Համազգայինի Գրասէրներու խմբակը Գեմպրիճի մէջ Միսաք Մեծարենցի մահուան 115-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով մը հանդէս եկաւ
800
0
Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի Փոսթաճեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքը, նուիրուած՝ Միսաք Մեծարենցի մահուան 115-ամեակին:
Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը ընթացք առած է 2012-ին, Թորոնթոյի մէջ, եւ առաջին անգամ ըլալով կը հիւրընկալուէր Գեմպրիճի մէջ։ Խմբակէն ութը երիտասարդներու կարգին էին Գանատայի մէջ հասակ նետածներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն վերջին տասնամեակին Թորոնթօ հաստատուածներ: Զիրենք կը միացնէ հայ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու սէրը: Օրուան հանդիսավար տոքթ. Գրիգոր Ճիւելէկեան ողջունեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց յայտագրի մասնակիցներուն:
Յայտագիրը մէջընդմէջ վարեցին Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի անդամներէն Նարեկ Գարամարտեանն ու Կապրիէլլա Պաթիկեանը, միաժամանակ ներկայացնելով Մեծարենցի կենսագրութիւնը, գործերէն ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ իր ստեղծագործութեան մասին մէջբերումներ՝ Յակոբ Օշականէն եւ Վեհանոյշ Թեքեանէն։ Նարեկ ներկայացուց բժ. Օֆէլիա Ներկարարեան Գասապեանի ուղղուած նամակներէն մին, իսկ Կապրիէլլա՝ իր արձակ բանաստեղծութիւններէն «Ցայգանուագ»ը ։
Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին Մեծարենցի կենդանութեան լոյս ընծայուած «Բաբախումներ», «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր» հատորներէն բանաստեղծութիւններ։ Պատանի Ժպիտ Քէշիշեան «Բաբախումներ»էն ասմունքեց «Նոր տարին», «Ծիածան» հատորէն «Աքասիաներու շուքին տակ» բանաստեղծութիւնը լսեցինք Շանթ Տէօքմէճեանի մեկնաբանութեամբ, «Սիրերգ»ը երգեց Լիլիթ Նաճարեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հրակ Գարամարտեանի, «Նոր տաղեր» հատորէն «Անդարձ»ը ասմունքեց Ալիք Պապօղլեան, «Իրիկունը»՝ Լոռի Պէրպէրեան, «Վայրկեան»ը՝ Շանթ Տէօքմէճեան: Յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Արդի մարդուն հայր մերը» (Տուր ինծի Տէր) քերթուածով, Աննա Մարիա Մուպայէտի մեկնաբանութեամբ։
Աւարտին իր սրտին խօսքը փոխանցեց տեղւոյն Ս. Նշան եկեղեցոյ հովիւ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, բարձր գնահատելով Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու նախաձեռնութիւնը եւ յատկապէս Մեծարենցի մասին երիտասարդ գրասէրներուն ներկայացումը։ Ան զուգահեռ մը գծեց Մեծարենցի եւ երիտասարդ մասնակիցներուն միջեւ, նկատելով որ հեղինակը տակաւին պատանի էր, երբ մուտք գործեց հայ բանաստեղծութեան աշխարհը։ Յառաջիկային նման հաւաքներ շարունակելու տրամադրութեամբ եւ շնորհաւորանքներով վերջ գտաւ ձեռնարկը։
Վիգէն Գէորգեան
Comments are closed.