ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
- (0)

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս:
Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ուրբաթ, 28 ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը:
Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան քննարկումներ.-
«ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան:

«ՀՄԸՄ-ի կառուցային, կազմակերպական, դաստիարակչական, քարոզչական մօտեցումները որքանո՞վ կը պատշաճին մերօրեայ երիտասարդութեան ակնկալութեան»` ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան:
Երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը յատկացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ծրագիրներու ներկայացման, արժեւորման ու քննարկման: Կատարուեցան աշխատանիստեր եւ ընդհանուր նիստեր: Նիւթերը ներկայացուցին.
«ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական գործունէութեան շրջագիծը. քննարկում երիտասարդական ուղեգիծի»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան:
«ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ուղեգիծը եւ նոր գործադաշտերու կարելիութիւնները»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան:
Յայտնենք, որ համագումարին երկրորդ օրը, մասնակիցներուն այցելեց եւ Կիպրոսի ու Կիպրոսի հայութեան մասին պատմական եւ այժմէական տեղեկութիւններ ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան:
Աւարտին, համագումարին մասնակիցները ընտրեցին իրենց ներկայացուցիչները, որոնք երիտասարդութեան առաջարկները, ակնկալութիւնները եւ սպասումները պիտի փոխանցեն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Ժ. Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Համագումարին ներկայացուցիչները Ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնով:
Կիպրոսի Նահատակաց
Դամբարան Այցելութիւն

Վարդգէս Մահտեսեանի
Պարգեւատրում

Ազգային Առաջնորդարան
Եւ Եղեռնի Նահատակաց
Յուշարձան Այցելութիւն

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը եւ համագումարին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը: Համագումարի մասնակիցներուն կողմէ արտասանուեցաւ ոգեկոչական խօսք: