Պատի՛ւս Արժանաւորաց. Ֆրեզնոյի մէջ Մուսալեռն խորհրդանշող յուշարձան

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ուրախութեան անխառն զգացումներով եւ խանդավառութեամբ հեռաւոր Թորոնթոյի բնակավայրէս անձկագին կը հետեւէի Ֆրեզնօ քաղաքի Մուսալեռ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան վաղեմի ընկերներուս յուշարձան մը կառուցելու խանդավառ ծրագրին:

Ի խորոց սրտի երախտագիտութիւն կը յայտնեմ եւ սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ վաղեմի ընկերներ, որ բարի եւ երախտարժան մտածումն ու ծրագիրը ունեցաք մարմնաւորելու մուսալեռցիներուս յաղթանակի եւ փրկութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Մուսա լեռան Տամլաճքի պատմական յուշարձանին կրկնօրինակը կառուցելու՝ վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թեհլիրեանի Ֆրեզնոյի յուշակոթողին հանդիպակաց տարածքին վրայ:

Կը հաւատամ, որ լուսաւորչասլաց գմբէթներով յաղթանակ եւ ազատութիւն   մարմնաւորող Մուսա լեռան կրկնօրինակ յուշարձանը, մերձաւորութեամբ վրէժ խորհրդանշող Սողմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին, անդուլ եւ անդադար պիտի պատգամեն մեր նորահաս սերունդներուն, թէ համազգային մեր պահանջատիրութիւնը տկարութիւն չի ճանչնար։ Արեան կանչը չի խեղդուիր մեր հոգիներուն մէջ, մեր պահանջատիրութեան մէջ ոչ մէկ ընկրկում ու նահանջ կայ, յստակ է մեր արդար պահանջքը ու անտեղիտալի՝ «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում՝ ամբողջական եւ արդար իրաւունքներու հատուցում» նշանաբանով: Այս է՛ եւ պիտի մնայ մեր գալիք սերունդներու եւ համայն հայութեան կարգախօսը բոլոր ճակատներու վրայ:

Այո՛, Ֆրեզնոյի մէջ կառուցուած Տամլաճքի կրկնօրինակ յուշարձանը կոչուած է ո՛չ միայն պանծացնելու հերոսամարտին ընթացքին իրենց կեանքը ընծայաբերած մեր 18 հերոս նահատակներուն յիշատակը, այլ աշխարհով մէկ ցրուած մուսալեռցիներուս եւ նորահաս սերունդներուն համար ան պիտի ըլլայ նոր ուխտավայր մը՝ Հայաստանի Մուսա լեռ աւանի, Լիբանանի Այնճար հայաւանի եւ Գանատայի Քէյմպրիճ քաղաքի յաղթանակի յուշակոթողներուն կողքին:

Արդ, Մուսա լեռան հերոսածին ժողովուրդի զաւակներս արդարօրէն մեր հայեացքը պարտինք ուղղել նաեւ դէպի Ֆրեզնոյի նորակերտ յուշարձանին, ուր վերստին կեանքի պիտի կոչուի իւրաքանչիւրիս գոյութեան մէկ անքակտելի շղթան:

Մուսա լեռան հերոսածին զաւակներու յաղթանակած ու պայծառ ոգին մարմնաւորող պատկառելի Տամլաճքի կրկնօրինակ յուշակոթողի հիմնաքարին մէջ դուք յուզումնախառն զգացումներով, ակնածանքով եւ պատշաճ հանդիսութեամբ տեղադրեցիք նաեւ Մուսա լեռան 18 սրբացած հերոս նահատակներուն անարատ աճիւնները՝ բերուած մեր բնօրրան Տամլաճքէն: Յարգա՜նք անոնց անմեռ յիշատակին:

Սիրելի՛ ընթերցող, նուիրական նկատելով այս եզակի առիթը՝ Ֆրեզնոյի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ եղող նոր յուշարձանին բարոյապէս եւ նիւթապէս նպաստելու համար կը դիմեմ նաեւ իւրաքանչիւրիդ, այն խոր համոզումով, որ Մուսա լեռան 18 սրբացած նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու գիտակցութեամբ՝ «քար մըն ալ ես դրի» հոգեկան բաւարարութեամբ մասնակից դառնաք այս նախաձեռնութեան, պատուով իր աւարտին հասցնելու պանծալի այս գործը:

Ֆրեզնոյի անգին տղաք ու աղջիկներ, Մուսա լեռան հերոսամարտը այսօր 108 տարիներու հեռաւորութիւն մը արդէն արձանագրած է եւ դուք հպարտութեամբ կը կառուցէք այս փառահեղ յուշարձանը, դուք կը յիշէք Մուսա լեռը ոչ միայն անցեալը պանծացնելու համար, այլեւ դէպի ապագայ մեր երթը պատուով եւ արժանավայել շարունակելու եւ հայրենանուէր կեանք ապահովելու մեր նորահաս սերունդներուն։

Ֆրեզնօ քաղաքի Մուսալեռ Հայրենակցական Միութեան վարչական ընկերուհիներ եւ ընկերներ, դուք մեր նախնիներուն հետ ապրեցաք անցեալը եւ զայն անբաժան մէկ մասնիկը դարձուցիք ներկային: Խոնարհումս ձեզի՝ համագիւղացի արիւնակիցներ:

Պատի՛ւս արժանաւորաց:

Comments are closed.