութեան հիւրերն էին Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ ընկհ. Սեդա Թոփուզեան (Լաւալ), Նոյեմի Եաղճեան (Մոնթրէալ) եւ Զարուկ Հասըրճեան (Թորոնթօ): Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ որպէս հիւր հրաւիրուեցան ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան (Մոնթրէալ), Քրիստին Աֆարեան (Լաւալ), Ալվարդ Քէշիշեան (Թորոնթօ), Զեփիւռ Տորնա (Թորոնթօ), Գեղուհի Պաստաճեան (Թորոնթօ) եւ Սօսի Չանկրեան (Մոնթրէալ): Թղթակից նշանակուեցաւ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեան (Մոնթրէալ):
Ժողովականները ունկնդրեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան զեկոյցը, ներկայացուած ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի կողմէ, որ կ’անդրադառնար Կեդրոնական վարչութեան եւ իր միաւորներուն կողմէ տարուած հսկայական աշխատանքին՝ օգնութեան հասնելու Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ջաւախքի, պատերազմէն, աղէտներէն եւ ընկերային դաժան պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ Մօր ու Մանկան Առողջապահական կեդրոնին եւ ծննդատան, Սօսէ Մանկապարտէզներուն, Որբախնամ եւ Ուսանող ծրագիրներուն, Զինուորի տուն վերականգնողական կեդրոնին եւ ուսանողներուն: Ժողովը քննարկեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կանոնագրային փոփոխութիւնները, Համահայկական Պատգամաւորական ժողովի օրակարգը եւ կատարեց համապատասխան թելադրանքներ եւ առաջարկներ:
Պատգամաւորական ժողովը շարունակուեցաւ Շաբաթ, 1 Յուլիսին: Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ հաշուապահ ընկհ. Անի Հոթոյեան Ժոլի յաջորդաբար ներկայացուցին միամեայ տեղեկագիրները: Ժողովի մասնակցողները մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան տեղեկագիրներուն: Ժողովականները իրենց լուսաբանական հարցումներուն ստացան սպառիչ եւ գոհացուցիչ բացատրութիւններ:
Յարաբերական եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկոյցէն ետք հասեր էր ժամը ըստ էութեան գնահատանքը կատարելու այս հսկայական եւ կամաւոր աշխատանքին: Լսելէ էտք տարուած հայանպաստ, բարեսիրական եւ մարդասիրական օգտակար եւ ծաւալուն գործունէութեան մանրամասնութիւնները, ժողովականները եւ հիւրերը յոյժ գնահատեցին Շրջանային վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը: Գնահատուեցան յատկապէս որբերու խնամակալութեան աշխատանքը, մասնաճիւղերու հետ համերաշխ կապը, «Կանչ» հաղորդման ստեղծած հետաքրքրութիւնը, երեք տարուան թագաժահրի պատճառաւ ընդհատուած «Լրատու»ի վերահրատարակութիւնը, նախորդ Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերու իրագործումը, Ջաւախքի, սուրիահայութեան եւ սփիւռքեան գաղութներու անմիջական օգնութիւն հասցնելու արագ աշխատանքը, հաշուապահական ճշգրիտ ներկայացումը եւ ոչ-հայ ընկերութիւններուն հետ գործակցութիւնը: Ժողովը նաեւ բարձր գնահատեց այս բոլորին իրագործումը մէկ տարուան ժամանակաշրջանին:
Շաբաթ գիշեր Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-խրախճանքը առիթը տուաւ շրջաններէն եկած ընկերուհիներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու իրարու հետ:
Կիրակի, 2 Յուլիսի նիստը սկսաւ բանաձեւի զեկոյցի շարունակութեամբ, ապա նախահաշիւի ներկայացմամբ: Հասեր էր նաեւ պահը ընտրելու Գանատայի Շրջանի նոր վարչութիւնը: Այսպէս, Շրջանային Վարչութեան անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Լուսին Փալանճեան (Մոնթրէալ), Վալերին Յարութիւնեան (Մոնթրէալ), Արփի Սանոսեան (Մոնթրէալ), Քրիստին Աֆարեան (Լաւալ), Աստղիկ Խաշընձեան (Լաւալ), Յասմիկ Բաբիսեան (Թորոնթօ), Մարալ Միսիրեան (Թորոնթօ): Փոխ անդամներ ընտրուեցան Զեփիւռ Ասատուրեան (Մոնթրէալ), Անի Գրալեան (Մոնթրէալ), Նելլի Պարսեմեան (Լաւալ), Մարալ Յովսէփեան (Լաւալ), Զեփիւռ Տորնա (Թորոնթօ) եւ Գեղուհի Պաստաճեան (Թորոնթօ): Կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովին պատգամաւորներու ընտրութիւնը: Միաձայնութեամբ ընտրուեցան ընկհ. Աննա Պուլկարեան (Մոնթրէալ), Անի Օհանեան (Լաւալ), Արտա Շահինեան (Թորոնթօ) եւ Յասմիկ Բաբիսեան (Թորոնթօ): Իսկ փոխ անդամներ ընտրուեցան ընկհ. Զեփիւռ Ասատուրեան (Մոնթրէալ) եւ Վարդուկ Պարտագճեան (Թորոնթօ):
Չնախատեսուած հարցերու ընթացքին առիթը տրուեցաւ պատգամաւորներուն արտայայտուելու եւ փոխանցելու իրենց տպաւորութիւնները, այսպէս՝ թելադրուեցաւ Շրջանային վարչութեանՊատգամաւորական ժողովէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող պատգամաւորները հրաւիրել առցանց ժողովի մը, իմանալու համար անոնց տպաւորութիւնները:
Երեք օրուան վրայ երկարող օրակարգերու քննարկումները հասած էին իրենց աւարտին: ՀՕՄ-ուհիները ինչպէս միշտ այս անգամ եւս փորձեցին իրենց լաւագոյնը տալ ժողովին մասնակցութեամբ, ընել իրենց ազգօգուտ պարտականութիւնը, քաջ գիտնալով որ որպէս զինուորագրեալ եւ ուխտեալ հայուհիներ պէտք է շարունակեն այս սուրբ գործը եւ մանաւանդ յաջորդ սերունդին փոխանցել նուիրումի եւ կարօտեալին ու տկարին հասնելու ոգին եւ կամքը:
ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը յաջողութեամբ եւ պատուով կատարած էր իր պարտականութիւնը եւ ահա դարձեալ ոտքի կը կանգնէր, որպէս «լոյսի բանակ», շարունակելու եւ դիմակայելու նոր մարտահրաւէրներ, բարելաւելու եւ տէր կանգնելու հայ դպրոցին, հայ զինուորին, հայրենիքին, ծնողազուրկ մանուկին, պատանիին եւ հայ ուսանողին:
Ուժ, կորով եւ բարի երթ ՀՕՄ-ի բոլոր ընկերուհիներուն:
Տիրուկ Մանճիկեան
Մոնթրէալ
Comments are closed.