ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ
Պարպարա Ճի. Պէյքըր «Ուորլը Ուոչ Մոնիթըր» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թրքական կառավարութեան երկար ատենէ ի վեր սպասուած բարեփոխումներու «ժողովրդավարականացման թղթածրար»-ը Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութեանց մօտ նկատառելի յուսախաբութիւն ստեղծած են։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած բարեփոխումներու շարք մը ներկայացուց խորհրդարանական քննարկման եւ վաւերացման համար։
Թէեւ հասարակութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած մնաց քրտական հարցի լուծման, ընտրական բարեփոխման եւ պետական գրասենեակներու մէջ լաջակի կրման արգելքի վերացման վերաբերող օրէնսդրական փոփոխութեանց վրայ՝ գոյութիւն ունէին որոշ, թէեւ խորհրդանշական, կարգ մը դրական քայլեր, որոնք կը վերաբերէին երկրին ոչ իսլամ համայնքներուն։
Բայցեւայնպէս, անկասկած, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները կը սպասէին, երկրորդ կարգի քաղաքացիներու իրենց կարգավիճակը սրբագրող, աւելի շօշափելի քայլերու, առաջին հերթին՝ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Հալքի դպրեվանքի վերաբացման ու ալեւիներու իբրեւ անջատ համայնք ճանաչման։
Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակին կից հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ ոչ իսլամներու հիմնադրամներու խորհուրդի ներկայացուցիչ, յոյն ուղղափառ Լաքի Վինկաս Էրտողանի արտասանած ճառէն ետք, «Թուտէյզ Զաման»-ի յայտնեց, որ գոյութիւն ունին դրական երեւոյթներ, սակայն նաեւ կարգ մը կարեւոր քայլեր կը պակսին։ «Ռատիքալ» օրաթերթի յօդուածագիր Եդուարդ Տանզիեան իր կարգին նշեց, որ թղթածրարը իր ամբողջութեանը մէջ դրական է, սակայն ալեւիներու մասին ոչինչ կը պարունակէ։
Թուրքիոյ բնակչութեան 20 առ հարիւրը կազմող ալեւի համայնքը իբրեւ սիւննի մեծամասնութենէն անջատ համայնք չէ ճանչուած։ Այդ պատճառով ալ անոնց ճեմաւիները (աղօթատեղիները) պետական հոգատարութենէ եւ սիւննիներու բոլոր մզկիթներուն նման տուրքերէ ազատ ըլլալէ զրկուած են։ Ալեւի տետեները(կրօնական ղեկավարները) սիւննի իմամներուն նման պետնութենէն ամսականներ չեն ստանար եւ ալեւիներու հաւատքի հիմնական կէտերը չեն ներառուած բոլոր պետական վարժարաններու մէջ պարտադիր եղող կրօնական դասերուն մէջ։ Տանզիեան նաեւ կը նշէ, որ Հալքի դպրեվանքը չբանալը ոչ միայն յոյն համայնքին յուսախաբութիւն պատճառած է, այլ փոքրամասնական բոլոր խմբաւորումներուն։
Տասնամեակներու վրայ երկարող սպասումէ մը ետք, Հալքի դպրեվանքի վերաբացման տիեզերական պատրիարք Բարդողիմէոս Ա պատրիարքի եւ Թուրքիոյ փոքրաթիւ յոյս ուղղափառ համայնքի յոյսերը դարձեալ ի թերեւ ելան։
Հոկտեմբեր 2-ին, քրիստոնեաներուն իրենց կրօնաւորներուն կրթութիւն տալու արտօնութեան մերժումին մասին հարցումի մը պատասխանելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ Պրիւքսելի մէջ ըսաւ.«Մեզ Հալքի դպրեվանքը բանալու քաջալերեցէ՛ք։ Աթէնքի մէջ տակաւին մզկիթ չկայ, այդտեղ տակաւին իսլամական գերեզմանատուն չկայ…Ձեր խոստումը յարգելու ժամանակը հասած է։ Քաջալերեցէ՛ք մեզ»։
Ասոր զուգահեռ Թուրքիոյ հայ, ասորի, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն արգիլուած է իրենց կրօնաւորներուն կրթութիւն տալու համար դպրեվանքներ կամ Աստուածաշունջի սերտողութեան դպրոցներ բանալ։ Բայցեւայնպէս, ասորիներու փոքր համայնքը ողջունեց վարչապետին այն յայտարարութիւնը, թէ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող Մոր Կապրիէլ վանքին պատկանող եւ պետութեան կողմէ գրաւուած հողը պիտի վերադարձուի եկեղեցիին։ Սակայն ասորերէն «Սապրօ» օրաթերթի սեփականատէր եւ գլխաւոր խմբագիր Թումայ Չելիք արարկեց Էրտողանի այն անուղղակի ակնարկին, թէ 1700-ամեայ վանքին հողը երբեւիցէ թրքական կառավարութեան պատկանած ըլլայ։ Ան «Թուտէյզ Զաման»-ի ըսաւ, որ հողը «վերադարձնելու», կարծէս երբեւիցէ պետութեան պատկանած ըլլար, կեցուածքը սխալ էր։
Անցեալ նոյեմբերին Վերադատ Գերագոյն ատեանի մը վիճելի վճիռին ճամբով կառավարութիւնը պահպանած էր 680 հեքթար այդ հողատարածքի օրինական սեփականատիրութիւնը։ Չելիք նշեց, որ այդ վիճիռին պատճառով Անգարայի հասցէին եղած բուռն միջազգային քննադատութիւններէն ետք, այդ որոշումը շրջելու որոշումը բանաձեւուեցաւ «միջազգային ճնշումը նուազեցնելու նպատակէն մղուած»։
Էրտողան, մէկ այլ դրական քայլով մը, մասնաւորաբար կրօնական կամ ազգային հիմքով խտրական վերաբերմունքներու պատիժներու խստացումը յայտարարեց։ Սակայն ըստ քաղաքացիական հասարակութենէն կարգ մը մասնագէտներու,այդպիսի օրէնքներ նաեւ կրնան սահմանափակել ազատութիւնները. խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար այն օրէնքերուն, որոնք կրօնական հաւատալիքները թիրախ դարձնող ատելութեան խօսքերու կը վերաբերին։ Կալաթասարայ համալսարանէն ակադեմական Եամսին Իճէօղլու «Շալոմ» օրաթերթին կը յայտնէ, որ ամէնէն մեծ սխալը, որ կրնայ գործուիլ՝ այդ օրէնքները մասնաւորաբար իսլամոՖոպիայի դէմ հաստատելն է՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամոՖոպիայի ծնունդ եղող ոճիռներ տեղի չեն ունեցած, այլ՝ ոչ իսլամներու դէմ։
2013-ին թուրք քաղաքացիներ իսլամութեան հայհոյելու համար բանտարկութեան վճիռներ ստացան։ Այդ քաղաքացիներու շարքին էին, աշխարհահռչակ դաշնակահար Ֆազիլ Սայ, թրքահայ գրող եւ լեզուաբան Սեւան Նշանեան եւ «Մօր Չաթը» կիներու կազմակերպութեան հիմնադիր, փաստաբան Ճենան Արըն։
Անցեալ տարի պետութեան Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» եւ «Սի.Էն.Պի.Սի.-Ի» պատկերասփիւռի կայանները տուքանքի ենթարկեց հայհոյութիւն պատկերասփռելնուն համար՝ առաջինը հիւրընկալելուն համար հիւր մը, որ ամբաստանուեցաւ Մուհամատ մարգարէն վարկաբեկելով, իսկ երկրորդը՝ «զԱստուած ծաղրելով» ամբաստանուած ամերիկեան «Տը Սիմփսընզ» յայտագիրը սփռելուն համար։