Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
992
0
Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Թորոնթոյի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Ռուբինա» մանկամսուռ, «Պապայեան» Մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան։
Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։
Ապա, Վարժարանի աշակերտները գեղեցիկ յայտագիր մը հրամցուցին ներկաներուն։
Յայտագիրէն ետք, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ըսաւ, «մեր զաւակները ոչ միայն գիտութեամբ կը հարստանան, այլ մանաւանդ հայութեամբ կը թրծուին, հայութեամբ կը շնչեն եւ վստահ եմ, որ վաղը հայութեան համար պիտի պայքարին»։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները. անոնց հետ եղաւ դասարանին թէ բակին մէջ՝ յորդորելով հայերէն խօսիլ եւ հայօրէն ապրիլ։
«Գանատայի երկու դպրոցներուն մէջ ես տեսայ կանոնաւորութիւն, բծախնդրութիւն, նախանձախնդրութիւն եւ մանաւանդ հայու ապրող ոգի։ Ինչ որ հայ դպրոցէն ներս կը կատարուի սովորական կրթական գործ չէ, այլ՝ առաքելութիւն է։ Հայ դպրոցը ոգի է, մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Ս. Օծութիւնը գնահատեց հայ ծնողները, ուսուցիչները ու բարերարները, որոնց գերագոյն զոհողութեամբ է որ կը պահուի հայ դպրոցը։
Comments are closed.