Վարչապետ Տակ Ֆորտի եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ Թորոնթոյի մէջ յիշատակուեցաւ Մայիս ամիսը որպէս Հայկական Ժառանգութեան ամիս
Օնթարիո նահանգի խորհրդարանէն ներս, Երկուշաբթի, 29 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Մայիս ամսուան յիշատակում, որպէս «Հայկական Ժառանգութեան ամիս»:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ էին Օնթարիո նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ, նախարարաներ, երեսփոխաններ, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան ազնուազարմ տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Թորոնթոյի հայ համայնքի կրօնական, քաղաքապետական առաջնորդներ, Միսիսոկա, Գեմպրիճ, եւ Սենթ Գաթրինզ շրջաններու հայ գաղութի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն։
Սրահին մէկ բաժինը յարդարուած էր Հայաստանը խորհրդանշող նուռերով, խաչքարերով եւ պատկերներով, իսկ միւս մասը՝ գեղեցիկ կարկանդակով, հայկական գինիով, քոնեակով եւ համադամ ճաշերով։
Բացման խօսք արտասանեց օրդ. Մեղրի Հաճինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ 105-րդ օրինագիծը իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ որպէս «Հայկական Ժառանգութեան ամիս», որ առաջարկուած էր Օնթարիո նահանգի խորհրդարանի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի կողմէ: Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը Գանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունեց նման օրէնք՝ յարգելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Օնթարիոյի մէջ բնակող հայերուն, իրենց գործուն ներդրումին եւ բարի աւանդին համար գանատական հասարակական կեանքէն ներս:
Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ֆորտին եւ նախարարներուն, իրենց միաձայն աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար։
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Տակ Ֆորտ եւ բարձր գնահատեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանի աշխատանքը խորհրդարանէն ներս եւ հայ ժողովուրդին համար։ Իր կարգին Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան շնորհաւորեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին եւ Օնթարիո Նահանգին, որ որդեգրեց սոյն առաջարկութիւնը։ Ան նշեց, որ հայերը այս նահանգի անբաժանելի մասնիկն են եւ հակառակ անոր որ մայրենի հողէն հազարաւոր մղոններ հեռու են, յաջողած են պահպանել իրենց մշակոյթն ու աւանդները։
Խօսքի աւարտին երեսփոխան Արիս Պապիկեան հրաւիրեց վարչապետ Տակ Ֆորտը, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանն ու պատուոյ հիւրերը հատելու 105-ամեակին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ «Սասուն» պարախումբը՝ ներկայացնելով հայկական գեղեցիկ պարեր։
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ այլազան բազմամշակութային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ՝ յոյն, չինացի, ասորի, հրեայ, ղպտի, թամիլ, Գլտան եւ ասիրեան:
Այս առթիւ երեսփոխան Պապիկեան պատրաստած էր գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէ հայ ժողովուրդին գաղթի ընթացքը դէպի Գանատա եւ հաստատուիլը Օնթարիո նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ հայերուն նշանակալի ներդրումը նահանգիս ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական, քաղաքական, արուեստի, գիտական եւ գրական ասպարէզներէն ներս։ Աւելին՝ Օնթարիոյի հայ համայնքին մասնակցութիւնը Առաջին եւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմերուն Գանատայի բանակին կողքին։
Նոյնպէս գրքոյկը կը պարփակէ Գանատայի մարդկային օժանդակութիւնը ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ժողովուրդին, իրենց պատմութեան ամենամութ ժամանակահատուածին, նաեւ «ՃորՃթաուն»ի տղոց: Նոյնպէս տեղ գտած է գրքոյկին մէջ դաշնակցային եւ նահանգային օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու կողմէ հայերուն ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Ձեռնարկի աւարտին երեսփոխան Արիս Պապիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքին եւ յաջողութեան։
Պէթթի Տողրամաճեան
Comments are closed.