Միջին Արեւելքի Համաքրիստոնէական Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
3067
0
Շաբաթ, 18 Մարտին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու:
Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛աշխարհական: Յանձնախումբին նպատակը գործակցութիւն յառաջացնել է քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ:
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին նաեւ ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն ունին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ:
Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ պիտի ուղղէ սոյն համագումարին: